Մեր Կորուստները. Յայտնի Լրագրող-Լուսանկարիչ Հերի Գունտաքճեան Կնքեց Իր Մահկանացուն

Հերի Գունտաքճեան
Երկուշաբթի, 21 ապրիլին, Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքեց յայտնի լրագրող-լուսանկարիչ Հերի Գունտաքճեան:
Գունտաքճեանին տարիներով վստահուած է «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան արաբական երկիրներու, Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային եւ Արեւելեան Ափրիկէի շրջաններու գլխաւոր լուսանկարիչի պատասխանատուութիւնը:
Մեծ եղած է Գունտաքճեանի ներդրումը նաեւ հայկական մամուլին մէջ: Ան երկար տարիներ կամաւորաբար «Ազդակ»-ին տրամադրած է անձամբ իր լուսանկարած կամ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի լուսանկարներէն:
CATEGORIES Հայկական

