Հակառակ Անապահով Վիճակին. Դամասկոսի Հայ Գաղութը Նշեց Ս. Զատիկը
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը յայտնէ, որ հակառակ տիրող անապահով վիճակին, Դամասկոսի հայ գաղութը փորձեց ըստ կարելւոյն բնականոն պայմաններու մէջ նշել Ս. Զատկուան տօնը:
Անցնող օրերուն ընթացքին Պապ Թումա, Զապլաթանի եւ Ժարամանա շրջանները անգամ մը եւս ենթարկուեցան հրասանդի հարուածներու:
Նշենք, որ մայրաքաղաքի կեդրոնի` մինչեւ օրս խաղաղ թաղամասերուն մէջ, ինչպէս Սալհիէ եւ Արնուս, արձանագրուեցան հրթիռներու հարուածներ, որոնք պատճառեցին զոհեր եւ վիրաւորներ, նիւթական վնասներ կրեցին նաեւ դամասկահայերու քանի մը բնակարանները եւ խանութները:
Յայտնենք, որ դամասկահայութիւնը կը պատրաստուի պատշաճ կերպով նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը:
CATEGORIES Գաղութային

