«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայ Մամուլին Դէմ Բացուած Դատին` Մեծաթիւ Հայեր Եւ Քաղաքական Անձնաւորութիւններ Հետեւեցան Դատավարութեան

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան կողմէ «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի դէմ բացուած դատը լայն արձագանգ գտաւ: Հայկական եւ լիբանանեան շրջանակներ մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան դատավարութեան ընթացքին, իսկ լիբանանեան թերթեր հայութեան ի նպաստ համակրական արտայայտութիւններ արձանագրեցին: Քսանէ աւելի հայ եւ արաբ իրաւաբաններ ներկայ եղան դատավարութեան: Փաստաբաններ Մոհսէն Սլիմ, Հրաչեայ Շամլեան, Ֆուատ Պութրոս եւ Ֆուատ Ղազի փաստացի կերպով պարզեցին դատին էութիւնը եւ ծանրացան ցեղասպանութեան վրայ, որ անպատիժ կը մնայ:

***

DSC09337Դատավարութեան առաջին նիստը բացուեցաւ չորեքշաբթի, 20 մայիս 1970-ին:

Ազատ մամուլին երկու անդամներուն` «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի դէմ բացուած դատը իրը նկատելով, լիբանանահայութիւնը, ժամը 8:00-էն սկսեալ փոքր ու մեծ խումբերով, հեղեղի պէս հոսեցաւ արդարութեան պալատ, ուր տեղի պիտի ունենար դատավարութիւնը:

Արդարութեան պալատը նման ծովածաւալ բազմութիւն տեսած չէր: Պալատին բոլոր լայնարձակ սրահները, գետնայարկի գլխաւոր սրահը, աստիճանները, բակը եւ առջեւի պողոտան կը յորդէին աւելի քան 20,000 հայերով, որոնք, մեծ ու պզտիկ, երիտասարդ թէ ծեր, այր թէ կին, ներկայ էին թիկունք կանգնելու իրենց արդար պահանջներուն հարազատ արտայայտիչը հանդիսացող հայ մամուլին:

Քաղաքին մէջ արդէն, բոլորովին ինքնաբուխ, շատեր փակած էին իրենց խանութները: Ամբողջովին փակ էին Պուրճ Համուտ, Խալիլ Պետեւի, Հաճըն թաղամասերու շուկաները, ինչպէս նաեւ ոսկերիչներու շուկան:

Երկրորդական բոլոր վարժարաններու վերի կարգերու աշակերտ-աշակերտուհիները, իրենց դաստիարակներուն ընկերակցութեամբ եւ դպրոցական տարազով, առանձնապէս աչքի կը զարնէին իրենց բազմախումբ ներկայութեամբ:

***

Օրինակելի կարգապահութեամբ մը, որ յարգանք պարտադրեց բոլոր օտար դիտողներուն եւ միջազգային ու տեղական մամուլին ներկայացուցիչներուն, բազմութիւնը անհամբեր կը սպասէր դատավարութեան բացումին:

Անհամար էին հայութեան բողոքի ձայնը եւ պահանջները արտայայտող արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն պաստառներ: Բոլորն ալ յատկանշական եւ պերճախօս. «Խղճի եւ մամուլի ազատութիւն», «Մենք քիչ ենք, բայց մեզ հայ են կոչում», «Կանք, պիտի լինենք եւ դեռ… շատանանք», «Կեցցէ՛ հայկական դատը», «55 տարի առաջ անմարդկայնօրէն ջարդուած հայ իգական սեռին անունով արդարութիւն կը պահանջենք», «Արդարութիւն, միայն արդարութիւն կը պահանջենք», «Եղբայրներ, եթէ մենք լռենք այսօր, վաղը մէկուկէս միլիոն գերեզմաններ մեզ դատի պիտի կանչեն», «Վստահութիւն ունինք լիբանանեան արդարութեան հանդէպ», «Ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ», «Կեցցէ՛ հայ մշակոյթը», «Մի՛ ծածկեր, ամբողջ աշխարհ գիտէր», «Թուրքիան պիտի վճարէ իր ոճիրներուն համար», «Ցեղասպանութիւնը ոճիր է ո՛ւր որ ալ գործուած ըլլայ, որո՛ւն դէմ ալ գործուած ըլլայ» եւ այլն:

DSC09338Դատավարութիւնը պիտի սկսէր ժամը 10:00-ին, բայց արդէն մէկ ժամ առաջ, արդարութեան պալատը կը յորդէր բազմութեամբ: Հետզհետէ սկսան հասնիլ լիբանանեան քաղաքական այն անձնաւորութիւնները, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած էին թիկունք կանգնելու հայ մամուլի դատին ու անձամբ ներկայ գտնուեցան դատավարութեան:

Առաջին հասնողը եղաւ «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի պաշտպան փաստաբան մեթր Մոհսէն Սլիմ, որ պալատին առջեւէն մինչեւ երկրորդ յարկի դատասրահը տարուեցաւ ուսամբարձ, որոտընդոստ ծափահարութիւններու եւ կեցցէներու արժանանալով:

Այնուհետեւ, նոյն ձեւով եւ նոյն ոգեւորութեամբ, դատասրահ առաջնորդուեցան խորհրդարանի փոխ նախագահ Միշէլ Սասին, փաղանգաւորներու փոխ նախագահ եւ երեսփոխան Ժոզէֆ Չատեր, նախկին նախարար եւ երեսփոխան Նասրի Մաալուֆ, պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Անտրէ Թապուրեան, Մեթնի երեսփոխան Միշէլ Մըր, Շուֆի երեսփոխան Ֆուատ Թեհինի եւ Ժեզզինի երեսփոխան Էտմոն Ռըզք:

Ժամը 9:55-ին հասան ամբաստանեալները` «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի պատասխանատու տնօրէնները` Հայկ Պալեան եւ փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան, առաջնորդութեամբ լիբանանեան մամլոյ սենտիքայի նախագահ Ռիատ Թահայի եւ փոխ նախագահ Տիգրան Թոսպաթի, ոգեւորութիւնը հասցնելով գագաթնակէտին:

DSC09339Բազմաթիւ հայ եւ արաբ փաստաբաններ ինքնաբուխ կերպով ներկայ գտնուեցան դատավարութեան, ինչպէս մեթր Վարդգէս Շամլեան եւ մեթր Գասպար Տէրտէրեան:

Նիստը բացուեցաւ ժամը 10:05-ին, դատական ատեանը մուտք գործեց դատարան: Ատեանին կը նախագահէր Իսամ Պարուտի, խորհրդականներն էին Ալպէր Սըմահա եւ Ժորժ Հատաս: Ընդհանուր դատախազի աթոռը գրաւեց շէյխ Քամիլ Ժաժա:

Առաջին հերրթին հարցաքննութեան կանչուեցաւ «Զարթօնք»-ի պատասխանատու տնօրէն փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան: Ինքնութեան եւ տարիքի օրինական հարցումներէ ետք, նախագահը կարդաց ամբաստանագիրը, ուր կը յայտնուի, թէ Պէյրութի թուրք դեսպանատան բողոքին վրայ, փոխանցուած արտաքին գործոց նախարարութեան խողովակով, ընդհանուր դատախազութեան կողմէ դատ բացուած է թերթին 24 Ապրիլ 1969-ի թիւին մէջ հրատարակուած յօդուածի մը համար, ուր Թուրքիոյ նախագահին հասցէին նախատական արտայայտութիւններ կան:

Թովմասեան յայտնեց, թէ Թուրքիոյ նախագահին դէմ որեւէ նախատական խօսք չկայ յիշեալ յօդուածին մէջ:

Նախագահը.- Կը ստանձնէ՞ք պատասխանատուութիւնը այդ գրութեան:

Թովմասեան.- Այո՛, կը ստանձնեմ ամբողջ պատասխանատուութիւնը:

