Հաւատացեալներու Հոծ Բազմութեան Մը Ներկայութեան. Ս. Զատկուան Տօնակատարութիւնը` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ
Ս. Զատկուան եւ Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 20 ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Զատկուան Ս. պատարագ:
Իր խօսքը ուղղելով ներկայ հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ հայութեան` ցրուած աշխարհի բոլոր կողմերը, Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը նահատակութեան պատմութիւն է եղած, որովհետեւ հաւատարիմ գտնուած ենք քրիստոնէական արժէքներուն եւ սկզբունքներուն: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը նահատակութեան պատմութիւն եղած է, որովհետեւ մեկնելով աւետարանական ճշմարտութիւններէն, ամրօրէն կառչած մնացած ենք անկախութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան սրբազան սկզբունքներուն: Ա՛յս է մեր ճանապարհը այսօր եւս. ա՛յս պէտք է ըլլայ ճանապարհը ինքզինք Քրիստոսի հաւատարիմ հետեւորդ նկատող ազգի մը»:
Արամ Ա. կաթողիկոս ակնարկելով վերջին շրջանի Սուրիոյ անցուդարձերուն, ըսաւ. «Ընդունելի չէ, որ Մաալուլան` քրիստոնէական ներկայութեան խորհրդանիշը, պարպուի քրիստոնէական ներկայութենէն: Ընդունելի չէ, որ Քեսապը ցեղասպան թուրքին մեղսակցութեամբ պարպուի իր հայ բնակչութենէն: Իրաւունք չունին մարդիկ գաղթական դարձնելու իրենց հողերուն վրայ թէ՛ իսլամները ու թէ՛ քրիստոնեաները: Դարեր շարունակ քրիստոնեայ ու իսլամ միասին ապրած են, միասին ծաղկեցուցած են Միջին Արեւելքը եւ անոնք առաւել նուիրումով պիտի շարունակեն իրենց գոյակցութիւնն ու նաեւ մասնակցութիւնը իրենց երկիրներու յառաջդիմութեան»:
Պատարագին ներկայ գտնուեցան հայ պետական պաշտօնատարներ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

