Հոլլանտ Պիտի Մասնակցի Փարիզի Մէջ Տեղի Ունենալիք Ապրիլ 24-ի Ոգեկոչման

Ֆրանսուա Հոլլանտ
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ներկայ պիտի գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան 99 ամեակին նուիրուած պաշտօնական արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 24 ապրիլի երեկոյեան, Փարիզի Քանատա հրապարակին վրայ` Կոմիտասի արձանին առջեւ: Ֆրանսայի նախագահին գրասենեակը հաստատած է այս տեղեկութիւնը:
Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսային, որ «հանրապետութեան նախագահին միջոցով յարգանք պիտի մատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին: Ասիկա նշանակալի իրադարձութիւն է, զոր պէտք է գնահատել ըստ արժանւոյն` նկատի ունենալով Ֆրանսայի միջազգային հեղինակութիւնը», նշած է խորհուրդը:
«Հանրապետութեան նախագահին ներկայութիւնը ցոյց կու տայ անոր հաւատարմութիւնը` իր յանձնառութիւններուն», նշած է խորհուրդը` նկատի ունենալով նախագահական ընտրարշաւին ընթացքին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի տուած խոստումը` Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի արարողութիւններուն ներկայ ըլլալու առումով:
Ֆրանսայի ղեկավար ընտրուելէն ի վեր Հոլլանտ առաջին անգամ ըլլալով է, որ ներկայ պիտի ըլլայ ապրիլ 24-ի ոգեկոչման ձեռնարկին:
«Ներկայութիւն` իր Հայաստան մեկնելու նախօրեակին, միջազգային լարուած իրավիճակին մէջ, դրոշմուած Քեսապի ցեղային մաքրազտմամբ, ինչպէս նաեւ թրքական կառավարութեան ժխտողականութեան արմատականացմամբ: Ֆրանսայի նախագահին խօսքը յատկապէս կարեւոր է եւ սպասելի Ֆրանսայի, ինչպէս նաեւ անոր սահմաններէն դուրս գտնուող քաղաքացիներուն համար», շեշտած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը` կոչ ուղղելով ֆրանսացիներուն բազմամարդ մասնակցութիւն բերելու ապրիլ 24-ի ոգեկոչման:

