Խմբագրական. Այո՛.Երիտասարդութիւնը Մեր Ներկա՛ն Է
Իր ձեւին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ապրիլեան երիտասարդական հսկումի հաւաքը կը փոխարինուի քայլարշաւ-մոմավառութեամբ եւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ հաւաքով: Նախաձեռնութիւնը իր վրայ կը կեդրոնացնէ դիտարկումի եւ արժեւորման քանի մը կէտեր:
Ա.- Եղանակը նոր է: Առաջադրուածը արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած զանգուածային բնոյթով համաժողովրդային քայլերթը չէ: Երբ կը յայտարարուի, որ տուներէն, գործատեղիներէն, կեդրոններէ եւ թաղամասերէ խումբ-խումբ պիտի ուղղուինք դէպի Նահատակաց հրապարակ, պատկերացնել կու տայ մարդկային ինքնաբուխ հոսք մը. առանց մեկնակէտի, առանց տրուելիք ազդանշանի, ժողովուրդը ընդառաջելով 100-ամեակի երիտասարդականի կոչին, մոմերով պիտի ընթանայ դէպի Պէյրութի սիրտը: Նախանցեալ տարուան դէպի թրքական դեսպանատուն իրականացած քայլարշաւ-բողոքի ցոյցէն եւ անցեալ տարուան սփիւռքի մէջ առանձնացող համաժողովրդային քայլարշաւէն ետք, որուն աւարտը դարձեալ Պէյրութի ամէնէն մարդաշատ ցոյցեր ընդունող հրապարակն էր, այս տարուան քայլարշաւ-մոմավառութիւն-հաւաքը իբրեւ ձեւ եւս նորութիւն կը յուշէ:
Բ.- Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը արդէն կ’ընդգծէ 100-ամեակի սեմին ըլլալը: Բնական էր այն հարցին շրջանառութիւնը, ըստ որուն, մեծ ու համաժողովրդային ձեռնարկը կը վերապահուի 100-ամեակին: Միաժամանակ սակայն, 100-ամեակը նախանշելու ժողովուրդին կողմէ շեշտուած պահանջը եւս յայտնապէս նկատի առնուած է 100-ամեակի երիտասարդական մարմնին կողմէ, որ այս քայլով համաժողովրդային պահանջի գոհացում տալու փորձ կը կատարէ:
Գ.- Անգարայի աշխուժութիւնը ընդհանրապէս տարածաշրջանին եւ յատկապէս այս պարագային Սուրիոյ մէջ, անպայման փողոց դուրս գալու եւ պահանջատիրական ձայնը լիբանանցի ժողովուրդին, միջազգային հանրային կարծիքին եւ մանաւանդ հակառակորդին լսելի դարձնելու ընդհանուր տրամադրութիւն յառաջացուցած է: Այն ինչ որ կատարուեցաւ Տէր Զօրի մէջ, այն ինչ որ տակաւին երէկ արձանագրուեցաւ Քեսապի մէջ եւ այն ինչ որ կը կատարուի այսօր Հալէպի մէջ թրքական գործօնի աշխուժ ուղղակի-անուղղակի դերակատարութեամբ մեզ բոլորս կը դնէ մեր պահանջատիրական շեշտերը քաղաքական ամուր ենթահողի վրայ ամրակայելու հրամայականին դիմաց: Այստեղ սակայն մեր երիտասարդութիւնը ինքնատիրապետման մակարդակ ցուցաբերելու բոլոր պատճառները ունի: Իր յայտարարութիւններուն եւ խօսքերուն մէջ չափի գիտակցութեան դրսեւորումը, խնդիրները սահմանազատելու, երթն ու մոմավառութիւնը իբրեւ յիշատակի յարգում, իբրեւ բողոք եւ իբրեւ արդարութեան պահանջ առանձնապէս ցեղասպանական քաղաքականութեան ուղղութեամբ իրականացնելու գիտակցութեան հրաւիրուած է: Միաժամանակ անշուշտ լոյսին բերելու Անգարայի տխուր դերակատարութիւնը տարածաշրջանին մէջ արձանագրուող դէպքերուն:
Դ.- Դէպի Պէյրութի կեդրոն ուղղուելու այս նախաձեռնութիւնը յայտնապէս կ’առաջադրէ կողմնորոշել ոչ հայ տարրին կարծիքը: Մոմավառութեամբ ընկերակցող երթը կրնայ յաւելեալ տպաւորութիւն ապահովել եւ գրաւել ինչպէս լիբանանցի ժողովուրդին, այնպէս ալ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն ուշադրութիւնը:
Ձեռնարկին երեկոյեան ըլլալը, ժողովուրդին իւրայատուկ ձեւով փողոց դուրս գալը, մոմավառութիւնն ու կեդրոնական Պէյրութ հաւաքուիլը ինքնին ուշագրաւ գործողութիւններ են: Կը մնայ, որ կազմակերպողները նախապէս եւս աշխատանք տարած ըլլան իրազեկելու լիբանանեան լրատուամիջոցները ըլլալիքին մասին:
Ե.- Եւ վերջապէս, նշենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի նշումի կեդրոնական ձեռնարկը այս ձեւով տեղի կ’ունենայ ապրիլ 24-ի նախօրէին: Չմոռնանք, որ կեդրոնական ձեռնարկը վստահուած է երիտասարդութեան: 100-ամեակի տարազին տակ լիբանանահայ համայնքի բաղկացուցիչ հիմնական բոլոր շրջանակներու երիտասարդական ներկայացուցիչներու համախումբ եւ արդիւնաւէտ աշխատանքն է, որ գաղութի պատմութեան պիտի յանձնէ Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցի նշումը: Անգամ մը եւս վերահամոզելով բոլորս, որ այո՛, երիտասարդութիւնը մեր ապագան չէ միայն. երիտասարդութիւնը մեր ներկա՛ն է:

