50 Տարի Առաջ (24 Ապրիլ 1964)
Խմբագրական
Ապրիլ 24
Կար ժամանակ, երբ այս չարաշուք թուականին հայ ժողովուրդը արցունքով եւ սուգով կ՛ոգեկոչէր յիշատակը իր նահատակներուն: Կար ժամանակ, երբ նորահաս սերունդի աչքերուն առջեւ կը պարզուէին տեսարանները անպատում ոճիրներու, ականատեսի վկայութեամբ:
Այդ ժամանակները անցած են:
Այսօր, երբ կ՛ոգեկոչենք մեր անմահները, ո՛չ արցունք կայ մեր աչքերուն մէջ եւ ո՛չ ալ ողբ` մեր խօսքերուն: Այլ միայն` ինքնավստահութիւնը մեր ուժին եւ կենսունակութեան, որ կը բխի ժողովուրդի մը ապրելու անընկճելի կամքէն:
Եթէ մեր ժողովուրդը արցունքո՛վ միայն տուրք ընծայած ըլլար ապրիլեան նահատակներուն, ապահովաբար ապրողները աւելի անշունչ եղած ըլլային, քան` մեռնողները…
Անկենդան բազմութիւններ են այն ժողովուրդները, որոնք սգահանդէսներով միայն կը յարգեն իրենց մեռելները` յետմահու անոնց գործը եւ «արե՜ւ օրերը» աւաղելով:
Փա՛ստն այն է մեր պարագային, որ հին թէ նոր բոլոր զարհուրանքները, բոլոր տեսակի բարբարոսութիւնները եւ անոնց հետեւանք` մեր կոտորակումը, մեր մէջ կիրքի վերածեցին ապրելու կամքը: Ո՛չ միայն ծունկի չկրցան բերել մեզ, այլեւ մղեցին կոթողումի: Ո՛չ միայն ստրուկ չդարձուցին մեզ, այլեւ մղեցին ծառացումի:
Իր պատմական առաքելութեան եւ յաւերժութեան հաստատ գիտակցութիւնն ունեցող ժողովուրդ մը միայն կրնար արհաւիրքէն ետք վերածնիլ ու ծաղկիլ` ի խնդիր նոր պայքարներու:
Սուղ վճարեցինք պատմական փաստը մեր անմահութեան: Միլիոններ զոհ գացին մահուան խորշակին, հարիւր հազարաւորներու բազմութիւն մը մնաց անտէր անտիրական, որբերու բանակ մը ծանրացաւ մեր ուսերուն, ու հակառակ այս բոլորին` Սասունցի Դաւիթի ոգին մրրկեց մեր հոգին, տուինք ահաւոր պատգամը` պատմութեան եւ աշխարհին առջեւ:
– Կենդանի՛ ենք:
Ժողովուրդի մը ընդերքէն շեփորուող այս կանչը հետզհետէ ծաւալեցաւ, ծնունդ տուաւ հրաշքներու, որոնք ապրիլէն ետք ծագեցուցին Մայիսեան Արշալոյսը հրաշափառ` Աւարայրի նոր ճակատամարտով մը:
Անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր կրակի եւ արեան գիծերէ կ՛անցնի հայը: Եւ մեր պատմութիւնը հազի՜ւ թէ կրնայ սահմանել յաջորդական ջարդերու, սպանդի եւ նահատակութեան այդ դրուագները իրենց իսկական իմաստին եւ տարողութեան մէջ:
Չենք գտներ որեւէ ժողովուրդ, որ մեզի չափ հայրենիքէն դուրս, սակայն մեզի չափ հայրենիքին հետ եղած ըլլայ, փոյթ չէ թէ իր սահմանափակ համրանքը թափած ըլլայ հինգ աշխարհամասերու ծայրամասերուն: Հայաստանը մեզմէ ամէն մէկուն հետ եղած է քիչ մը ամէն տեղ` նո՛յնքան բաբախուն ու կենդանի, նո՛յնքան տրոփուն ու հարազատ, նո՛յնքան անայլայլ եւ իրական:
Ապառաժ դարձած է մեզի համար մեր հայրենասիրութիւնը, երբ թշնամին կը սպասէր, որ փուլ գայինք աւազներուն վրայ:
Հայը հպարտ ժողովուրդ է: Այս հպարտութեամբ է, որ սգահանդէսները այսօր կը վերածէ ոգեկոչումի դրական արայայտութեան մը` պարզապէս կամուրջ ստեղծելուվ նահատակ սերունդի ազգային իտէալին եւ մեր վաղուան ոգորումներուն միջեւ:
Ու այսօր, ի՛նչ կը տեսնենք մեր շուրջը: Հոգեպէս գօտեպնդուած ժողովուրդ մը, որ իր նահատակներու իտէալին ուխտով կ՛աճի ու կը բարգաւաճի պատմական որեւէ շրջանէ աւելի, հիմա փաստելով իր հարուստ հայեցիութիւնը:
Որեւէ ատենէ աւելի, հակառակ արտաքին ու ներքին բոլոր վտանգներուն, հայութիւնը` վստահ իր անմահութեան, յաւիտենական ճամբորդները Մեծ Երազին, բոլոր մաշումներուն դէմ հպարտօրէն ցցած է ազգային տոկունութեան իր հոգեկան բերդերը:
Ասոր համար ալ ապրիլեան խորհուրդին լրիւ ու գիտակից ըմբռնումով, երբ կ՛ոգեկոչենք մեր նահատակներուն յիշատակը, մեր դէմքը կը պայծառանայ, հոգին կը լուսաւորուի` ի տես այն յաղթանակներուն, որ տարագիր հայութիւնը տարաւ նախ ի՛նքն իր վրայ, ապա` արտաքին մութ ուժերուն դէմ:
Ապրիլ 24-ները որքա՛ն մեր նահատակներու հոգիին հետ հաղորդուելու սրբազան պահեր են, նո՛յնքան եւ աւելի առիթներ` հաստատելու յաղթանակը ժողովուրդի մը, որ պողպատեայ կամքով կը քալէ անմահութեան ճամբաներուն վրայ:

