ՀՅ Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչները Ներկայացուցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Ժողովի Որոշումները

Արմէն Ռուստամեան եւ Աղուան Վարդանեան (Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)

Արմէն Ռուստամեան եւ Աղուան Վարդանեան
(Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)

«ՀՅԴ-ն համաձայնական կառավարութիւն պիտի չկազմէ իշխանութիւններուն հետ եւ կառավարութեան մէջ պաշտօններ պիտի չստանձնէ», ՀՅԴ 18-րդ Գերագոյն ժողովի որոշումը, որ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի դիրքորոշումն էր, երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողներուն փոխանցեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ Արմէն Ռուստամեան եւ Աղուան Վարդանեան:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ 18-20 ապրիլին Աղուերանի մէջ գումարուած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը վերահաստատեց, որ ՀՅԴ-ն մաս պիտի չկազմէ համաձայնական կառավարութեան եւ պիտի գործէ ընդդիմութեան դաշտին մէջ:

Արմէն Ռուստամեան անգամ մը եւս անդրադարձաւ այն պատճառներուն, թէ ինչո՛ւ Դաշնակցութիւնը մերժած է մաս կազմել համաձայնական կառավարութեան:
Ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը իշխանութիւններէն չէ ստացած ամբողջական երաշխիք, որ ընդունելի է իրենց ներկայացուցած առաջարկներու ծրարը` «7 կէտերը»:

«Իշխանութիւնները այդ դուռը բաց ձգած են` ըսելով, որ տակաւին կ՛անդրադառնան այդ 7 կէտերուն: Եթէ մեր առաջարկները ընդունուէին, մենք պատրաստ էինք ստանձնելու ամբողջական պատասխանատուութիւն, որպէսզի յստակ ժամանակացոյցով իրականացուէին այդ 7 կէտերը: Համաձայնական կառավարութեան մաս կազմելը ինքնանպատակ չէ. չէ՞ որ 2009-ին մենք համաձայնական կառավարութենէն դուրս եկանք` իշխանութիւններուն կողմէ այդ 7 կէտերու խախտման պատճառով: Եւ մեր յարաբերութիւնը նոր կառավարութեան հետ պայմանաւորուած պիտի ըլլայ, թէ որքանո՛վ կառավարութիւնը այդ 7 կէտերը կ՛իրականացնէ», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով, որ այդ պարագային Դաշնակցութիւնը պատրաստ է ներդնելու իր ներուժը համակարգային փոփոխութիւններ իրականացնելու նպատակով:

Ինչ կը վերաբերի նախագահի հրաժարականը պահանջելուն, Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը պէտք է համոզուած ըլլայ, որ մարդոց փոփոխութենէն ետք պիտի ըլլայ այնպիսի փոփոխութիւն մը, որ նոյն բանը չկրկնուի:

Ըստ Ռուստամեանի, մարտավարական առումով տեղին է ոչ միայն «դէմ» խօսիլը, այլ տրամաբանական քայլերու տեսլական ունենալը, քանի որ ժողովուրդը կ՛ուզէ տրամաբանուած քայլեր, որոնք աւելի մեծ առիթ կ՛ընծայեն իշխանափոխութեան համար:

Հայաստանի մէջ գործող կառավարման համակարգը չի նպաստեր երկրին զարգացման, ահա թէ ինչու սահմանադրական փոփոխութիւններ պէտք են, ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` մեկնաբանելով Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի այն կարծիքը, թէ սահմանադրական բարեփոխումները երկրին անհրաժեշտ են այն ժամանակ, երբ գործող սահմանադրութեամբ այլեւս կարելի չէ առջեւ երթալ:

Մեկնաբանելով այն կարծիքը, որ Դաշնակցութիւնը դաշտը կը բանայ Ռոպերթ Քոչարեանի համար, Ռուստամեան ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը պէտք չունի ոեւէ մէկուն համար դաշտ ապահովելու` տրուած ըլլալով, որ կուսակցութիւնը կը գործէ իր սկզբունքներով: Ան նշեց, որ սահմանադրական բարեփոխումներու հարցին մէջ Դաշնակցութեան եւ Ռոպերթ Քոչարեանի տեսակէտներուն միջեւ տարբերութիւն կայ:

Աղուան Վարդանեան իր կարգին յայտնեց, որ իրենց 7 կէտերով երկրին մէջ տնտեսական, ընկերային, արտաքին քաղաքականութեան մարզերուն մէջ եւ համակարգային փոփոխութիւն կ՛ենթադրուի: «Անոր համար մենք կարեւոր կը նկատենք թէ՛ հասարակական, թէ՛ քաղաքական ուժերու համախմբումը: Փորձենք համոզել, որ այս ծրարը իսկապէս ելք է երկրին մէջ արմատական փոփոխութիւններ կատարելու համար: Որքան մեծ ըլլայ համախմբումը, այնքան դիւրին կ՛ըլլայ այդ փոփոխութիւնները կեանքի կոչելը»:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը նշեց, որ խորհրդարանին մէջ չորս ոչ իշխանական ուժերուն միջեւ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի, թէեւ կան շարք մը հակասութիւններ տարբեր քաղաքական ուժերու միջեւ: Սակայն, ըստ անոր, միշտ ալ կարելի է գտնել քայլեր եւ ընելիքները, որոնց շուրջ համաձայնութիւն կը գոյանայ չորս ուժերուն կողմէ` դառնալով լրացուցիչ ճնշում իշխանութեան վրայ:

«Մենք դէմ ենք, որ սահմանադրական փոփոխութիւնները յետաձգուին, ու այստեղ տարակարծութիւններ ունինք երկրի նախագահին հետ: Եւ մենք պատրաստ ենք ոեւէ պաշտօնեայի հետ` ըլլայ վարչապետ, թէ նախագահ, քննարկել ու ներկայացնել մեր փաստարկները», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

Անդրադառնալով ՀՅԴ-ի ղեկավար մարմինին մէջ Սպարտակ Սէյրանեանի եւ Արսէն Համբարձումեանի չընդգրկուելուն` Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ անոնք չեն ընտրուած իրենց անձնական ցանկութեամբ, անձնական խնդիրներու եւ զբաղուածութեան պատճառով, այլ ոչ թէ ուրիշ պատճառով: «Անոնք մեր լաւ ընկերներն են եւ պիտի շարունակեն գործել Գերագոյն մարմինին հետ: Յառաջիկային այլ աշխատանքներու մէջ զանոնք կը տեսնէք», ընդգծեց Վարդանեան:

 

Share this Article
CATEGORIES