ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» Մասնաճիւղ. Ոգեկոչման Ձեռնարկ Եւ Ջահերով Քայլարշաւ` Ցեղասպանութեան 99-Ամեակին Առիթով

2104lem2Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին, երկուշաբթի, 21 ապրիլ 2014-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկ` մասնակցութեամբ ԼԵՄ-ականներու, «Գէորգ Չաւուշ» եւ «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւններուն, «Սարդարապատ» եւ «Ռուբէն» կոմիտէութիւններուն, ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ սկաուտութեան, ԼՕԽ-ի «Աշխէն» եւ «Ռուբինա» մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ Սրբոց Վարդանանց եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցիներու թաղականութիւններուն: Ձեռնարկը սկսաւ մոմավառութեամբ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին դիմաց: Ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի Նահատակաց յուշարձանին դիմաց, որմէ ետք ջահերով քայլարշաւ մը տեղի ունեցաւ դէպի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան: Քայլարշաւը առաջնորդեց ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Վարանդա Եագուպեան, որ նշեց, թէ յաջորդող սերունդներուն հայօրէն գոյատեւումը կախեալ է մեր այսօրուան գործելաձեւէն եւ հաստատեց, որ թուրքը իր նպատակին հասած կ՛ըլլայ միայն ա՛յն ատեն, երբ մեր իսկ աջակցութեամբ կը յաջողի հայը շեղել հայութենէն եւ զայն օտար դարձնել: Ուստի, պէտք է կառչած մնալ մեր արմատներուն, հպարտանալ մեր ինքնութեամբ եւ հաւատալ, որ միայն պայքարով կը հասնինք մեր գերագոյն նպատակին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումին: Ապա, Ցոլեր Աղճեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Պար»-ը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը:

Ձեռնարկին բանախօսն էր Տիգրան Ճինպաշեան, որ իր խօսքին սկիզբը ներկայացուց ցեղասպանութենէն ետք պատահած պատմական դէպքերը, որմէ ետք հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը տասնեակներով երկիրներու կողմէ, Հայաստանի անկախութիւնը, Արցախի ազատագրումը կարելի չէ պատահական կամ աննշան երեւոյթներ նկատել: Տիգրան Ճինպաշեան նշեց, որ Թուրքիոյ հայութեան զարթօնքի պայմաններուն մէջ, մեզմէ կը սպասուի վերջ տալ զգացական, անբովանդակ եւ ապարդիւն քննադատութեան եւ զուգահեռաբար աշխատիլ ամրացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութիւնը, որեւէ պատրուակով չմոռնալու պատահածը, յիշելու եւ յիշեցնելու ամբողջ աշխարհին, յատկապէս` Թուրքիոյ:

Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ մեծ համբերութեամբ պիտի պատրաստուինք այն օրուան, երբ հայ զինուորը յաղթական մուտք պիտի գործէ միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստան: Բանախօսութեան յաջորդեց խմբային երգ` կատարողութեամբ ՀՅԴ «Գէորգ Չաւուշ» եւ «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւններուն: Ապա, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասը ներկայացաւ երգերով:

Ձեռնարկի աւարտին յեղափոխական երգերու մեկնաբան Սերոբ Յակոբեան կատարեց յեղափոխական երգեր: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

 

Share this Article
CATEGORIES