Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Պարգեւատրուած Է Հալէպի Մէջ
Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոսը

2004garen1Հալէպի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան Բէթէլ եկեղեցւոյ մէջ 20 ապրիլին արծաթափայլ ափսէով պարգեւատրած է Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Գրիգորեանը: «Բերիոյ Նիուզ» Դիմատետրի էջին համաձայն` հիւպատոս Գրիգորեան պարգեւատրուած է վերջին քանի մը տարիներուն Հալէպի մէջ տարած դիւանագիտական բեղմնաւոր ծառայութեան համար, յատկապէս պատերազմական այս դժուարին պայմաններուն մէջ: Վերապատուելին իր խօսքը հիւպատոսին ուղղելով` մաղթած է, որ ան դառնայ դեսպան, նախարար եւ վարչապետ, այլ խօսքով` տիրանայ բարձրագոյն պաշտօններու:

Կարէն Գրիգորեան եւս իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է այս նախաձեռնութեան համար:

«Նշենք, որ հիւպատոսը Հալէպի մէջ իր կեցութեան ընթացքին կատարեց հայրենանուէր աշխատանք, եղաւ արդար ու անշահախնդիր, համայնքային ձեռնարկներուն բերաւ իր անսակարկ ներկայութիւնը: Իսկ պատերազմական պայմաններուն մէջ ամէն տեսակի օժանդակութեամբ ներդրում ունեցաւ սուրիահայութեան անխտիր: Ան յարգուեցաւ ու մանաւանդ սիրուեցաւ ո՛չ միայն ազգային ու եկեղեցական կառոյցներուն առաջնորդութիւն տուող ազգայիններէն ու գործիչներէն, այլ նաեւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդէն», նշուած է «Բերիոյ Նիուզ»-ի էջին վրայ:

 

Իրան

Նոր Ջուղայի Հայուհիներու Ձեռագործ
Աշխատանքներու Վաճառք

 

1903nor-choughaՄարտ 19-ին Ս. Ա. վանքի ցուցասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Նոր Ջուղայի Հայ կանանց գթութեան միութեան ամէնամեայ Գարնանային ցուցահանդէս-վաճառքի բացումը` ձեռամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի:

Ցուցադրուած էին Նոր Ջուղայի հայ կիներու ձեռային աշխատանքները, ինչպէս` սեղանի ծածկոցներ, բուրդ եւ այլ տեսակի հագուստներ, աւանդական խմորեղէններ, արդուզարդ եւ այլն:

Վաճառքը, որ իր աշխատանքը շարունակեց մինչեւ 31 մարտ, բացառիկ առիթ հանդիսացաւ Ս. Ա. վանք այցելող բազմաթիւ օտարերկրացի եւ պարսիկ զբօսաշրջիկներու համար` մօտէն ճանչնալու հայ կնոջ վայելուչ արուեստը:

Պուլկարիա

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի
Համակարգող Կեդրոնական Կոմիտէի Նիստ

Ապրիլ 12-ին Սոֆիայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ Պուլկարիոյ Հանրապետութեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին  նուիրուած ձեռնարկները համակարգող յանձնախումբին երկրորդ նիստը, որ վարեց Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արսէն Սհոյեան:

Նիստի օրակարգի հարցերէն էին յանձնախումբի կազմին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները եւ լրացումները, որ ընդունուեցաւ միաձայն:

Յանձնախումբին որոշումով ընդունուեցան  յայտարարութիւններ` Քեսապի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները դատապարտելու  եւ համահայկական հանգանակութեան միանալու մասին:

Դեսպան Սհոյեան Յանձնեց Սփիւռքի
Նախարարութեան Մետալներ

1104medalsԱպրիլ 11-ին Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան  կողմէ տրուած պարգեւներու յանձնման արարողութիւն:

Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արսէն Սհոյեան յանձնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ մետալներ Պուլկարիոյ լրագրողներու միութեան նախագահ Սնեժանա Թոտորովայի, Փլովտիւ քաղաքի համայնքային խորհուրդի անդամ Սփաս Կռնեւսքուի եւ կրօնական համայնքներու ազգային խորհուրդի նախագահ փրոֆ. Ռուբէն Գրիգորեանի:

«Յակոբ Մեղապարտ» մետալներ յանձնուեցան փրոֆ. Յակոբ Կարապետեանի եւ «Հայ դատ» յանձնախումբի համանախագահ, «Երեւան» թերթի գլխաւոր խմբագիր Վարդանուշ Թոփաքպաշեանի:

«Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալը յանձնուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Սոֆիայի մասնաճիւղի ատենապետ Սոնիա Աւագեանի:

«Արշիլ Կորքի» մետալը յանձնուեցաւ Սոֆիայի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ նախագիծի հեղինակ, գլխաւոր ճարտարապետ Յակոբ Գարագաշեանի:

Հայաստանի դեսպանը շնորհաւորեց պարգեւատրեալները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացման ու ճանաչման նպաստելու, հայապահպանման գործին մէջ իրենց ունեցած աւանդին, հայ մշակոյթի տարածման նպաստող գործունէութեան, սփիւռքի միջհամայնքային կապերու ամրապնդման գործին մէջ ներդրում ունենալու եւ դեսպանութեան հետ  համագործակցութեան համար:

 

Միացեալ Նահանգներ

«Հայրենիք»-ի 115-Ամեակի
Դրամահաւաքը

NJ33Ապրիլ 5-ին Նիւ Ճըրզիի Վահէ եւ Շաքէ Նահապետեաններու բնակարանին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ «Հայրենիք»-ի 115-ամեակի դրամահաւաքի ձեռնարկը` ներկայութեամբ աւելի քան 150 անձերու:

Օրուան հանդիսավարն էր դասախօս եւ հեղինակ տոքթ. Հրանդ Մարգարեան, որ պատմական ակնարկ մը նետեց անցեալի մասին եւ նկատել տուաւ, որ սոյն թուականը կը զուգադիպի «Հայրենիք»-ի անգլերէն բաժնի` «Արմինիըն Ուիքլի»-ի 80-ամեակին, «Հայրենիք» թերթի եւ հրատարակչատան 115-ամեակներուն:

Այս առթիւ յաջորդաբար խօսք առին «Արմինիըն Ուիքլի»-ի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան, «Հայրենիք»-ի խմբագիր Զաւէն Թորիկեան եւ Անդրանիկ Գասպարեան:

Օրուան բանախօսն էր գրագէտ Քրիս Պոհճալեան, որ անդրադարձաւ իր «Սենտքեսըլ կըրլզ» գիրքին մասին, որուն պատրաստութեան ընդմէջէն ան շատ աւելի մօտիկ եղած է հայոց պատմութեան: Ան նաեւ խօսեցաւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի անձնակազմին հետ Արեւմտահայաստան կատարած իր այցելութեան մասին:

Ձեռնարկի աւարտին, խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ իր կարգին շնորհաւորեց «Հայրենիք»-ն ու իր ընտանիքը:

Նուիրատուութիւններու շնորհիւ հանգանակուեցաւ շուրջ 45 հազար ամերիկեան տոլար:

Ջաւախքահայութեան Զօրակցող
Նուարդ Մուրատեան Կը Պարգեւատրուի

2203javakhkՄարտ 22-ին, Իրանահայ միութեան Կլենտէյլի սրահին մէջ Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը պարգեւատրեց Նուարդ Մուրատեանը` ՀՕՄ-ի «Ջաւախք հիմնադրամ»-ի յանձնախումբին մէջ իր երկարամեայ ծառայութեան համար:

Ձեռնարկին ՀՕՄ-ի «Ջաւախք հիմնադրամ»-ի յանձնախումբի անունով ելոյթ ունեցաւ Հայկուշ Քոհլըր:

Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արտակ քհնյ. Տեմիրճեան օրհնեց սեղանները եւ փոխանցեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի յաջողութեան բարեմաղթութիւններն ու աղօթքները, յաւելեալ կորով մաղթեց ՀՕՄ-ուհիներուն, որպէսզի կարենան աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր իրենց առաքելութիւնը նոր բարձունքներու հասցնել:

Անցեալ տարուան ամրան ՀՕՄ-ի «Ջաւախք հիմնադրամ»-ը ճամբարի 50 մասնակիցներու համար գումար տրամադրած էր: Անոնք մասնակցեցան 11-օրեայ ցերեկային ճամբարի ծրագիրին, որ կը գործադրուի Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի մէջ, ՀՕՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանին նախաձեռնութեամբ,  գործադրութեամբ` ՀԵԴ-ական կամաւորներու: ՀՕՄ-ի Արեւմտեան շրջանը նորոգած եւ կահաւորած է Ջաւախքի երկու երիտասարդական կեդրոնները` միեւնոյն ատեն ստանձնելով անոնց տարեկան ծախսերու հոգածութիւնը:

Ապա ճամբարի վարիչներէն Փաթիլ Ասլանեան եւ Վերժինի Թուլումեան զեկուցեցին իրենց աշխատանքներուն մասին:

Շրջանային վարչութեան անունով Լենա Պօզոյեան անդրադարձաւ քեսապցիներու տեղահանութեան ու անցեալի իրադարձութեանց ակնյայտ զուգահեռներուն` յայտնելով, թէ յառաջիկայ օրերուն պիտի ծրագրուին ու գործադրուին Քեսապի հայրենակիցներուն օգնութիւն հասցնելու ձեռնարկներ:

Ջաւախքի նկատմամբ ան լաւատեսութիւն յայտնեց շրջանի զարգացման կարելութեանց հանդէպ: Ան յայտնեց, որ զբօսաշրջութեան ընկերութիւն մը հիմնուած է, որ պիտի դիւրացնէ շրջապտոյտները դէպի Ջաւախքի բոլոր շրջանները: Պօզոյեան նաեւ զեկուցեց անցեալ փետրուարին Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Կարիպաշվիլիի Ուաշինկթըն այցելութեան մասին, որ  խոստացած էր նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել Ջաւախքի զարգացման:

Ձեռնարկին ընթացքին 30 հազար ամերիկեան տոլար հանգանակուեցաւ ջաւախահայութեան նպաստող ծրագիրներուն համար:

 

66,000 Տոլարի Օգնութիւն
Սուրիահայութեան

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի հաւատացեալներուն միջոցներով գոյացած 56,000 տոլարի գումար մը արդէն իսկ փոխանցուած է ի նպաստ սուրիահայութեան, իսկ վերջերս 10,000 տոլարի փոխանցում մը եւս կատարուած է յատկապէս քեսապահայութեան համար:

«Եղբայրական նոյն ոգիով պիտի շարունակենք մեր նիւթական աջակցութիւնը սուրիահայութեան եւ քեսապահայութեան` բացի Սուրիահայ օգնութեան հիմնադրամի (SARF) ձեռնարկներուն մեր հաւաքական մասնակցութենէն», նշուած է Արեւմտեան թեմի հաղորդագրութեան մէջ:

Ցեղասպանութեան Որբերուն Պատմութիւնը
Կը Ներկայացուի Ծովածոցի Աշակերտներուն

SFO-genocideՑեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրը վերջերս Սան Ֆրանսիսքոյի Ողջակիզման կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած «Սորվելու օր» նախաձեռնութեան ընթացքին, վարժանիստի մը միջոցով Ծովածոցի շրջանի պետական երկրորդական վարժարաններէ մօտաւորապէս 40 աշակերտներու ծանօթացուց Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով որբացած հայորդիներու պատմութիւնները:

Վարժանիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանի աւելի քան 100 դպրոցներէ մօտաւորապէս 700 աշակերտներ:

Նկատի ունենալով, որ այս տարուան գլխաւոր նիւթը «Երիտասարդութեան ձայները»-ն էր, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի կրթական բաժանմունքի վարիչ Սառա Քոհըն շեշտը դրաւ Ցեղասպանութեան աւելի քան 200 հազար  որբերու ճակատագիրին վրայ` նկարագրելով, թէ ինչպէ՛ս որբերէն շատերը աքսորի ճամբուն վրայ մահացած են, իսկ ուրիշներ թրքացման կեդրոններ տարուած են կամ` եւրոպացիներու եւ ամերիկացիներու որբանոցները ապաստանած:

Վարժանիստին մասնակցած աշակերտները շնորհակալութիւն յայտնեցին ներկայացնողներուն, որոնք պատմութեան այս տխուր էջերը ծանօթացուցին իրենց: Իր կարգին, Քոհըն քաջալերական գտաւ աշակերտներուն ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը:

Վարժանիստին մասնակցեցաւ  նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյէն Միհրան Մսըրլեան, որ ներկայացուց Ցեղասպանութենէն վերապրած իր մեծ մօր` Ովսաննա Մսըրլեանի պատմութիւնը: Աշակերտները նաեւ դիտեցին Պարէտ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան որբեր»-ը վաւերագրական ժապաւէնէն բաժին մը, ուր Ցեղասպանութենէն վերապրած 101-ամեայ Ալմաս Աւագեանը կը նկարագրէ իր ոդիսականը:

Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի վարչութեան անդամ Ռաքսեն Մաքասճեան եւ Քոհըն եւս աշակերտներուն ներկայացուցին Ցեղասպանութենէն վերապրած իրենց մեծ մայրերուն պատմութիւնները: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ցեղասպանութեան ուրացման մասին, ինչպէս նաեւ` Ցեղասպանութեան որբերուն կողմէ պատրաստուած ու Միացեալ Նահանգներու նախագահին նուիրուած գորգի ցուցադրութեան շուրջ ծագած խնդիրներուն մասին:

«Ապրիլ» Գրատունը Մասնակցեցաւ
«
Լոս Անճելըս Թայմզ»-ի Գիրքերու Փառատօնին

Abril-bookstoreԱպրիլ 12-13, 16-րդ տարին ըլլալով, «Ապրիլ» գրատունը իր մասնակցութիւնը բերաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ տեղի ունեցած  «Լոս Անճելըս Թայմզ»-ի գիրքերու հռչակաւոր փառատօնին:

«Ապրիլ» գրատան կրպակին մէջ ելոյթներ ունեցան շարք մը հեղինակներ, ինչպէս` Միշէլ Գրիգորեան, Սիրուն Երէցեան, Լուիս Թորեզ եւ Ճենըֆըր Սալմասեան:

Լոնտոն

Հայ Երգի Երեկոյ

1304ondonԱպրիլ 13-14 Լոնտոնի հանրայայտ շէյքսփիրեան «Կլոպիւս» թատրոնին մէջ  ներկայացուեցաւ «Համերգ մոմի լոյսի տակ. Արմինիա` հայկական երգի, պարի եւ բանաստեղծութեան ճամբաներով» խորագիրը կրող համերգային ծրագիրը: Ներկայացուեցան հայկական ժողովրդական, հոգեւոր եւ դասական երգեր եւ երաժշտութիւն (Նարեկացի, Սայաթ Նովա, Եկմալեան, Կոմիտաս):

Համերգին ելոյթ ունեցան լոնտոնաբնակ հայ երաժիշտներ` ջութակահար Լեւոն Չիլինկիրեան, թաւջութակահար Ալեքսանդր Չաւուշեան, սոփրանօ Թերեզա Գէորգեան, տաւիղահար Սեւան Հորոքս-Հոփայեան, դերասան Քոլին Հըրլի, որ անգլերէն թարգմանութեամբ ասմունքեց Զապէլ Պոյաճեանի, Սայաթ Նովայի, Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Թէքէեանի եւ Ռազմիկ Դաւոյեանի բանաստեղծութիւններէն: Երեկոյին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանէն հրաւիրուած «Տուտուկներ» խումբը:

 

Պրիւքսել

Քեսապահայութեան Նուիրուած Ձեռնարկ

Ապրիլ 9-ին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ  քեսապահայութեան նուիրուած ձեռնարկ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Զատիկ վրդ. Աւետիքեան: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցող բանախօսները ներկայացուցին Սուրիոյ հայ համայնքի, յատկապէս քեսապահայութեան պատմութիւնը:

Ձեռնարկին ընթացքին ուղիղ կապ հաստատուեցաւ  Պէյրութի «Վանայ Ձայն» ռատիօկայանի տնօրէն Աւօ Կիտանեանի եւ քեսապցի Կարօ Սեւան Մանճիկեանին հետ, որոնք անդրադարձան քեսապահայութեան հարցերուն եւ կարիքներուն մասին: Անոնք բարձր գնահատեցին աշխարհասփիւռ հայութեան կողմէ ցուցաբերուող  բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հանգանակութիւն, որ պիտի ուղարկուի Քեսապի հայերուն օգնութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES