«Առաջին Աշխարհամարտի Քօղի Տակ Իրականացուեցաւ 20-րդ Դարու Առաջին Ցեղասպանութիւնը». Միջազգային Գիտաժողով

1175105_793923567286479«Առաջին Համաշխարհային պատերազմի Կովկասեան ճակատը. ցեղասպանութիւն, գաղթականներ եւ մարդասիրական օգնութիւն» խորագիրը կրող գիտաժողովը, 21 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նորաբաց գիտաժողովներու սրահին մէջ համախմբեց առաջատար մասնագէտներ` Ռուսիայէն, Իտալիայէն, Քանատայէն, Ֆրանսայէն, Հունգարիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Թուրքիայէն:

Երկօրեայ գիտաժողովի ծիրին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ կազմակերպուած հայերու զօրակոչին, անոնց զինաթափման, երիտթուրքերու կառավարութեան կողմէ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան:

«Առաջին Աշխարհամարտի քօղին տակ իրականացուեցաւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, առաջին ոճրագործութիւնը: Առաջին աշխարհամարտը ստեղծեց առիթը, ժամանակը եւ հնարաւորութիւնը կանխամտածուած յանցագործութիւնն ի կատար ածելու համար` այն ակնկալիքով, որ անիկա անպատժելի պիտի մնայ», իր խօսքին մէջ նշեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան` աւելցնելով, որ պատերազմական շարք մը գործողութիւններ խորքին մէջ ցեղասպանական գործողութիւններ էին: Անոնց կարգին է շուրջ 4000 մուսալեռցիներու տարհանումը: Դեմոյեանի համաձայն` ուսումնասիրութեան արժանի է Առաջին Համաշխարհային պատերազմի իւրաքանչիւր դրուագ:

Ռուսիոյ Գիտութիւններու ակադեմիոյ Միջազգային տնտեսութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի ներկայացուցիչ Վիքթոր Նատէին Ռայեւսքին` «Կովկասի մէջ փանթրքական գործակալական ցանցի գործունէութիւնն Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն» զեկոյցին մէջ շեշտեց, որ պէտք է ներկայացնել իրական ճշմարտութիւնը եւ պատմութիւնը գործիք չդարձնել: «Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ոճրագործութիւնն է, բայց ցաւօք ոչ միակը», յայտնեց ան:

Երեւանի պետական համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններու եւ դիւանագիտութեան ամպիոնի փրոֆեսէօր Արսէն Աւագեան «Թեշքիլաթը Մահսուսայի» գործունէութիւնը Կովկասեան ճակատում» թեման ներկայացնելու ատեն յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ շարք մը արժէքաւոր աշխատութիւններ լոյս տեսած են եւ «Թեշքիլաթը Մահսուսայի» գործունէութիւնը հանգամանալից լուսաբանուած է, ինչ որ շարք մը առարկայական եւ ենթակայական գործօններով պայմանաւորուած է:

Մասնագիտական քննարկման ընթացքին միջազգային գիտաժողովի մասնակիցները անդրադարձ կատարեցին փանթրքական ցանցի գործունէութեան, օտար լրագրողներու գործունէութեան, հայերու ինքնապաշտպանական մարտերու, պատերազմող երկիրներու դիւանագիտութեան դերակատարութեան:

«Առաջին Համաշխարհային պատերազմի Կովկասեան ճակատը. Ցեղասպանութիւն, գաղթականներ եւ մարդասիրական օգնութիւն» գիտաժողովէն անմասն չեն մնայ նաեւ վկայութիւններու, հայ կամաւորական շարժման, հայ գաղթականութեան եւ վերապրողներուն առնչուող հարցերը:

«Թուրքերը Պէտք Է Դատապարտեն Հայերուն Նկատմամբ
Իրենց» Նախնիներուն Կատարած Յանցագործութիւնները».
Վիքթոր Նատէին Ռայեւսքին

0422-Victor-Nadein-Rayevski«Թուրքերը պէտք է դատապարտեն իրենց նախկիներուն` հայերուն նկատմամբ կատարած յանցագործութիւնները, քանի որ ատիկա է Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւնների ապագան»: «Առաջին Համաշխարհային պատերազմի Կովկասեան ճակատը. ցեղասպանութիւն, գաղթականներ եւ մարդասիրական օգնութիւն» գիտաժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ այս հաստատումը կատարեց Ռուսիոյ Գիտութիւններու ակադեմիոյ Միջազգային տնտեսութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի ներկայացուցիչ Վիքթոր Նատէին Ռայեւսքին, որուն կարծիքով` եթէ ցեղասպանութիւնները մարդկութեան կողմէ չդատապարտուին, անոնք նոր յանցագործութիւններու ճամբայ կը բանան:

Վիքթոր Նատէին Ռայեւսքին հաստատեց, որ փաստ է, որ հայերուն դէմ յանցագործութիւնները կատարուած են Օսմանեան Թուրքիոյ տարածքին, ինչ որ հաստատուած է Օսմանեան ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ դատարանին կողմէ կայացած դատավարութեան` 1919 թուականին: «Միջազգային հանրութիւնը եւ հասարակական շրջանակները տակաւին այն ժամանակ վերջակէտ դրած էին այն իրողութեան, թէ ո՛վ մեղաւոր է հայերու ցեղասպանութեան գործադրութեան, մինչդեռ այդ վերջակէտը դրած էին եւրոպացիները, բայց ոչ թուրքերը», ըսաւ գիտնականը:

Հաւաքագրուած իրատեսական փաստաթուղթերուն թիւը կը վկայէ կատարուած ողբերգութեան իսկական տարողութեան մասին: «Թուրքերը որքան ալ չխօսին բնակչութեան եւ ունեցուածքի ոչնչացման մասին, յստակ է, որ խօսքը կը վերաբերի աւելի քան 2 հազար 500 բնակավայրերու, մօտ 2 հազար 400 եկեղեցիներու, հարիւրաւոր հայկական դպրոցներու, կազմակերպութիւններու, որոնց տէրերը յանկարծակի կերպով կորսուած են», պարզաբանեց բանախօսը` աւելցնելով, որ կատարուած իրադարձութիւններուն մասին առաջին աղմուկը բարձրացած է 1915-1916 թուականներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES