«Լիբանանի Թուրքեր»-ը Պիտի Բողոքեն Ռապիյա Զայեաթի Դէմ
ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
«Լիբանանի թուրքեր»-ը այսօր երեկոյեան բողոքի խաղաղ նստացոյց մը պիտի կատարեն «Ժատիտ» կայանի հաղորդավարներէն Ռապիյա Զայեաթի բնակարանին դիմաց:

Ռապիյա Զայեաթ
Թրքական ծագումով այս լիբանանցիները, որոնք հիւսիսային Լիբանանի Քուեշրա գիւղաքաղաքի բնակիչներն են, շեշտեցին, որ Զայեաթ զիրենք չհրաւիրելով եւ թուրքերուն յատուկ յայտագիր մը չյատկացնելով խտրութիւն դրած կ՛ըլլայ` նկատի ունենալով, որ ան արդէն իսկ հայոց, պաղեստինցիներուն, հալէպցիներուն եւ այլոց համար յայտագիրներ տրամադրած է:
Հակառակ անոր որ հաղորդավար Զայեաթ խաղաղ ցոյցը ծիծաղելի նկատած էր եւ շեշտած, որ անոր կարիքը չկայ եւ կարելի է այլ առիթով ծագումով թուրք քաղաքացիներուն յայտագիր մը տրամադրել, լիբանանցի թուրքերը կը պնդեն ցոյց կատարելու իրենց պատրաստակամութիւնը:
Նման քայլերու մասին միայն թուրքը կրնայ մտածել, իսկ մեզի համար զարմանալի պէտք չէ ըլլայ, որ անամօթաբար այդ քայլին դիմելու յարմարագոյն առիթը նկատուեցաւ 23 ապրիլի գիշերը, որպէսզի անոնք լսատեսողական լրատուամիջոցներուն ուշադրութիւնը գրաւեն եւ հաւանաբար մեծաթիւ քուեշրացիներուն կրելիք թրքական դրօշներով ու Էրտողանին լուսանկարներով լուսարձակները շեղեն Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը ոգեկոչելու համար տեղի ունենալիք մոմավառութենէն:
Անամօթաբար տրուած այս որոշումը եւ կատարուող այն հաստատումները, թէ Քուեշրայի բնակչութիւնը Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք մերժած է Լիբանանէն մեկնիլ եւ կառչած կը մնայ իր սովորութիւններուն, աւանդութիւններուն եւ թրքերէնին, Ապրիլ 24-ի նախօրեակին գարշելի եւ քստմնելի մթնոլորտ մը «կը ստեղծեն» եւ կը ներկայանան իբրեւ փաստեր` Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ ունեցած աշխուժ դերակատարութեան:
Սպասենք սակայն` տեսնելու համար, որ լիբանանեան լրատուամիջոցները Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն տարի մը առաջ ի՛նչ կեցուածք պիտի ցուցաբերեն եւ որո՛ւն առաջնահերթութիւն պիտի ընծայեն, սակայն մեր սպասումին ի տես արդիւնքները նաեւ պէտք չէ զարմանալի ըլլան…
Ի տես այս բոլորին, լիբանանահայութիւնը անշեղ պիտի մնայ պահանջատէրի իր կեցուածքէն եւ այս անգամ նոյն դահիճին` թուրքին գործած սպանդներուն պատճառով Պէյրութի Նահատակաց հրապարակէն պիտի յիշէ իր մէկուկէս միլիոն նահատակները, պիտի յիշեցնէ, որ ինքը միշտ կայ եւ պիտի մնայ ու պիտի պահանջէ իր արդար իրաւունքը` առանց անկէ դոյզն իսկ զիջելու:

