Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանի Առաջին Նիստը Պիտի Գումարուի Այսօր
Հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատու գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը.
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման համոզուած է, որ Լիբանանի մեծագոյն մարտահրաւէրն է շարունակել երթը եւ սահմանադրութեան ճշդած ժամկէտին մէջ ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահ մը:
Ան կոչ ուղղեց խորհրդարանը բաղկացնող երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն ապահովելու անհրաժեշտ ներկայութիւնը` ընտրել կարենալու համար երկրին յաջորդ նախագահը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային շահերը շատ աւելի բարձր են, քան արտաքին ու անձնական նեղլիկ շահերը:
Նախագահ Սլէյման յոյս յայտնեց, որ խորհրդարանը կարենայ ստանձնել իր պատասխանատուութիւնը եւ ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահ մը` նախքան 25 մայիս 2014-ը:
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երեկոյեան արտակարգ նիստէ մը ետք, պաշտօնապէս որդեգրեցին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի թեկնածութիւնը:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որմէ ետք, երեսփոխան Անուար Խալիլ հաստատեց, որ պլոքը ներկայ պիտի գտնուի նախագահական ընտրութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի արտայայտէ իր կեցուածքը:
Նշենք, որ երեսփոխաններ Միշել Մըր եւ Նէյլա Թուէյնի երէկ Այն Թինէէն յայտարարեցին, որ իրենք ներկայ պիտի գտնուին այսօրուան խորհրդարանական նիստին:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք, համախմբումի անդամ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ համախմբումը որոշած է սպիտակ քուէով մասնակցիլ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին:
Երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ուրախութեամբ հաստատեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքին վերակազմութիւնը եւ անոր անունով նախագահական ընտրութեան առաջադրեց երեսփոխան Հանրի Հըլուի թեկնածութիւնը:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Հանրի Հըլու կրնայ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը միացնող թեկնածու մը ըլլալ:
Իր կարգին, Հանրի Հըլու յայտնեց, որ ինք պատրաստ է քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ գործակցելու` աւելցնելով, որ հզօր նախագահն է, որ բոլոր ուժերը կը համախմբէ:
Հըլուի թեկնածութեան առաջադրումէն ժամ մը ետք, երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի այսօրուան նիստին եւ պիտի զօրակցի Սամիր Ժահժահի թեկնածութեան:
Իր կարգին, քաղաքացիական հասարակութեան միութիւններուն հովանաւորութիւնը վայելող թեկնածու Նատին Մուսա երէկ առաջադրեց իր թեկնածութիւնը եւ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց նախագահական իր ծրագիրը:
Մուսա շեշտը դրաւ տեսակարար փոխանցման շրջանի մը վրայ, որուն ընթացքին կ՛ամրապնդուի արդարութիւնը, կը վերանայ փտածութիւնը եւ երկրին բարգաւաճման համար կ՛օգտագործուին անոր պաշարները:
Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ երեսփոխան Ահմետ Քարամէ երէկ յետմիջօրէին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեցին, որ իրենք թէեւ պիտի մասնակցին այսօրուան նախագահական ընտրութիւններուն, սակայն նկատի պիտի ունենան Թրիփոլիի բնակչութեան տեսակէտը: Աւելի ուշ, անոնք յայտարարեցին, որ կը զօրակցին Հանրի Հըլուի թեկնածութեան:
Պէտք է նշել նաեւ, որ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխաններէն բաղկացող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, երեսփոխան Միշել Մըրի եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի` անոնց ներկայացնելով Սամիր Ժահժահի նախագահական ընտրութեան ծրագիրը:
Այն Թինէէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ այսօրուան նիստին ընթացքին իրենք կ՛ակնկալեն, որ Սամիր Ժահժահ ստանայ աւելի քան 50 քուէ:
Սթրիտա Ժահժահ անցեալ շաբաթ օր նոյն նպատակով այցելած էր նաեւ Ռապիէ, ուր ան հանդիպում մը ունեցած էր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

