«Նախագահ Օպաման Հայոց Ցեղասպանութեան Առնչութեամբ Ծանրակշիռ Յայտարարութիւն Պիտի Կատարէ» Կ՛ըսէ Դեսպան Հեֆըրն
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ ծանրակշիռ յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գայ, յայտարարած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, 21 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ «Առաջին Աշխարհամարտ. դաշնակիցներ, անհատներ, կոտորածներ» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացման արարողութեան ընթացքին:
Անոր համաձայն, արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրին եւ նախագահ Պարաք Օպաման քաջատեղեակ են 1915-ի իրադարձութիւններէն: «Նախագահին յայտարարութիւնը խիստ ծանրակշիռ պիտի ըլլայ, պիտի ճանչցուի 1.5 միլիոն հայերու կոտորածին փաստը, բայց ես չեմ կրնար անոր փոխարէն ըսել, թէ ճիշդ ի՛նչ բառեր պիտի օգտագործուին», յայտնած է դեսպանը:
CATEGORIES Հայկական

