50 Տարի Առաջ (23 Ապրիլ 1964)

Թատերական

«Ժողովուրդի Թշնամին»

– Գիտե՞ս, Եոհաննա՛, նոր գիւտ մը ըրի:

– Նորէ՞ն:

– Զօրաւոր մարդը այն է, որ մինակն է»:

Տոքթ. Շթոքմանի այս խորիմաստ խօսքերուն վրայ իջաւ վարագոյրը, անցեալ շաբաթ գիշեր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, ուր հաւաքուած էր ընտիր բազմութիւն մը` վայելելու համար Հենրիք Իփսենի «Ժողովուրդի թշնամին», բեմադրութեամբ Ժորժ Սարգիսեանի:

«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, միաձոյլ ամբողջութեամբ մը ու ինքնավստահ` «Ժողովուրդի թշնամին» փիէսով անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու թատերական արուեստին հանդէպ ունեցած իր բծախնդրութիւնը, թէեւ իր ուղեգիծը կը թուի ըլլալ «Հայ թատրոնը ի սպաս հայ ժողովուրդին», թատրոն մը սակայն, որ չմեղանչէ արուեստի հիմնական պայմաններուն դէմ:

Հենրիք Իփսենի «Ժողովուրդի թշնամին» մտաւորական ընտրանիին կը խօսի առաւելաբար, քան` ժողովրդային լայն զանգուածներու, առանց սակայն բարդ ու անհրապոյր թատրերգութիւն մը ըլլալու նաեւ ա՛յդ դասակարգի հանդիսականներու համար:

Տոքթ. Շթոքման անհատապաշտ փիլիսոփայութեան ներկայացուցիչն է, ժողովրդավարական ըմբռնումներու հակաժողովրդային հետեւանքները ընդգծող մարդը, որուն համար «ջախջախիչ եւ միաձոյլ մեծամասնութիւնը» միշտ փոփոխական է եւ կրնայ անդարմանելի սխալներու մէջ իջնել, մինչ «ճշմարտութեան որոնումը քանի մը մարդոց գործն է», անոնց, «որոնք պիտի փրկեն աշխարհը», ինչպէս կ՛ըսէր Անտրէ Ժիտ:

Շթոքմանի կերպարով, Ժորժ Սարգիսեան թատերական իր արուեստին լրումին հասած դերասանի մը արժանիքներով ներկայացաւ մեզի: Որքա՜ն տիրական էր իր ներկայութիւնը բեմին վրայ, ուր կ՛իշխէր փորձառու եւ իր կարողութիւններուն լրիւ գիտակցութիւնն ունեցող արուեստագէտի մը ամբողջ ծանրութեամբ: Տոքթ. Շթոքմանի հոգեվիճակին ամէնէն նրբին երեսները չէին խուսափած իր խորազնին ուշադրութենէն` ընդվզումի մղելով հանդիսատեսը, որ կեղծիքի եւ սուտի բոլոր ասպետներուն դէմ մինակը ծառացած է գերագոյն միամտութեամբ մը:

Պարզութիւնը` իր խաղին, անպաճոյճ երեւումը` բեմին վրայ, Ժորժ Սարգիսեանի կ՛ընծայեն յաջողութեան բանալիները, եւ մասնաւորաբար` ա՛յս թատրերգութեան մէջ, ուր այնքան բազմաթիւ էին առիթները` իյնալու ծիծաղելի կացութիւններու մէջ:

Քաղաքապետ` մազերէն մինչեւ եղունգին ծայրը: Սխալած չենք ըլլար, եթէ այս գնահատանքը ընենք Ժորժ Շահապեանին` «եղբայրը» Ժորժ Սարգիսեանի, բայց այնքան հակադիր ըմբռնումներով եւ պետական մարդու կեղծիքով ու շահադիտական նպատակներով:

Ժորժ Շահապեան, որ ապահով ուժ մըն է Համազգայինի թատերասէրներուն համար, վստահաբար շատ աւելի կը շահի, եթէ քիչ մը աւելի համոզում դնէ իր խաղին մէջ:

Եոհաննա, տոքթ. Շթոքմանի կինը, որ կը կրէ տոքթ. Շթոքմանի անել պայքարին բոլոր զրկանքները, հարազատօրէն տրուեցաւ Զեփիւռ Շանթի կողմէ, զուսպ եւ իրապաշտ խաղարկութեամբ մը:

Հովստաթ քիչ մը շատ «Ժէօնփրըմիէ» էր` իբրեւ լրագրող: Այսուհանդերձ, Ռազմիկ Լիպարիտեան զգալի յառաջդիմութեան մը մէջ է եւ, այս պարագային, իր կերպարը կրցաւ տալ նուրբ խաղարկութեամբ մը:

Արշալոյս Պոյաճեան (Փեթրա) պարզամիտ ու առաքինի աղջկայ մը դերին մէջ բերաւ անվիճելի նպաստը իր հաւասարակշռուած խաղարկութեան, ուր բնականութիւնը ապահովաբար կը հանդիսանար իր արժանիքներուն նուազագոյնը:

Տպարանատէր Թոմսըն (Կարօ Խաչատուրեան)` «չափաւորական» քաղաքացին, ստրուկի հոգեբանութեամբ ծեր մարդը, տրուեցաւ առաւելագոյն հարազատութեամբ:

Գալուստ Ճանսըզեան (Օրզէ)` բարդ խառնուածքով ծերուկը, շատ բնական խաղարկութիւն մը ցոյց տուաւ, Թատերասէրներու բեմին վրայ իր առաջին երեւումով: Ահաւասիկ երիտասարդ մը, որ մասնաւոր ուշադրութեան կը կարօտի:

Լրագրող Պիլինկ (Նուպար Մանուկեան) եւ նաւապետ Հոլոսթեր (Դաւիթ Պոյաճեան) մնացին ընդհանուր մթնոլորտին մէջ, երկրորդական, բայց ուսումնասիրուած դերակատարութեամբ մը:

Դիմայարդարումները` կատարուած Սարգիս Սարգիսեանի եւ Կայծակ Գնդունիի կողմէ, շատ յաջող էին: Բեմայարդարումը պատրաստած էին Տիգրան Շիրինեան եւ Գառնիկ Գազանճեան:

Բոլորն ալ` դերակատար ու բեմավար, առաւելագոյն չափով նպաստեցին «Ժողովուրդի թշնամի»-ի յաջողութեան` տալով վկայութիւնը այն անխառն սիրոյն, որ Թատերասէրները ունին հայ թատրոնին հանդէպ, որուն նուիրեալ սպասարկուներն են:

Տ. ՈՍԿՈՒՆԻ

Հեղինակ` ՀԵՆՐԻՔ ԻՓՍԵՆ
Բեմադրիչ` ԺՈՐԺ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES