Նշմար. Դրամատան Դալարը

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Լիբանանեան դրամատուներէն մէկուն մէջ եմ, պաշտօնեան – Պարո՛ն, գիտէ՞ք, կողքս նստած գործակիցս ձեզի պէս հայ է: Անունը Դալար է:

Ի՛նչ լաւ- կ՛ըսեմ, կը ժպտամ ու կը դառնամ Դալարին կողմը, կը բարեւեմ Դալարը, անշուշտ հայերէն, Դալարն ալ իր հայատիպ ու բարեձեւ կեցուածքով, մեղմ ժպիտով մը կը փոխադարձէ բարեւիս:

«Ինչպէ՛ս յայտնի է հայ ըլլալը» կը մտմտամ: «Ի՛նչ լաւ է, որ նման հաստատութիւններու մէջ հայ երիտասարդուհիներ կը պաշտօնավարեն», կը մտածեմ: Մտածումներուս շղթան կը կտրուի զրուցակիցիս հարցումով:

Պարո՛ն, դու՞ք ալ Դալարին պէս էք արդեօք:

Զարմացած հայեացքով կ՛ուզեմ գիտնալ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «Դալարին պէս ըլլալ»-ը, սակայն իր խօսելաոճէն, ցուցաբերած հետաքրքրութենէն կը կռահեմ, թէ տեղացի պաշտօնեան Դալարին մասին կարեւոր մէկ տեղեկութիւն մը հաստատելու մարմաջով ու անկէ բխելիք պատասխանով հայերուն մասին ընդհանուր կարծիք կազմելու մտադրութիւն ունի:

«Դալարը շատ խիստ է, թրքական ապրանք չի գործածեր, թրքական ո՛չ մէկ արտադրութիւն կ՛ընդունի ուտել, երբեմն նոյնիսկ դէպի Թուրքիա կատարուելիք դրամական փոխանցումները կը մերժէ կատարել,- կարեւոր խոստովանութիւն մը ընողի պէս պաշտօնեան մէ՛կ շունչով կը բացատրէ «Դալարին պէս ըլլալ»-ուն իմաստը:

Կը հիանամ լսածներուս, նոյնիսկ պահ մը կը մոռնամ հարցումին պատասխան տալու եւ անոր փոխարէն` կը սկսիմ Դալարին կատարած հայանպաստ քարոզչութեան մասին մտածել: Փաստօրէն Դալարը յաջողած է իր ամուր անհատականութեամբ դրամատան պաշտօնէութիւնը Հայ դատին ու պահանջատիրութեան ծանօթացնել:

Միջոցին, Դալարին համար շա՜տ պարզ կը թուէր նման յայտարարութիւն մը լսելը. Ան ա՛յնքան հանգիստ էր, որ բնաւ չփոխեց իր դէմքին գիծերը ու ժպտերես շարունակեց իմ ու պաշտօնեային միջեւ եղած երկխօսութիւնը լսել:

Հիմա անորոշ էի, չէի գիտեր` ինչպէ՞ս հակազդեմ ու ինչպիսի՞ դրուատանքով արժեւորեմ Դալարին հայավարի ու սկզբունքային կեցուածքը: Մտովին արաբերէն յարմար բառեր կը փնտռէի ու յանկարծ, բնազդաբար հետեւեալ նախադասութիւնը արտասանեցի` «Դալար պընթ ասիլէ», «Դալարը զտարիւն աղջիկ է»…

Պաշտօնեան հրճուանքով մը դիմեց Դալարին. Դալա՛ր, լսէ՛, Դալար, պարոնը քու մասիդ կ՛ըսէ թէ, դու՛ն ասիլէ ես:»:

Իր ազնուական պահուածքը առանց կորսնցնելու, Դալարը համեստօրէն պատասխանեց` «Այո՛, այդպէս եմ»:

Դիտաւորեալ, պաշտօնեային ուշադրութեան յանձնելու համար, այս անգամ արաբերէնով դիմեցի Դալարին ու ըսի` «Կեցցե՛ս ու կեցցե՛ն քու նմաններդ, Դալա՛ր»…

 

 

Share this Article
CATEGORIES