Այնուհետեւ, հարցաքննութեան կանչուեցաւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու տնօրէն Հայկ Պալեան: Դարձեալ ինքնութեան եւ տարիքի օրինական հարցումներէն ետք, նախագահը կարդաց ամբաստանագիրը, ուր նոյնպէս կը յայտնուի, թէ թրքական դեսպանատան բողոքին վրայ, դատ բացուած է «Ազդակ»-ի, 11 հոկտեմբեր 1968-ի, թիւին մէջ լոյս տեսած Նշան Պէշիկթաշլեանի մէկ յօդուածին համար:

Ընդհանուր դատախազը անմիջապէս դիտել տուաւ, թէ այդ դատը չեղեալ է, նկատի ունենալով, որ խորհրդարանը, 1 Ապրիլ 1969-ին, քուէարկած է մամլոյ բոլոր յանցանքներու ընդհանուր ներման օրէնք մը, ու յօդուածը լոյս տեսած է այդ թուականէն առաջ:

Հայկ Պալեան յայտնեց, թէ կ՛ուզէ դատուիլ հակառակ ընդհանուր ներումին, բայց ատեանը նկատի ունեցաւ ընդհանուր դատախազին դիտողութիւնը եւ որոշեց այդ յօդուածին առնչութեամբ բացուած դատին մասին իր վճիռը տալ 28 մայիսին:

Այնուհետեւ, նախագահը կարդաց «Ազդակ»-ի դէմ բացուած երկրորդ դատին վերաբերեալ ամբաստանագիրը, որ կը վերաբերի թերթին, 23 Ապրիլ 1969-ի, թիւին մէջ լոյս տեսած Արամ Հայկազի յօդուածին:

Նախագահը.- Կը ստանձնէ՞ք պատասխանատուութիւնը այդ գրութեան:

Հայկ Պալեան.- Այո՛, կը ստանձնեմ ամբողջ պատասխանատուութիւնը:

Այնուհետեւ, խօսք առնելով, պաշտպան փաստաբան մեթր Մոհսէն Սլիմ յայտարարեց.

Մեթր Սլիմի Խօսքը

«Պարո՛ն նախագահ,
«Լիբանանցի մեր հայ եղբայրները, որոնք մաս կը կազմեն լիբանանեան ազգին, որոնք կը կատարեն իրենց բոլոր պարտականութիւնները եւ պարտաւորութիւնները հանդէպ լիբանանեան հայրենիքին եւ որոնք այսօր հսկայ բազմութեամբ լեցուցած են դատարանը, արդարութեան պալատին սրահները, բակը եւ պողոտան, եկած չեն ցոյցով մը ճնշում բանեցնելու լիբանանեան արդարութեան վրայ, որուն հանդէպ կատարեալ վստահութիւն ունին: Անոնց ծովածաւալ ներկայութիւնը թարգմանն է իրենց դառնութեան, այնքան որ անոնք իրենք զիրենք վիրաւորուած կը զգան իրենց ամէնէն մարդկային եւ ամէնէն ազնիւ զգացումներուն մէջ:

«Առ այժմ, մեր բուն խօսքը չէ որ պիտի ըսենք, այլ պիտի տանք նախագիծը այն պաշտպանողականին, որ հետագային պիտի կատարենք ձեր ատեանին առջեւ:
«Ձեր արտօնութեամբ, սակայն, հետեւեալ երկու պահանջները ունինք ներկայացնելիք:

«Ա) Կը պահանջենք, որ թուրք դեսպանատան բողոքագիր-նամակը կցուի դատական թղթածրարին` առ ի ուսումնասիրութիւն: Կը նկատենք, որ այդ բողոքագիր-նամակը, որ ուղղուած է Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան, զինուորական կամ քաղաքական որեւէ գաղտնիք չի պարունակեր, հետեւաբար կրնայ դառնալ բոլորին սեփականութիւնը:

«Բ) Դատական թղթածրարին կցուած է մեղադրեալ յօդուածներուն ֆրանսերէն թարգմանութեան արաբերէն ոչ-վաւերացեալ թարգմանութիւնը: Արդ, այդ երկու յօդուածներուն ճշգրիտ պարունակութեան տեղեկանալու համար, անհրաժեշտ է որ այդ յօդուածները հայերէնէ ուղղակի թարգմանուին արաբերէնի, երդուեալ թարգմանիչներու կամ մասնագէտներու յանձնախումբի մը կողմէ»:

Այս պահանջները ձեւակերպելէ ետք, մեթր Մոհսէն Սլիմ դատավարութիւնը իր հարազատ մթնոլորտին մէջ մտցնելով, յայտարարեց.

«Հայ մամուլը չէ որ այսօր դատարան կանչուած է, այլ ամբողջ լիբանանեան մամուլը, արաբական ամբողջ մամուլը, ու այս` մանաւանդ այս օրերուն, երբ Լիբանան եւ արաբական աշխարհը կ՛անցնին դժուարին եւ փափուկ շրջանէ մը եւ պէտք ունին զօրաշարժի ենթարկելու իրենց բոլոր ուժերը եւ մամուլը` պայքարելու համար թշնամիին դէմ:

«Բացի այդ, մեղադրեալ յօդուածները հրատարակուած են 1915-ի հայկական ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով: Աւելի քան երկու միլիոն հայեր զոհ գացին այդ ցեղասպանութեան եւ մեր հայ եղբայրները կորսնցուցած են իրենց հայրերը, մայրերը, զաւակները, եղբայրները եւ քոյրերը այդ ցեղասպանութեան մէջ:

«Հայկական հարցը անլոյծ կը մնայ տակաւին: Թուրքերու կառավարութեան կողմէ բանաձեւուած բողոքը իսկական գրգռութիւն մըն է հայ ժողովուրդին դէմ, որ անանջատելիօրէն մաս կը կազմէ լիբանանեան ընտանիքին: Այս բողոքը նոյն ատեն կը հանդիսանայ Թուրքիոյ կողմէ միջամտութիւն մը լիբանանի ներքին գործերուն մէջ:

«Այս բողոքը ուղղուած է խօսքի ազատութեան սկզբունքին դէմ, որ կը կազմէ հիմքը Լիբանանի յաւերժականութեան: Արդ, մենք կը յայտնենք, թէ ո՛չ Թուրքիան, ո՛չ թուրքերու կառավարութիւնը եւ ոչ ալ որեւէ պետութիւն, Արեւելքէն թէ Արեւմուտքէն, չի կրնար կաշկանդել լիբանանեան ազատութիւնը եւ խեղդել արդարութեան ու ազատութեան խօսքը:

«Լիբանան միջազգային բեմ մըն է արդար ու մարդկային բոլոր դատերու համար: Երկու միլիոն հայերը, որոնք թուրքերու կառավարութեան հրահանգով բնաջնջուեցան 1915-ին, բացականչեց մեթր Սլիմ, նիւթական եւ բարոյական հատուցում պահաջելու իրաւունք ունին համայն աշխարհէն ու մանաւանդ Թուրքիայէն: Թուրքերու կառավարութիւնը ո՛չ միայն մինչեւ հիմա չփորձեց դարմանել իր գործած ոճիրները (նախագահը հոս ուզեց ընդհատել մեթր Սլիմի խօսքը), որոնք միաձայնութեամբ դատապարտուեցան բոլոր ազգերուն կողմէ, այլ ընդհակառակն, ահա կը տեսնենք, որ կը հալածէ իր զոհերը, անոնց ձայնը լռեցնելու համար:

«Լիբանանահայ մամուլը, որ այսուհետեւ պիտի կոչեմ լիբանանեան մամուլ, ամէն տարի ապրիլ 24-ին կը հրատարակէ յօդուածներ` հայ նահատակներու յիշատակը ոգեկոչելու համար, ինչպէս լիբանանեան մամուլը կը հրատարակէ յօդուածներ մայիս 6-ի Նահատակաց տօնին առիթով:

«Մեզի համար, ապրիլ 24 եւ մայիս 6 երկու սեւ թուականներն են մարդկութեան պատմութեան մէջ: Ինչպէս մայիս 6-ին, թուրքերու կառավարութիւնը կախաղան բարձրացուց լիբանանցի եւ սուրիացի հայրենասէրներ, այնպէս ալ 1915-ին նոյն կառավարութիւնը կազմակերպեց եւ գործադրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Հայկական հարցը, որ տակաւին կը սպասէ իր լուծումին, այս դատին առիթով, որ իր նախընթացը չունի լիբանանեան դատական տարեգրութեանց մէջ, պէտք է ամբողջականօրէն ներկայացուի այս ատեանին առջեւ: Ու ճիշդ այդ պատճառով, յարգարժան ատեանէդ կը խնդրենք, որ ամբողջ օր մը յատկացնէ մեզի, որպէսզի լրիւ կերպով սպառենք մեր նիւթը»:

Խօսքը ապա տրուեցաւ ընդհանուր դատախազին, որ համամիտ գտնուելով մեթր Սլիմի պահանջներուն, իր կարգին պահանջեց, որ թղթածրարը վերստին փոխանցուի իրեն` առ ի տեսութիւն:

Ի վերջոյ`

1) Դատական ատեանը ընդունեց թղթածրարին կցել թուրք դեսպանատան բողոքագիր-նամակը, որ կը կրէ 21 մայիս 1969 թուականը, համար 351:

2) Որոշեց թղթածրարը վերստին փոխանցել ընդհանուր դատախազութեան:

3) Թարգմանութեան հարցը ձգել հետագային:

4) Յաջորդ նիստը գումարել չորեքշաբթի, 1 յուլիս 1970, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Դիմում Նախագահին

Դատավարութենէն ետք, ներկայ եղող 20,000-է աւելի հայերու պահանջին վրայ, հայ երեսփոխաններէն, երեք կուսակցութեանց եւ մամուլի ներկայացուցիչներէն կազմուած պատուիրակութիւն մը գնաց Պաապտա ունկնդրութիւն հայցելու համար հանրապետութեան նախագահէն, որպէսզի արտայայտէ «հայ համայնքին դառնութիւնը եւ բողոքը` Լիբանանի ներքին գործերուն Թուրքիոյ միջամտութեան դէմ»:

Հայկական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին զբօսաշրջութեան նախարար Խաչիկ Պապիկեան, պետական երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Անտրէ Թապուրեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչներ Բարունակ Թովմասեան եւ մեթր Հրաչ Սեդրակեան, ՍԴ հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչ Յարութիւն Ճէրէճեան, ՀՅ դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ Հայկ Պալեան եւ Կարօ Պետրոսեան եւ Տիգրան Թոսպաթ, ուրբաթ, 22 մայիս 1970-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Պաապտայի պալատին մէջ, ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի կողմէ:

Պատուիրակութիւնը առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին, որ բարեհաճած էր իր հովանաւորութիւնը շնորհել հայ նահատակներու յիշատակին Պիքֆայայի մէջ բարձրացուած յուշարձանի բացման արարողութեան:

Այնուհետեւ, պատուիրակութիւնը նախագահ Հելուին յայտնեց հայ համայնքին դառնութիւնը այն դատին համար, որ Պէյրութի թուրք դեսպանին պահանջով, ընդհանուր դատախազութիւնը բացած է հայատառ երկու լիբանանեան թերթերու` «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի դէմ: Պատուիրակութիւնը ընդգծեց, թէ այդ դատը կը նկատէ օտար տէրութեան մը կողմէ, վտանգաւոր նախընթաց ստեղծող միջամտութիւն մը լիբանանեան ներքին գործերուն մէջ ու նոյն ատեն ոտնձգութիւն մը խօսքի ազատութեան եւ հայ համայնքի զգացումներուն դէմ:

Պատուիրակութիւնը աւելցուց, թէ իր առաքելութիւնն է մի՛միայն ըլլալ թարգմանը հայ համայնքի զգացումներուն, վերահաստատել անոր ամբողջական օրինապահութիւնը հանդէպ լիբանանեան հայրենիքին եւ արտայայտել անվերապահ վստահութիւնը` հանդէպ լիբանանեան արդարութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES