Ս. Զատկուան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Ս. Զատկուան եւ Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 20 ապրիլ 2014-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ:
Պատարագը մատուցեց եւ ժողովուրդին իր հայրական պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց Քրիստոսի թաղման եւ յարութեան վրայ եւ շեշտեց, որ յարութեան դէպքը ամէն տարի կրկնուող իրականութիւն է մեր կեանքին մէջ:
Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան 99-ամեակին` հաստատելով, որ 99 տարիներէ ի վեր մեր եկեղեցին եւ մեր հաւաքականութիւնները կու գան վկայելու, որ մեր ժողովուրդը յարուցեալ Քրիստոսի օրինակով, մահէն վերադարձաւ ստեղծագործ, կենարար կեանքի: «Մեր ժողովուրդը ինքզինք կրցաւ վերականգնել եւ բարոյական ուժով յաղթանակ տանիլ իրեն վիճակուած դժուարին կեանքի մթնոլորտին», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ լաւատեսութեամբ կը նայինք ապագային, որ անկասկած մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի յաւերժութիւն:
Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը յայտնեց, որ Ս. Յարութեան տօնին եւ Հայոց ցեղասպանութեան տարեդարձին առիթով պէտք է հաւատաւոր հայ ժողովուրդի զաւակները գիտակցին, թէ այս նուիրական առիթով մեր ուսերուն պարտականութիւններ կը դրուին Աստուծոյ եւ մեր նահատակներուն կողմէ, որ հայ ժողովուրդը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին կամքի նոր ըմբռնումով եւ հաւատքի նոր թելադրութեամբ պիտի շարունակէ պայքարիլ ի խնդիր արդարութեան, մինչեւ որ հաւաքաբար կարողանանք ձեռք բերել հայ ժողովուրդի իրաւունքը:
Ս. պատարագի աւարտին, սրբազան հայրը Ս. Յարութեան տօնին առիթով շնորհաւորութիւններ ընդունեց Քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:00, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-6:00:

