Սուրբ Յարութեան Տօնը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Մէջ

20-320 ապրիլին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին նշեց Ս. Յարութեան տօնը: Տօնին առիթով աշխարհասփիւռ բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, հայ հաւատացեալներուն փոխանցուեցաւ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսը:

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Ս. Յարութեան տօնին առիթով սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

Պատարագի սրբազան արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, պետական այրեր, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Մայր Աթոռի բարերարներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներ, կրթութեան եւ մշակոյթի գործիչներ եւ բազմաթիւ ուխտաւոր հայորդիներ:

Սուրբ պատարագի ընթացքին վեհափառ հայրապետը իր պատգամը յղեց ըսելով, որ «ներկայիս ազգային մեր կեանքի մտահոգութիւններէն մէկը կը շարունակէ մնալ Միջին Արեւելքի մէջ, յատկապէս Սուրիոյ մէջ ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն դժուար կացութիւնը: Վերջին շրջանին նոր տագնապ յառաջացուցած են Քեսապի մէջ Թուրքիոյ աջակցութեամբ ծայրայեղական զինեալներուն ծաւալած զինուորական գործողութիւնները:

Հայաբնակ շրջանի աւերումը եւ հայ բնակչութեան տարհանումը շարունակութիւնն են հայ ժողովուրդին նկատմամբ որդեգրուած թրքական նոյն ոճրագործ քաղաքականութեան, որուն պիտի կարենանք դիմադրել միասնական ջանքերով` պաշտպանելով մեր ժողովուրդին իրաւունքները»:

Share this Article
CATEGORIES