Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ծրագիր մը, որ շատ կը սիրէք եւ անոր իրագործումը կը սպասէք, լաւ ճամբու վրայ է. շուտով պիտի հասնիք ձեր նպատակին: Օրը հիանալի է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ճիշդ ժամանակին գործի անցէք, որպէսզի ուշի չմնաք: Անիմաստ է ժամանակը կորսնցնելէ ետք վազել` նպատակին հասնելու համար: Ճշդապահ եղէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր գիտելիքները եւ ձեր մշակոյթը պիտի խառնէք ուրիշ մշակոյթի: Այսպիսով, պիտի կարենաք հարստացնել ձեր գիտութիւնը եւ ձեր մշակոյթը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեզի պիտի ներկայացուի արմատական փոփոխութիւն մը` ձեր գործին վերաբերեալ: Այս փոփոխութիւնը կը վերաբերի ձեր ապագային, ինչ որ կը վախցնէ ձեզ, բայց ձեր բախտին աստղերը պիտի պաշտպանեն ձեզ, մի՛ վախնաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լուրջի առէք այն անձերը, որոնք ձեր դիմացն են եւ ձեզի հետ կ՛աշխատին: Իւրաքանչիւր անձ ունի իր արժէքը, ինքնահաւան մի՛ մնաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պահ մը հեռու մնացէք հեւքոտ, ճնշող մթնոլորտէ եւ անձերէ: Կրնաք ատեն մը առանձնանալ, բայց ետքը` վերսկսիլ ձեր բնական կեանքին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Վերջերս ձգած էիք մարզանքը, բայց հիմա վերսկսած էք: Եթէ քիչ մը յոգնութիւն զգաք, մի՛ մտահոգուիք: Կիսատ մի՛ թողուք մարզանքը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ապագային վերաբերեալ ճիշդ ծրագիրներ եւ հարցումներ ունեցէք, եթէ կարիքը զգաք: Բախտը մի՛ հետապնդէք, ան կու գայ ինքնաբերաբար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ծնողք էք, ձեր զաւակները ձեզ պիտի յուսադրեն եւ ուրախացնեն: Եթէ ամուրի էք, պիտի կարենաք լեզու գտնել ձեր շուրջիններուն հետ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր օրը ուրախ պիտի անցնի, որովհետեւ պիտի ստանաք նուէր մը, որ ձեր սրտին պիտի խօսի: Այս նորութիւնը ցոյց պիտի տայ նուիրատուին բարի եւ զգայուն տրամադրութիւնը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օրը շատ յաջող պիտի ըլլայ ձեր ասպարէզի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ ձեր զգացական կեանքին: Սիրալիր յարաբերութիւն պիտի ունենաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր առողջական վիճակը ընդհանրապէս դրական է: Մտիկ ըրէք ձեր բժիշկին խրատները: Ուշադիր եղէք ձեր սնունդին եւ քունին, որոնք կարեւոր են:

