Պոլսոյ Մէջ Սկիզբ Առին Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ձեռնարկները

«Հայ Թերթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման համախմբումը ապրիլ 24-ին շարք մը ձեռնարկներու ձեռնարկած է:

Անոնք պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 10:00-ին` Հայտարփաշա կայարանէն մահուան ուղարկուած մտաւորականները յիշատակելու արարողութեամբ:

Ժամը 13:00-ին հաւաքին մասնակիցները պիտի այցելեն 24 ապրիլ 2011-ին զինուորական ծառայութեան ընթացքին սպաննուած Սեւակ Շահին Պալըքչըի գերեզմանը:

Երեկոյեան յիշատակի արարողութիւն պիտի կազմակերպուի Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ:

Պոլսոյ մէջ երէկ եւս նոյն առիթով ձեռնարկներ նախատեսուած էին: Կը հաղորդուի, որ ձեռնարկներ պիտի կատարուին նաեւ այսօր: Կը նախատեսուին շարք մը քննարկումներ Ցեղասպանութեան փաստին, 1915-ին տեղի ունեցած դէպքերու եւ պատմութեան հետ առերեսուելու անհրաժեշտութեան նիւթերով:

Share this Article
CATEGORIES