Կեսարիոյ Համալսարանը Կը Մերժէ Հովանաւորել Ցեղասպանութեան Ուրացումը

Պոլսոյ համալսարանի գիտաշխատող Մեհմետ Փերինչեք ծրագրած էր ապրիլ 22-ին Կայսերի (Կեսարիա) քաղաքի «Էրճիյէս» համալսարանին մէջ կազմակերպել «Հայոց ցեղասպանութիւնը` կայսերապաշտական սուտ» խորագիրով խորհրդաժողով մը, սակայն թրքական «Օտա Թի.Վի.» կայանը ուրբաթ, ապրիլ 18-ին հաղորդեց, թէ համալսարանի համապատասխան յանձնաժողովը մերժած է սոյն խորհրդաժողովին իրականացումը:

Փերինչեք դատապարտած է այս որոշումը` զայն համալսարանին համար խիստ ամօթաբեր համարելով: Ըստ անոր` շատ կարեւոր էր, որ խորհրդաժողովը յատկապէս ապրիլ 24-էն առաջ տեղի ունենար, որպէսզի տեղւոյն բնակիչները «ծանօթանային պատմական ճշմարտութեանց»: Փերինչեք այդ մերժումը համարած է քաղաքական հանգամանքներով պայմանաւորուած որոշում:

Նշենք, որ Մեհմետ Փերինչեք որդին է Զուիցերիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը հերքելուն համար դատապարտուած, իսկ աւելի ուշ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին կողմէ անմեղ հռչակուած` Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան տխրահռչակ ղեկավար Տողու Փերինչեքի:

Share this Article
CATEGORIES