Վեհափառ Հայրապետը Անձնապէս Կը Հսկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Աճիւններու Զետեղման
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքի Նահատակաց մատուռը հիմնական բարենորոգութեան ընթացքի մէջ է, բարերարութեամբ` Զուիցերիայէն տէր եւ տիկին Զարեհ Պէզիքեանի:
Նորոգութեան առիթով Տէր Զօրէն բերուած նահատակաց աճիւնները ի պահ դրուած էին: 21 ապրիլի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հսկողութեամբ աճիւնները նոր դասաւորումով դարձեալ զետեղուեցան Նահատակաց մատրան մէջ:
Մատրան նորոգութիւնները պիտի աւարտին քանի մը ամիսէն, ապա տեղի պիտի ունենայ անոր օծումը` վեհափառ հայրապետին ձեռամբ:
CATEGORIES Անդրադարձ

