Հայոց Ցեղասպանութեան Ընդդիմացած Շէյխ Սայիտը

Թրքական «Թարաֆ» թերթին մէջ Իպրահիմ Սետիեանի` Ֆրանքֆուրթէն կը գրէ, որ 1915-ի օրերուն կային քիւրտ մտաւորականներ, որոնք հրովարտակներ հրատարակելով` բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուած էին հայերու դէմ գործադրուող զուլումներուն դէմ: Ասոնց կարգին էին շէյխ Սայիտ էֆէնտին, անոր եղբայրը` շէյխ Մեհտի էֆէնտին, շէյխ Ապտուլլահ էֆէնտին եւ ուրիշներ:

«Շէյխ Սայիտ էֆէնտի Բալուի կրօնապետն էր: Ան կառավարութեան դէմ հրովարտակ մը հրատարակեց, սաստիկ հակառակեցաւ կառավարութեան կողմէ տրուած որոշումներուն եւ ըսաւ, թէ իրենց կրօնքին հակառակ է մեծ, պզտիկ, մանուկ, չափահաս բնաջնջելը: Ան ըսաւ նաեւ, որ ճիշդ չէ այն ընդհանուր մտածողութիւնը, թէ հայ ժողովուրդի կեանքին վերջ տալը եւ անոր ինչքերուն տիրանալը «հալալ է»: Իսլամ կրօնքին համաձայն, ի՛նչ ալ ըլլայ մարդ արարածին ծագումն ու ցեղային պատկանելիութիւնը` բոլորին կեանքը, ապրանքը ու պատիւը կառավարութեան կողմէ ապահովութեան տակ պէտք է առնուին», գրած է Սետիեանի:

Այս հրապարակումներուն համար, շէյխ Սայիտ 1915 թուականին աքսորուեցաւ: Զայն աքսորելէ ետք է, որ սկսան հայկական տեղահանութիւնները: Թերթը կը գրէ, որ շէյխ Սայիտի կողմէ Հայոց  ցեղասպանութեան դէմ եղող հրովարտակին իսկական օրինակը ներկայիս կը գտնուի Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES