Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր մտածումները յայտնեցէք այնպիսի մարդոց, որոնք լսել գիտեն, կրնաք օգտուիլ: «Խոզերուն առջեւ ադամանդ չեն թափեր»: Միտք պահեցէք այս իմաստուն խօսքը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր խոստումին տէրը եղէք, մանաւանդ եթէ մանուկ կամ պատանի են ձեր վրայ վստահութիւն ունեցողները: Ճշմարտախօսը շատ կը սիրուի, հաւատացէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Տալը առնելէ աւելի լաւ է: Այսօր չափաւոր եղէք ձեր առածին եւ մանաւանդ` ձեր տուածին: Ամէն ինչ արժէք ունի իր չափաւորութեան մէջ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ գտնուիք բազմաթիւ անձերու ներկայութեան, հետեւեցէք անոնց զրոյցին, բայց երբ նկատէք, որ սխալ կարծիքներ կամ լրատուութիւն կը կատարուի, ճշդեցէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Տնային պարտաւորութիւններ ունիք, խանգարուած գործիք մը կամ` ելեկտրականութեան յատուկ նորոգութիւններ: Ուշադրութեամբ հետեւեցէք աշխատանքին:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դժկամութեամբ ներկայ պիտի ըլլաք տեղ մը, բայց երբ հոն հանդիպիք պատուական անձերու, պիտի ուրախանաք: Անոնց հետ զրոյց պիտի ունենաք սիրով:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուր որ հրաւիրուած էք, մի՛ մերժէք: Առանց հրաւէրի ներկայ մի՛ ըլլաք որեւէ տեղ, որպէսզի ձեր արժէքը բարձր մնայ: Օրը ունի ընտրութիւն կատարելու լաւ առիթ մը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Անդրադարձէք այն սխալին, զոր գործած էիք քանի մը օր առաջ: Նոյն սխալը մի՛ գործէք, որքան ալ ձեզ համոզելու փորձեր ըլլան: Ինքնավստահ եղէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ յիշատակները հաճելի են, զանոնք պատմեցէք իբրեւ ուսանելի դէպքեր, բայց տխուր եւ ոչ օգտակար անցեալի մը մասին մի՛ արտայայտուիք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Երազելը հոգեկան խաղաղութիւն կու տայ, բայց նոյն ատեն անկարելին մի՛ ցանկաք երազելով կամ միտք մաշեցնելով: Պարզ կեանքի մը հետեւեցէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Արեւը օգտակար է, երբ ցուրտ է եւ մութ. այսուհանդերձ, նոյն ջերմացնող արեւը վտանգաւոր կը դառնայ, երբ չարաչար օգտագործել կ՛ուզէք: Գիտցէք տարբերութիւնը օգտակարին եւ վնասակարին: Խոհեմ մնացէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շատախօս անձերէ հեռու մնացէք, որպէսզի ձեր ժամանակը զուր չանցնի: Օրը ունի աշխատելու եւ ստեղծագործելու հիանալի առիթ, օգտուեցէք:

Share this Article
CATEGORIES