Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբը Բարձրացաւ Բ. Դասակարգ
Շաբաթ, 19 ապրիլ 2014-ը բաւական կարեւոր օր մը եղաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին համար, որ քանի մը տարի մաս կազմելէ ետք Գ. դասակարգին, յաջողեցաւ իր արձանագրած բաւական տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ բարձրանալ Բ. դասակարգ` Իսլահ Պըրժ Շիմալիի հետ:
Շապապ Հումին Թահթայի դէմ տեղի ունեցած մրցումը, որ կ՛իյնար Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «փլէյ-օֆ»-ի մրցումներուն վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, շատ կարեւոր էր ՀՄԸՄ-ի համար, որովհետեւ միայն յաղթանակն էր, որ խումբը պիտի բարձրացնէր Բ. դասակարգ` արդէն իսկ իր տոմսը ապահոված Իսլահի հետ:
Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ Սաֆայի դաշտին վրայ իր կատարած մրցումին, ՀՄԸՄ 3-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 2-1) յաղթանակ մը արձանագրելով վերադարձաւ Բ. դասակարգ:
Իր 500-600 համակիրներուն ներկայութեան, ՀՄԸՄ ինքզինք պարտադրելով նշանակեց յաջորդական երեք կոլեր` շնորհիւ Յակոբ Գուճանեանի (20-րդ), Սագօ Ազնաւուրեանի (30-րդ) եւ Յակոբ Գուճանեանի (62-րդ):
Թահթա իր կոլը նշանակեց 43-րդ վայրկեանին:
ՀՄԸՄ այս մրցումէն կրնար 4-1 արդիւնքով յաղթական դուրս գալ, բայց Քրիսթիան Թիմունեան թէեւ մրցումին վերջին վայրկեանին առանձին մնաց բերդապահին հետ, սակայն դժբախտաբար բախտը անոր կողքին չեղաւ, որ ան կոլի մը հեղինակ դառնար:
Այս յաղթանակը եւ Բ. դասակարգ բարձրանալը ՀՄԸՄ-ին վերադարձուց անոր անցեալի փառքին յուշերը, երբ ան մաս կը կազմէր Ա. դասակարգին:
Կ՛ակնկալուի, որ խումբը դարձեալ գտնէ իր երբեմնի փառքի օրերը եւ պատկանի այնտեղ, ուր է անոր իսկական տեղը` Ա. դասակարգ:
Կ՛արժէ անգամ մը եւս անդրադառնալ այն կարեւոր եւ էական կէտին, որ եթէ մարզիկները դաշտին վրայ պայքարեցան, սակայն արձանագրուած յաղթանակին մէջ իրենց կարեւոր դերը ունեցան համակիրները, որոնք ոչ միայն մրցումին, այլեւ անկէ ետք եւս իրենց յաղթական տօնակատարութիւնը շարունակեցին` Սաֆայի դաշտէն մինչեւ Պուրճ Համուտ իրենց վերադարձը:
Ինչ կը վերաբերի օրուան գլխաւոր իրաւարարին` Ժիհատ Ղարիպին, ան յաջողեցաւ շատ լաւ ձեւով կատարել իր պաշտօնը` գրեթէ ոչ մէկ թերացում արձանագրելով:
Գ. դասակարգի վերջնական դասաւորումը այժմ կը պարզէ հետեւեալը.
|
Յ. |
Հ. | Պ. | ՆՇ. | ՍՏ. |
ԿԷՏ |
|
| 1.- ԻսլահՊըրժՇիմալի |
3 |
0 | 0 | 10 | 3 |
9 |
| 2.- ՀՄԸՄ |
2 |
0 | 1 | 6 | 6 |
6 |
| 3.- ՇապապՀումինԹահթա |
1 |
0 | 2 | 2 | 5 |
3 |
| 4.- Շարք |
0 |
0 | 3 | 3 | 7 |
0 |
Նշենք, որ 3-րդ եւ 4-րդ դիրքերը` գրաւողները մնացին Գ. դասակարգ:
Ինչ կը վերաբերի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Լեռնալիբանանի նահանգին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պըժժէէն կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 2-1 արդիւնքով:

