ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախագահ Սլէյմանի Եւ Զօր. Աունի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներ Յակոբ Խաչերեան եւ Սեպուհ Յովնանեան, ընկերակցութեամբ` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երէկ այցելեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին մէջ տիրող քաղաքական մթնոլորտը` նախագահական ընտրութեան յատուկ խորհրդարանական նիստին նախօրեակին:
Կեդրոնական կոմիտէի նոյն պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

