Հայ Երիտասարդներ Ձերբակալուած Են Փարիզի Մէջ Տեղի Ունեցած Բողոքի Ցոյցին Ընթացքին

1904paris11904parisՇաբաթ, 19 ապրիլին ՀՅԴ Ֆրանսայի Նոր Սերունդ երիտասարդական միութիւնը բողոքի ցոյց մը կազմակերպած էր Փարիզի կեդրոնական` Շանզելիզէ փողոցին վրայ, Թուրքիոյ դեսպանատան կից մշակութային ծառայութեան գրասենեակին դիմաց:

1904paris2Ֆրանսահայ երիտասարդները այսպիսով  դատապարտեցին Թուրքիոյ կողմէ իրականացած Հայոց  ցեղասպանութիւնը եւ հատուցման պահանջ ուղղեցին Թուրքիոյ կառավարութեան, ինչպէս նաեւ դատապարտեցին թրքական իշխանութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի քաղաքականութիւնն ու Քեսապի վրայ յարձակման օժանդակութիւնը:

Վերոնշեալ մշակութային ծառայութեան գրասենեակին դիմաց երիտասարդները արիւն խորհրդանշող կարմիր ներկ թափեցին, այնուհետեւ շուրջ 15 երիտասարդներ թրքական մշակութային գրասենեակին դիմաց նստացոյց կատարեցին` բարձրացնելով պաստառներ, որոնց վրայ ֆրանսերէնով գրուած էր. «Արդարութիւն հայ ժողովրդին», «Թուրքիա դո՛ւրս մեր հողերէն». անոնք նաեւ հնչեցուցին թրքական իշխանութիւններու ժխտողական քաղաքականութիւնը դատապարտող կոչեր:

Թրքական գրասենեակին դիմաց զետեղուած էր մեծ պաստառ, որուն վրայ գրուած էր. «Արդարութիւն եւ հատուցում Հայոց ցեղասպանութեան համար»:

Բողոքի ցոյցի մեկնարկէն շուրջ մէկ ժամ ետք ցոյցի վայրը եկաւ ֆրանսական ոստիկանութիւնը: Ոստիկանութեան ժամանումէն ետք թրքական գրասենեակի թուրք աշխատողները վէճի բռնուեցան ոստիկաններուն հետ, եւ անոնցմէ մէկը հարուածեց ոստիկանի մը: Ոստիկանները պահանջեցին, որ ֆրանսահայ երիտասարդները դադրեցնեն ցոյցը:

Երիտասարդները որեւէ դիմադրութիւն ցոյց չտուին ոստիկաններուն, սակայն 7 երիտասարդներ ձերբակալուեցան եւ տարուեցան ոստիկանատուն. երկու ժամ ետք 6 երիտասարդներ ազատ արձակուեցան, իսկ ձերբակալուած մնաց ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան ատենապետ Լորիս Թուֆանեանը:

Share this Article
CATEGORIES