ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» Մասնաճիւղի Վարչութեան Կազմակերպութեամբ` Ծերունիներու Յատուկ Զատկուան Հաւաքոյթ
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ, երէկ` երեքշաբթի, 22 ապրիլի կէսօրին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կեդրոնէն տաք ճաշ ստացող ծերունիներու յատուկ հաւաք:
Բացման խօսքը արտասանեց եւ ծերերուն բարի գալուստ մաղթեց «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեան. ան դիտել տուաւ, թէ նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2014-ը հռչակած է տարեցներու տարի, վարչութիւնը փափաքեցաւ յատուկ ձեւով անդրադառնալ այս երեւոյթին եւ որոշեց Զատկուան յատուկ հաւաքոյթով մը ուրախութիւն սերմանել ծերունիներուն սրտերուն մէջ: «Ի զուր չէ, որ մեր սիրելի վեհափառ հայրապետը այս տարի տարեցներու տարի հռչակեց. մենք կը գտնուինք Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, ուստի Արամ Ա. կաթողիկոս ուզեց, որ մենք յաւելեալ պարտաւորութիւն ունենանք մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու ձեզի նկատմամբ: Դուք բախտը ունեցաք ապրելու, բայց նաեւ լսեցիք արհաւիրքի ու սարսափի օրեր ապրած ձեր հայրերուն եւ մայրերուն անվերջանալի վախազդու պատմութիւնները, որոնք դրոշմուած մնացին ձեր մտքերուն մէջ եւ այդ պատմութիւնները նաեւ փոխանցեցիք մեզի: Մենք հպարտ ենք ձեզմով, ինչպէս որ դուք հպարտ էք մեզմով», ըսաւ Շաքէ Պաղտասարեան:
Ան խնդրեց ներկայ մամիկներէն ու պապիկներէն, որ աղօթեն ներկայ եւ նոր սերունդին համար` դիտել տալով, որ իրենք եւս կ՛աղօթեն, որպէսզի ծերերը մնան միշտ առողջ, համբերող եւ կեանքի վերիվայրումներուն տոկացող: Շաքէ Պաղտասարեան շեշտեց, որ ծերերը միշտ ԼՕԽ-ականներուն մտքին ու սրտին մէջ մեծ տեղ ունեցած են եւ ունին, որովհետեւ անոնք կը գիտակցին աւագ սերունդին ու անոր օրհնութեան արժէքին:
Իր խօսքի աւարտին Շաքէ Պաղտասարեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Սեդօ Պաղտասարեանին:
Ծերունիներուն հրամցուեցաւ ճաշ, զատկուան յատուկ հիւրասիրութիւն: Մթնոլորտը ճոխացուցին Շաքէ եւ Սեդօ Պաղտասարեանները` երգով ու նուագով: Ծերերը ճաշելէ ետք ուրախ ժամեր անցուցին, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար:

