Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը 25 Կարիքաւոր Ընտանիքներու
Բնակարանաշինութեան Կ՛օժանդակէ

Ralphe_MTS«Վիվասէլ-Էմ.Թի.Էս.»-ը եւ Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ը յայտարարած են բնակարանաշինութեան ծրագիրի հերթական հանգրուանի մեկնարկին մասին:

«Վիվասէլ-Էմ.Թի.Էս.»-ի հովանաւորութիւնը վայելող պաշտօնական այս ծրագիրին բացումը կատարուած է Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Վազաշէն գիւղին մէջ: Համագործակցող կողմերը կառուցման միացեալ աշխատանքներ կատարած են գիւղին մէջ:

Այս ծրագիրին նպատակը ընկերային իմաստով ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներուն տուները կառուցելու եւ վերանորոգելու աշխատանքին աջակցիլն է: Անկէ կ՛օգտուին Տաւուշի եւ Արմաւիրի մարզերու սահմանամերձ գիւղերու 25 կարիքաւոր ընտանիքներ:

Սահմանամերձ գիւղերուն աջակցելու, արտագաղթի մղող պատճառները նուազեցնելու, Հայաստանի սահմանամերձ տարածքներուն մէջ ապրելու եւ ընտանիք պահելու համար օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով «Վիվասէլ-Էմ.Թի.Էս.»-ը կատարած է 55 միլիոն դրամի ներդրում: Իսկ Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ը ստանձնած է այդ ծրագիրը իրականացնելու պարտականութիւնը, որուն նպատակը սահմանամերձ գիւղերուն մէջ 10 ընտանիքի օգնելն է` իրենց կիսակառոյց տուներուն շինարարութիւնը աւարտին հասցնելու, իսկ այլ 15 ընտանիքի տուները վերանորոգելու:

Նշենք, որ «Վիվասէլ-Էմ.Թի. Էս.»-ի եւ Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ին միջեւ համագործակցութիւնը սկսած է 2007-ին եւ եղած է արդիւնաւէտ: «Վիվասէլ-Էմ.Թի.Էս.»-ի աջակցութեան եւ նուիրման շնորհիւ` արդէն 25 ընտանիք կը վայելէ յարմարաւէտ տանիքի տակ ապրելու երջանկութիւնը: Այս երկար եւ արգասաբեր համագործակցութեան շնորհիւ` «Վիվասէլ-Էմ.Թի. Էս.»-ը կայուն ընկերային ներդրում կը կատարէ Հայաստանի համայնքներու պահպանման եւ զարգացման իմաստով:

«Սահմանագիծին վրայ ապրող այս մարդիկ մեր երկրի սահմանները պահողն են, եւ մենք պէտք է ձեռք մեկնենք անոնց` օգնելով բարելաւելու իրենց կեանքին որակը: Այս տան շարուող պատերու իւրաքանչիւր քար եւ բարձրացող ամէն մէկ տանիք կը հանդիսանայ մեր երկրին յենասիւնը: «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ին հետ մենք իրականութիւն կը դարձնենք այս մարդոց երազանքը. վերջապէս աւարտին հասցնել կիսակառոյց տուներու կառուցումը` զաւակները ապահով եւ բարեկարգ պայմաններու մէջ մեծացնելու կարելիութեամբ», յայտնած է «Վիվասէլ-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:

«Վիվասէլ-Էմ.Թի.Էս.»-ի հետ համագործակցութիւնը երկար տարիներու փորձառութեամբ հաստատած է իր արդիւնաւէտութիւնը` բազմաթիւ ընտանիքներու կեանքին մէջ իրապէս փոփոխութիւն մտցնելով: Ասիկա իւրօրինակ համագործակցութիւն է, որուն հիմքը ընկերային պատասխանատուութիւնն է. պատասխանատուութիւն` առ համայնքներ, պատասխանատուութիւն` առ ընտանիքներ, որոնք կ’ապրին մեր կողքին, որոնք մեր հասարակութեան մասնիկն են, ինչպէս` մեզմէ իւրաքանչիւրը: Այս նոր ծրագիրով կը նախատեսուի աջակցել սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ապրող 25 ընտանիքներու, որպէսզի աւելի լաւ կենսամակարդակ փնտռելու համար Հայաստանէն չհեռանան, մնան իրենց հարազատ հողին վրայ` նպաստելով նաեւ պետութեան սահմաններու անվտանգութեան պահպանման», նշած է Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ի նախագահ Աշոտ Եղիազարեանը:

Սօսէի Եւ Ալենի Յիշատակին Նուիրուած
Ծառատնկումը Պիտի Սկսի 18 Ապրիլին

sosealanԱպրիլ 18-ին Ստեփանաւանի կից գտնուող տարածքին վրայ 20 հազար ծառ պիտի տնկուի: Այս ծառատնկումը հիմքը պիտի ըլլայ այն անտառին, որ պիտի նուիրուի վաղամեռիկ հայրենադարձ զոյգի` Սօսէ Թովմասեանի եւ Ալեն Եկիկեանի յիշատակին:

«Հայաստանի ծառատունկ ծրագիր» («Էյ .Թի. Փի.») բարեգործական հիմնարկէն յայտնած են, որ տարբեր եղանակներու պիտի տնկուին նաեւ 30 հազար տունկեր:
Հիմնարկը նաեւ Ստեփանաւան պիտի փոխադրէ ծառատնկումին մասնակցիլ փափաքողները, իսկ անկէ առաջ մասնագէտները մասնակիցներուն պիտի սորվեցնեն ծառ տնկելու ձեւը:

«Էյ. Թի. Փի.»-ի աշխատակիցներուն կողքին, այս ծառատնկումին պիտի մասնակցին նաեւ մեծ թիւով կամաւորներ` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Մասնակցիլ փափաքողները իրենց ներկայութիւնը պէտք է հաստատեն մինչեւ 16 ապրիլ:

Նշենք, որ սփիւռքահայ վաղամեռիկ ամոլին յիշատակը անմահացնելու համար ստեղծուած «Սօսէ եւ Ալեն յիշատակի հիմնարկ»-ը` «Հայաստանի ծառատունկ ծրագիր»ին հետ սկսած է նախագիծի մը, որուն նպատակն է ստեղծել անտառ-յուշահամալիր` ի յիշատակ Սօսէ Թովմասեանի եւ Ալեն Եկիկեանի: Կը նախատեսուէր Դիմատետրի էջի անդամներուն թիւը հասցնել 10 հազարի եւ տնկել 50 հազար ծառ, ինչ որ կարելի եղած է կատարել ճշդուած ժամանակաշրջանին: Քարոզարշաւը ընթացք առած է 10 սեպտեմբերին` Սօսէին ծննդեան օրը եւ աւարտած է 10 մարտ 2014-ին` Ալենի ծննդեան օրը:

Յարգանքի Տուրք` Արցախի Առաջին Նախագահ
Արթուր Մկրտչեանի Յիշատակին

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի մահուան 22-րդ տարելիցին առիթով 14 ապրիլին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին ՀՅԴ գաղափարակից ընկերները, Ազգային ժողովի նախագահ Ա. Ղուլեանը եւ շարք մը երեսփոխաններ: Մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին Ա. Մկրտչեանի շիրիմին վրայ` անգամ մը եւս իրենց ուխտը վերանորոգելով Արթուրի դաւանած գաղափարական ուղիին նկատմամբ:

1992-ի 14 ապրիլին Արթուր Մկրտչեանի եղերական մահը կիսատ թողեց երիտասարդ քաղաքական եւ գաղափարական գործիչին ծրագիրներն ու տեսլականները, ան պաշտօնավարեց ընդամէնը 98 օր:

Սակայն դաշնակցական առաջին նախագահին տեսլականները իրականացուցին նոյն գաղափարները կրող իր հայրենակիցներն ու զինակիցները: Այսօր բոլորը կը յիշեն Արթուր Մկրտչեանը` որպէս ազնիւ եւ հայրենասէր քաղաքական գործիչի:

Կովսականի Մէջ Բնակարաններ` Յանձնուած Են
Սուրիահայ Ընտանիքներուն

2304govsagan2014 թուականի ապրիլ 11-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղ շրջանի Կովսական քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է բազմաբնակարան շէնքի բնակարանամուտի հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ընթացքին բնակարաններ ստացած են տասը սուրիահայ ընտանիքներ, որոնք վերջին քանի մը տարիներուն տեղափոխուած եւ վերաբնակած են Կովսականի մէջ:

«Օգնի՛ր եղբօրդ» բարեսիրական հիմնադրամը եւս իր ներդրումը ունեցած է բազմաբնակարան շէնքի կառուցման գործին` այդպիսով նպաստելով ազատ եւ անկախ Արցախի վերաբնակեցման քաղաքականութեան եւ զարգացման:

«Օգնի՛ր եղբօրդ» հիմնադրամիՆ պատուիրակութիւնը, ներկայ գտնուելով բնակարանամուտի արարողութեան, հանդիպում ունեցած է նաեւ Կովսականի մէջ վերաբնակեցուած սուրիահայ ընտանիքներուն հետ` ծանօթանալով անոնց խնդիրներուն: Հիմնադրամին պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Քաշաթաղի շրջանի աշխատակազմին հետ, իսկ «Քաշաթաղ» հիմնադրամին հետ ձեռք բերած է շարք մը համաձայնութիւններ` հետագայ ծրագիրներու իրագործման նպատակով:

«Օգնի՛ր եղբօրդ» բարեսիրական հիմնադրամը շնորհաւորած է Արցախի մէջ իրենց տունը կառուցած սուրիահայ ընտանքիները եւ մաղթած է բարեբեր եւ արդիւնաւէտ աշխատանք` հետագայ գործունէութեան մէջ:

Այս առնչութեամբ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ հիմնադրամը գրած է. «Օգնի՛ր եղբօրդ» բարեսիրական հիմնադրամը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` աջակցելու հայրենիք տեղափոխուած սուրիահայութեան եւ անգամ մը եւս կը յայտարարէ, որ տուեալ ծրագիրի ծիրին մէջ կատարուող աշխատանքները շարունակական են, եւ սուրիահայերը տակաւին կրնան ցանկագրուիլ Կովսականի մէջ վերաբնակեցուելու նպատակով»:

«Թուիթըր»-ը Կրնայ Վարչակարգեր Փոխել».
«Թուիթըր»-ի Փոխնախագահ

««Թուիթըր»-ը այսօր հզօր գործիք է, որ կրնայ նոյնիսկ վարչակարգեր փոխել», 16 ապրիլին «Սիվիլնեթ»-ի կեդրոնէն յայտարարած է «Թուիթըր»-ի փոխնախագահ Րաֆֆի Գրիգորեան:

«Թուիթըր»-ը այսօր կարեւոր գործիք է, որ կրնայ փոխել պատմութեան ուղղութիւնը, խնդիրներ վեր հանել, նոր ուղղութիւններ առաջարկել», ընդգծած է ան:

Անոր համաձայն, ընկերային ցանցերուն մէջ օրական «թուիթ»-ներուն թիւը կը հասնի շուրջ 500 միլիոնի:

Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է
«Թուիթըր»-ի Փոխնախագահը

serj-TwitterՀայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 17 ապրիլին ընդունած է «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին հրաւէրով Հայաստան գտնուող «ԹՈՒՄՕ»-ի խորհուրդի անդամ, «Թուիթըր»-ի փոխնախագահ Րաֆֆի Գրիգորեանը:

Նախագահը ողջունած է հիւրը եւ կարեւոր նկատած` անոր այցելութիւնը, որուն նպատակն է ծանօթանալ «ԹՈՒՄՕ»-ի կրթական ծրագիրին, աջակցիլ կեդրոնի կրթական բովանդակութեան մշակման ծրագրաւորման, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի մասնագէտներուն հետ քննարկել այս բնագաւառի զարգացման համաշխարհային միտումներն ու հայկական ոլորտը յուզող մարտահրաւէրները:

Ընդգծելով, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին զարգացումը Հայաստանի տնտեսութեան առաջնահերթութիւններէն է, Սերժ Սարգսեան այս բնագաւառին մէջ մեր հայրենակիցներուն յաջողութիւնները ուրախալի ու երիտասարդ սերունդին համար ուղենշային նկատած է: Ան կարեւոր նկատած է Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի մասնագէտներուն հետ սերտ համագործակցութեան զարգացումը, փորձառութեան փոխանակումն ու խորհրդատուութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Րաֆֆի Գրիգորեան ներկայացուցած է իր այցելութեան ծիրին մէջ ունեցած հանդիպումները, որոնց կարգին` տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մասնագէտներուն հետ: Անոր համաձայն, այդ տեսակցութիւնները մեծ յոյս կը ներշնչեն, քանի որ կան ոլորտին զարգացման առնչուած ոգեւորիչ օրինակներ, որոնք հեռանկարային կը դարձնեն այս բնագաւառին զարգացումը Հայաստանի մէջ:

Քեսապի Երիտասարդական Միութեան
Հիմնադրութիւն Երեւանի Մէջ

Քեսապէն բռնի տեղահան եղած քեսապցիներուն կարգին եղող երիտասարդներ, որոնք Հայաստան փոխադրուած են, 6 ապրիլին հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որով յայտնեցին, որ Երեւանի մէջ հիմը դրին Քեսապի երիտասարդական միութեան` նպատակ ունենալով կարելի եղած բոլոր միջոցներով օգտակար դառնալ Քեսապի եւ քեսապցիներու վերականգնումին եւ Քեսապ վերադարձին: «Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք ողջ հայութեան եւ ի մասնաւորի բոլոր քեսապցիներուն` համագործակցելու նորակազմ միութեանս հետ: Համախմբենք մեր ուժերը եւ միասնական կամքով գործենք: Կը խնդրենք, որ տարածէք այս կոչը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Արգաւանդ-Շիրակ Ճամբուն Վրայ
Դամբարանի Տարածք Յայտնաբերուած Է

archelogy1Արգաւանդ-Շիրակ ճամբու կառուցումը պատճառ դարձած է «Կարմիր բլուր» պատմամշակութային վայրին մէջ դամբարանի տարածքի մը յայտնաբերման: Շինարարական աշխատանքներուն մեկնարկէն առաջ, հնավայրին մէջ կատարուած են պեղումներ եւ ծիրանենիներու ու դեղձենիներու այգիին մէջ յայտնաբերուած է արժէքաւոր դամբարանադաշտը:

Այնտեղ գտնուած են խեցիէ անօթներ, զարդեր եւ զէնքի տեսակներ: Արշաւախումբի ղեկավար Յակոբ Սիմոնեան յայտնած է, որ դամբարանի դաշտը հսկայ արժէք կը ներկայացնէ ազգային եւ մշակութային, թաղման ծէսի ու նոյնիսկ սննդառութեան առումով: Յայտնաբերուած է նաեւ դրամ յիշեցնող նմուշ, իսկ մինչեւ օրս ուրարտական դրամի մասին պատկերացում անգամ չէ եղած: «Դամբարանադաշտում գտնուած ապակու ձուլածոները հարստացնում են ուրարտական շրջանի ապակեգործութեան մասին սակաւ տեղեկութիւնները», յայտնած է ան:

«Հիմնականում յայտնաբերուել են խեցանօթներ, ընդ որում` ե՛ւ պալատական, ե՛ւ տեղական մշակոյթի, բայց տեղական մշակոյթը գերակշռող է, եւ հէնց սա է ամենակարեւորը: Մենք, փաստօրէն, կարող ենք ասել, որ Թէյշեբաինին կամ Կարմիր բլուրը, որ հիւսիսային Հայաստանի մայրաքաղաքն էր, բնակեցուած է եղել տեղի ժողովրդով: ԴՆԹ-ի արդիւնքները կարող են շատ հեռուն գնացող եզրայանգումների հիմք դառնալ», ըսած է Յակոբ Սիմոնեան:

Պեղումները պիտի շարունակուին, եւ անոնց աւարտէն ետք պիտի սկսի շինարարութիւնը: Գտածոները պիտի ցուցադրուին Երեւանի քաղաքապետարանի պատմութեան թանգարանին մէջ:

«Կը Թուի, Թէ Մենք Գրական Հայերէն Չունինք»,
Կը Նշեն Լեզուաբանները

Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկը համագործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ հայկական պատկերասփիւռի ընկերութիւններուն: Համագործակցութեան նպատակը մէկ է` կանխարգիլել պատկերասփիւռի կայաններէն հնչող գրական լեզուի նահանջը:

Նախորդ 2-3 տասնամեակներուն հայաստանեան իրականութեան տարբեր բնագաւառներուն մէջ կատարուած կտրուկ անցուդարձները իրենց ազդեցութիւնը ունեցան լեզուի վիճակին վրայ, որով մեծապէս մտահոգ են լեզուաբանները:

«Գրական լեզուին մէջ թափանցած է բարբառային արտասանութիւն, իսկ ժարկոնային արտասանութիւնը պարզապէս դարձած է վարակ: Խորացած է տարբերութեան վիհը գրական եւ խօսակցական լեզուներու, գրաւոր եւ բանաւոր խօսքի միջեւ, ցած է խօսքի մշակոյթի մակարդակը, մեր հանրութեան ստուար մասը եթէ ոչ անտարբեր, գոնէ անթոյլատրելիօրէն անփոյթ է մայրենի լեզուի նկատմամբ իր վերաբերմունքի մէջ», դիտել տուած են Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին մասնագէտները: Անոնց մտահոգութեան առարկան յատկապէս պատկերասփիւռէն հնչող հայերէնն է:

«Լեզուական սխալներուն դէմ թերթերուն մէջ տպագրուած յօդուածներով պայքարելու ժամանակներն արդէն անցած են: Անոնց դէմ պէտք է պայքարիլ, բայց` այլ միջոցներով», յայտնած է Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիկտոր Կատվալեանը: Անոր համաձայն, վիճակի բարելաւման կարեւոր նախապայման կրնայ դառնալ լեզուաբան մասնագէտներու եւ պատկերասփիւռի ընկերութիւններու աշխատակիցներու կայուն համագործակցութիւնը. «Իբրեւ առաջին քայլ` մենք պիտի կազմակերպենք ամսական սեմինարներ լրագրողներու համար»:

«Սխալ պատկերացումները լեզուի մասին տարածուած են ոչ միայն պատկերասփիւռի կայաններէն, այլ նաեւ` պետական մարմիններուն մէջ», դիտել տուած է լեզուի հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Ջեմա Բառնասեանը: Ան նշած է, որ ցաւ եւ ամօթ կը զգայ լսելով այն հայերէնը, որ կը խօսին «մեր օրէնսդիր մարմինի ազգընտիրները»:

 

Viva-cell-logo1

Share this Article
CATEGORIES