Թրքական Սփիւռքի Ներկայացուցիչները Կը Պահանջեն Ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը

2204ABDEMԵւրոպայի Խաղաղութեան ժողովրդավարական խորհրդարանի խումբ մը անդամներ, որոնք կը նկատուին թրքական սփիւռքի ներկայացուցիչներ, երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած են, որ իրենք ապրիլ 24-ին պիտի այցելեն Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ պիտի կատարեն յայտարարութիւն` Թուրքիայէն պահանջելով ճանչնալ ցեղասպանութիւնը եւ կրել Եղեռնի ամբողջ պատասխանատուութիւնը:

Կազմակերպութեան անդամ, ազգութեամբ քիւրտ, Ֆրանսայի քաղաքացի Ռոժտա Եըլտըրըմ նաեւ ուրախութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ ըլլալուն համար եւ նշած, որ խորհրդարանի անդամ ըլլալով` Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդին քաջալերելու համար Հայաստան կը գտնուի: «Խաղաղութեան համար այստեղ ենք եւ կ՛ուզենք, որ այս հարցը խաղաղութեամբ լուծուի: Մեր այցելութեան նպատակը Հայոց ցեղասպանութեան օրն է, ցեղասպանութիւն ապրած բոլոր ժողովուրդները մեզի համար կարեւոր են, մենք կ՛ուզենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը ամէն տեղ ըսուի եւ ամէն տեղ ճանչցուի», ըսած է ան:

Վերջիններուս խօսքով` իրենք կ՛ուզեն, որ Թուրքիան իր պատմութեան հետ առերեսուի եւ ճանչնայ իր կատարածները, իսկ եթէ ատիկա չըլլայ, Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւն պիտի չըլլայ, եւ թուրք ժողովուրդը պէտք է առերեսուի այդ ոճիրին հետ:

Անդրադառնալով իրենց կազմակերպութեան` ան նշեց, որ հիմնադրուած է Եւրոպայի մէջ եւ կապ չունի թրքական կառավարութեան հետ: Անոնք Հայաստան գալէ առաջ ալ մամլոյ ասուլիսի հրաւիրած են եւ ըսած, որ Հայաստան կու գան: «Մենք 2013-ին ստեղծուած ենք, մենք կ՛ուզենք, որ Թուրքիոյ մէջ խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն ըլլայ», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ իրենք չեն պատկերացներ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւն առանց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:
Կազմակերպութեան կեդրոնը կը գտնուի Գերմանիոյ մէջ, սակայն բոլոր երկիրներուն մէջ խումբեր եւ աւելի քան մէկ միլիոն անդամ ունի:

Ասուլիսի միւս մասնակիցները, ազգութեամբ թուրք եւ Թուրքիոյ քաղաքացի Ալիէքպաֆ Փեքթաշ նոյնպէս նշեց, որ ուրախ է Հայաստան գտնուելուն համար: «Մենք կը ճանչնանք Ցեղասպանութիւնը եւ այսօր այստեղ ենք: Մենք այսօր նաեւ ալեւիներու ձայնը այստեղ բերելու համար եկած ենք, որովհետեւ Թուրքիոյ մէկ երրորդը ալեւի է», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս թուրք գործիչը կը պատկերացնէ Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման հոլովոյթը, Փեքթաշ ըսաւ. «Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պէտք է ներում հայցէ, հայերը ինչ կ՛ուզեն, Թուրքիան պէտք է կատարէ, մենք հայերու պահանջներուն կը զօրակցինք»:

 

Share this Article
CATEGORIES