«Հայաստանը Եւ Հայերը Եգիպտացի Գրագէտներու Ու Վիպագիրներու Աչքերով» Խորագիրով Ձեռնարկ` Մեծն Գահիրէի Գրադարանին Մէջ

1904Cairo1«Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան եւ Զամալեքի Մեծն Գահիրէի գրադարանի կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 19 ապրիլ 2014-ի կէսօրուան ժամը 1:00-ին, գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ գրական իւրայատուկ ցերեկոյթ մը` «Հայաստանը եւ հայերը եգիպտացի գրագէտներու ու վիպագիրներու աչքերով» խորագիրով: Հիւրընկալուած էին եգիպտացի գրագէտներ, որոնք հետաքրքրուած են հայկական նիւթերով` ակադեմական եւ գրական մակարդակի վրայ, եւ որոնք իրենց գիրքերուն մէջ անդրադարձած են հայոց ներկային եւ պատմութեան:

1904Cairo2Ձեռնարկին մասնակցեցան  դոկտ. Մոհամետ Կիպրիլ (արդի պատմութեան դասախօս Տամանհուրի համալսարանին մէջ), Ահմետ Մաժտի Համմամ (երիտասարդ վիպագիր), դոկտ. Ժամալ Քամալ (արդի պատմութեան մասնագէտ), դոկտ. Սահար Հասան (պատմական ուսումնասիրող), Ապտել Ազիզ էլ Սմահի (երիտասարդ վիպագիր): Ներկայ էր նաեւ Եգիպտոսի Հայ դատի մարմինի պատասխանատու տոքթ. Արմէն Մազլումեան:

1904Cairo3Հանդիպումը վարեց պատմաբան դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաթ Իմամը, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց եգիպտական գրականութեան մէջ յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող այն գործերը, որոնք կ՛անդրադառնան հայերու տարբեր հարցերուն: Ան նաեւ օրինակներ տուաւ այն հայ անձնաւորութիւններուն, որոնք յիշուած են եգիպտական գրական գործերուն մէջ: Այս ծիրին մէջ ան յատուկ կերպով յիշեց Իհսան Ապտէլ Քատուսը, դոկտ. Մուսթաֆա Մոհամետը, Նաժիպ Մահֆուզը եւ ուրիշներ: Մոհամետ Ռիֆաթ Իմամը նշեց, որ այս բոլորը ապացոյց են եգիպտական ընկերութեան մէջ հայերուն համարկման եւ համակեցութեան, եւ որ ինչպէս Եգիպտոսը դարձաւ հայերուն երկրորդ հայրենիքը:

Ահմետ Մաժտի Համմամ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Թուրքիոյ կողմէ հայերուն ենթարկուած Հայոց ցեղասպանութիւնը զինք մղած է հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ուսումնասիրելու եւ սկսելու վիպագրական գործի մը` Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որ կը կրէ «Հայկական պատմութիւնը» խորագիրը, եւ որ շուտով լոյս պիտի տեսնէ:  Համմամ ներկայացուց «Երեւան» պատմութիւնը` 1947-ին Եգիպտոս ծնած ֆրանսացի գրող Ժիլպէր Սինոէհի գրիչով գրուած, որուն  դէպքերը կը սկսին Էրզրումի մէջ, որ ականատես եղաւ տեղահանութեան, սպանդի եւ ցեղասպանութեան: Թովմասեանի ընտանիքին պատմութիւնը եղող «Երեւան» վէպին մէջ անդրադարձ կը կատարուի ընտանիքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն, որոնց ընդմէջէն ընթերցողը կը ծանօթանայ այդ հանդարտ շրջանին ապրած վերիվայրումներուն, ենթարկուած արհաւիրքներուն` տեղեկանալով, թէ ինչպէս անոր բնակիչները կը վերածուին զայն պաշտպանողներու, ազատամարտիկներու, որպէսզի կարենան իրենց գոյութիւնը պահպանել: Գոյութիւն մը, որ շարունակուեցաւ եւ կը շարունակուի, անոր հետ սերունդներուն փոխանցելով դժոխային վէրքեր ու ցաւեր` ֆիզիքական, հոգեբանական եւ բարոյական, մահուան եւ անարդարութեան պատճառով, ինչպէս նաեւ` հայերուն ենթարկուած բնաջնջման, բռնաբարման ունեցած ազդեցութիւնը: Պատմութեան աւարտին անդրադարձ կը կատարուի տարբեր գաղութներու ստեղծման:

Դոկտ. Ժամալ Քամալ իր խօսքին մէջ ներկայացուց իր դոկտորական թէզի պատրաստութեան ընթացքին, որ հայերուն պատմութիւնն էր Օսմանեան ժամանակաշրջանին, իր դիմագրաւած տարբեր տեսակի դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ զանոնք շրջանցելու ձեւերուն: Քամալ դատապարտեց Իսլամ եղբայրներուն իշխանութեան վրայ եղած հանգրուանին Գահիրէի համալսարանին մէջ կատարուած քաղաքական միջամտութիւնները, որոնց պատճառով համալսարանին մէջ Հայկական ուսումնասիրութեան կեդրոնը փակուեցաւ: Ան պահանջեց վերահաստատել այդ կեդրոնը:

1904Cairo4Վիպագիր Ապտել Ազիզ Սմահի յայտարարեց, որ «Միմի. Հայաստանի ճերմակ ծաղիկը» խորագիրով պատմութիւնը ընթերցողին տրամադրութեան տակ պիտի դրուի յառաջիկայ ամիսներուն: Պատմութիւնը կեանքն է Միմի անունով հայ մանուկի մը, որ Վանի մէջ կը բնակէր, եւ որ տեղահանուեցաւ իր ընտանիքին հետ` թրքական ուժերուն կողմէ, ու տարուեցաւ Տէր Զօր, ապա` Լիբանան, ուրկէ` Եգիպտոս: Սմահի անդրադարձաւ այդ պատմութիւնը գրելու իր նախաձեռնութեան` դիտել տալով, որ արաբական աշխարհին նկատմամբ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ իսլամական դատերուն գծով Թուրքիոյ կեցուածքը մղեց զինք կարդալու Թուրքիոյ պատմութիւնը եւ բացայայտելու մարդկութեան դէմ անոր կատարած ոճիրները:

Ձեռնարկի վերջին բաժինով տեղի ունեցաւ իւրայատուկ ցուցահանդէս` մեծանուն հայ երգիծանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանի գործերուն, որոնցմէ ոմանք առաջին անգամ կը ցուցադրուէին: Նաեւ ներկայացուեցաւ Սարուխանի կեանքին հիմնական հանգրուաններուն մասին տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն նաեւ անդրադարձ կը կատարուի այն երեւոյթին, թէ ինք ինչպէս գծագրութեան ճամբով արտայայտած է եգիպտացի ժողովուրդին երազները, մտահոգութիւններն ու տենչերը:

Share this Article
CATEGORIES