Անմոռանալի 100 Տարիները. (Յիշելով Ցեղասպանը)

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

10151291Ազգերն աշխարհի` արեւելքէն արեւմուտք եւ հիւսիսէն մինչեւ հարաւ, կը զարմանան անկասկած, թէ տարիներ ետք հարիւր, հայերը ողջ աշխարհին, դեռ կը յիշեն մոմավառ, նահատակներն անմեղ:

Ազգերն համայն աշխարհի, կը նային թուրքին, որ չի գիտեր ամչնալ, իր սարքած մեծ ոճիրէն, եղեռնէն միլիոններու: Անապատները Սուրիոյ, Տէր Զօրէն մինչ Մարկատէ, Շետտատէ եւ Մուսուլ, Իրաք, նահատակները ունեցան ոչ իսկ քար մը իբրեւ գերեզման:

Սուլթան Համիտէն մինչեւ Էրտողան, նոյն ցեղասպանն են, ուրացողը նենգ:

Բայց ինչպէ՞ս եղաւ եւ ինչո՞ւ, որ հայերն համայն երբեք չմոռցան եղեռնը այդ մեծ, որ սկիզբ էր առած 1895-ին, 1915-էն 20 տարիներ առաջ, Կիլիկիայէն մինչեւ Մեծ Հայք: Սպանդը այս համատարած, կոչեցին մեծ ջարդ (պէօյիւք ղըթալ)…

1915. առաջին ջարդը չէր, ինչպէ՞ս մոռնանք ջարդն Ատանայի, 1909 թուին, եւ քաղաք մը շէն կոտորեցին, 20,000 նահատակ եւ աւելի, ինչքեր ու կալուած, արտեր ու այգի, հրոյ ճարակ ու մոխիր: Երգը վկան է այս նոյն եղեռնին.

«Կոտորածն անգութ, հայերը թող լան,
Աւերակ դարձաւ շքեղ Ատանան…»:

Յիշեցինք արդէն 1895-ի ջարդերը, Կիլիկիան էր դարձեալ թիրախը ջարդարարին, Զէյթուն, Մարաշ, Այնթապ եւ շրջապատ: Ո՞ր մէկը յիշենք: Թուրքն է միշտ, որ էր երբեմն կը կոչուէր օսմանցի: Նոյն արմատն է, նոյն ցեղը, թրքութեամբ…

Նիւրեմպերկ պէտք էր: Թալէաթ փաշան եղաւ դիտապաստ, վրիժառու Սողոմոնին գնդակով: Ունեցանք քաջեր Արշաւիր Շիրակեան, Միսաք Թորլաքեան, Արամ Երկանեան եւ ընկերներ, Եւրոպայէն մինչեւ Կովկաս սարսափ սփռեցին:

Տարագրուած հայութիւն, տեղահանուած ժողովուրդ: Թափուր մնացած վանքեր, եկեղեցիներ, դպրոցներ ու սրբավայրեր:

1980-ական թուականներու սկիզբին հայրենասէր երիտասարդներ ընդվզեցան, իրենց արեան գինով յիշեցուցին Թուրքիոյ պետութեան, որ ընդունի սարքած անլուր ոճիրը, մէկուկէս միլիոն նահատակներուն դահիճը ըլլալու աններելի մեղքը:

Հինգ անձնազոհ երիտասարդներ Պէյրութէն գացին Լիզպոն հաշիւ պահանջելու թուրքէն: Սագօ, Վաչէ, Սիմոն, Սեդրակ ինքնազոհ հերոսներ դարձան: Աշխարհ լսեց այս անկարելի զոհաբերումին մասին, բայց մնաց լուռ` առաջնորդութեամբ «աշխարհասասան» տէրութիւններու:

Թուրքն է այսօր, որ փոխած է իր երէկուան գիրն ու գրականութիւնը, արաբերէն լեզուն, զոր կոչած էր անիրաւօրէն օսմաներէն, փոխեց իր կերպարանքը լեզուէն ու գիրէն սկսեալ, որդեգրեց լատինատառերը, որպէսզի ինքզինք զգայ քաղաքակրթուած, մեծ մշակոյթի տէր ազգ մը:

Եկաւ Էրտողան, իբրեւ բարեկարգիչ եւ իր հաւատքին տէր թուրք: Պարտադրեց կարդալ Թուրքիոյ տարածքին ցուցադրուած «Երանի թուրք եմ» ըսողին կարգախօսը, բայց չկրցաւ հասնիլ իր նպատակին, որովհետեւ իր դէմ ելան նոր գաղափարներով լիացած թուրք մտաւորականներ, Թաներ Աքչամներ, Ֆեթհիէ Չեթիններ եւ շատեր, որոնք պահանջեցին Կիւլէն եւ Էրտողանէն, ճանչնալ օսմանեան պետութեան պատմութիւնը, զոր լաւ սերտած են:

Տաւութօղլուներ պէտք է լաւ գիտնան, թէ «Ճառագայթը չի թաղուիր» եւ ճշմարտութիւնը կարելի չէ սպաննել: 100 տարիները նշանակութիւն չունին պատմութիւն կերտած ազգերու համար: Թուրքը ինքն ալ լաւ գիտէ, թէ տիրապետած է մինչեւ եւրոպական հողերու, 400 տարի իշխած է Արեւելեան կողմն աշխարհի, յոխորտած է տիրապետած  ըլլալուն համար Սուրիոյ, Լիբանանի, ուր գլխիկոր մնացած են Ճեմալ փաշաներ, Հալիտէ Հանըմներ, հայ որբուկները թաղած ըլլալու մեղքէ՞ն թէ ամօթէն:

1970-ական թուականներու սկիզբը, ամառնային օր մը Պիսքանթայի մէջ դրացի 90-ամեայ պառաւին  հարցուցի:

– Օսմանցիին պատերազմին ինչպէ՞ս ապրեցաք…

Պառաւը պահ մը մտածեց, տարտամ նայուածքը դէպի հեռու, յիշողութիւնը արթնցնելու ջանքով ըսաւ.

– Եա պընթի/աղջիկս/, ուրկէ՞ բերիր  այս չարիքը: Գիւղին մէջ մնացինք անօթի: Թուրքը մեզ սպաննեց անօթութեամբ: Ես երեխայ էի, կու լայի, ուտելիք չունէինք: Թուրքը թալանեց աւերեց արտ ու այգի:

Պուրճի հրապարակին վրայ բարձրացած Նահատակաց յուշարձան կոթողը կը վկայէ 16 մտաւորականներու, գրողներու, խմբագիրներու կախաղան բարձրացած ըլլալը: Մոմավառութիւն կայ, յուշարձանին շուրջ բոլորը համախմբուած մեր ժողովուրդը պիտի յիշէ այս ամէնը եւ անգամ մըն ալ իր սրտին խորէն պիտի գոչէ. անէծք թուրքին…:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES