Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Ձեռնարկներ Պոլսոյ Եւ Տիգրանակերտի Մէջ
Ապրիլ 24-ին, Պոլսոյ մէջ ոգեկոչման ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան Հայկական ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Հայտարփաշա» շոգեկառքի կայարանին առջեւ պիտի կայանայ հաւաքոյթ մը` ի յիշատակ 1915-ին աքսորուած ու սպաննուած մտաւորականներուն, այնուհետեւ յիշատակի արարողութիւններ պիտի սարքուին Թաքսիմի հրապարակին վրայ:
Եւրոպայի հակացեղապաշտ շարժումէն ու Համահայկական Բարեգործական Միութեան եւրոպական մասնաճիւղէն պատուիրակութիւն մը, թուրք գործիչներու հրաւէրով Պոլիս եկած է, Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու նպատակով:
Եւրոպական երկու կազմակերպութիւնները ու թրքական «Տուր տէ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները ապրիլ 25-ին պիտի այցելեն նաեւ Երեւան` մասնակցելու համար յիշատակի արարողութիւններուն:
Եւրոպական պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ հակացեղապաշտ 20 կազմակերպութիւններու առաջնորդներէ ու 15 երկիրներէ ժամանած հայերէ:
Այս նախաձեռնութեան կ՛աջակցին բազմաթիւ յայտնի դէմքեր, որոնց կարգին` Շարլ Ազնաւուր, Սերժ Քլարսֆելտ, Պեռնար Քուշներ, Տարիօ Ֆօ, Էտըմ Միխնիք, Պեռնար Անրի Լեւին, Թահար Պենճելու, Ահմետ Ինսալ, Օլիվերօ Թոսքանի, Յովան Տիվնեաք, ինչպէս նաեւ եւրոպական, թրքական ու հայկական քաղաքացիական հասարակութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, որոնք ստորագրած են համապատասխան ուղերձի տակ: Այդ ուղերձը յառաջիկայ օրերուն պիտի հրապարակուի եւրոպական մամուլին, այդ կարգին` ֆրանսական «Լը Մոնտ»-ի, իտալական «Լա Ռեսփուպլիքա»-ի, լեհական «Կազեթա Վիպորչա»-ի, պելճիքական «Լը Սուար»-ի, դանիական «Քրիսթելիղթ Տակպլատ»-ի, փորթուկալական «Փուպլիքօ»-ի եւ զուիցերական «Լա Թրիպիւն տը Ժընեւրէ»-ի մէջ:
Նաեւ, Թաքսիմի «Հիլ» պանդոկին մէջ, ապրիլ 23-ին կը կայանայ խորհրդաժողով մը, որուն նպատակն է քննարկել 100 տարի առաջ գործադրուած Ցեղասպանութեան հետ առերեսուելու հարցը ու նայիլ, թէ միասնաբար ի՛նչ կարելի է ընել այս ուղղութեամբ: Հինգ ժամ տեւողութեամբ աշխատաժողովին ընթացքին զեկուցող են մօտաւորապէս 15 անձեր, որոնց շարքին կան յայտնի դէմքեր, ինչպէս` Ֆեթհիյէ Չեթին, Ռոնի Մարկուլիս, Նիքոլա Դաւիթեան, Ֆերհատ Քենթել եւ Կարօ Փայլան:
Միւս կողմէ, պատմաբան Օսման Քէօքեր, որ առաջին անգամ ինքզինք հայ հասարակութեան ծանօթացուց «Սիրելի Եղբայր» կոչուած բացիկներու ցուցահանդէսով, ապա` մասնաւորաբար հայերու անցեալը ցոլացնող զանազան ցուցահանդէսներ կազմակերպելով եւ թանկագին գիրքեր հրատարակելով, ապրիլ 23-ին, Բանկալթըի մէջ կը բանայ իրեն յատուկ ցուցասրահ մը, որ դարձեալ հիմնուած է Օրլանտօ Քալումենոյի բացիկներուն վրայ եւ կոչուած է «Անթաքիա, Իսքէնտերուն ու Մուսա լեռ»: Ինչպէս յայտնի է անունէն, այս անգամ շեշտը պիտի դրուի անթաքիացի, քըրըքխանցի ու մուսալեռցի հայերու անցեալի կենցաղին վրայ:
Ցուցասրահի պատրաստութեան ու ցուցահանդէսի կազմակերպութեան զօրակցած է «Հայնրիխ Պէօլ» հիմնարկը: Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ յունիս 8: Այս ձեռնարկին զուգահեռաբեր հրատարակուած է գիրք մը:
Վերջապէս, ապրիլ 24-ին, Տիգրանակերտի «Ամետ» արուեստի կեդրոնին մէջ պիտի բացուի լուսանկարչական ցուցահանդէս մը, որ կը կրէ «Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողներէն 99 դիմանկարներ» անունը: Այս ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ մայիս 2: Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Մարսէյի «Արամ» հիմնարկին ու Տիգրանակերտի քաղաքապետարանին գործակցութեամբ:

