Վարչապետ Սալամ. «Հարցը Դիմադրութեան Սկզբունքին Չի Վերաբերիր, Այլ` Ներքին Իմաստով Անոր Զէնքի Օգտագործումին»

Պիշըփ եւ վարչապետ Սալամ

Պիշըփ եւ վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճուլի Պիշըփը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Լեքս Փարթըլեմի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ հարցազրոյցի մը ընթացքին մաղթեց, որ այսօր իսկ կարելի ըլլայ հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը` աւելցնելով, որ ոչինչ կ՛արգիլէ նոր նախագահին անուան շուրջ համաձայնութեան մը գոյացումը, եթէ կարելի ըլլայ քաղաքական ուժերուն կամքը մէկտեղել:

Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանանի մէջ կը տիրէ 1970-ի կացութիւնը, երբ նախկին նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէ յաւելեալ քուէով մը նախագահ ընտրուած էր:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովական ծրագիրին գործադրութեան նուաճումը քաղաքական ուժերուն շնորհիւ արձանագրուած է: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի մթնոլորտ չի տիրեր` ընդգծելով միաժամանակ, որ յստակ է, թէ կայ շրջանային եւ միջազգային մակարդակի որոշում մը, որուն հիման վրայ պէտք է գործել:

Պատասխանելով Դիմադրութեան մասին հարցումի մը` Սալամ յայտնեց, որ հիմնական հարցը Դիմադրութեան սկզբունքին չի վերաբերիր, այլ` ներքին լիբանանեան իմաստով անոր զէնքին օգտագործումին:

Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց վերջ տալու Սուրիոյ մէջ լիբանանեան ներքին միջամտութիւններուն:

Share this Article
CATEGORIES