Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հանրի Հըլու յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը լուրջ է, հակառակ այն իրողութեան, որ անոր յաջողութիւնը առկայ չէ: Հըլու նշեց, որ իր թեկնածութեան նպատակը քաղաքական խուսանաւումը չէ:
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ կարգերու ուսուցիչներու լիկան երեքշաբթի, 29 ապրիլ 2014-ը յայտարարեց ընդհանուր դասադուլի օր եւ կոչ ուղղեց մասնակցելու կատարուելիք ցոյցերուն, մինչեւ որ կարելի ըլլայ վաւերացնել պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի յատուկ նիստը դրական է եւ ոչ ոք կ՛ակնկալէ, որ առաջին նիստին ընթացքին հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւն կատարուի:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը կը պնդեն նոր նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը, մինչ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը նախընտրեն անիշխանութիւնը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիա որոշած է զօրակցիլ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի թեկնածութեան:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ, եթէ անոր թեկնածութեան շուրջ տարակարծութիւններ արձանագրուին:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Իրան տեղի պիտի տայ նախագահական ընտրութիւններուն առումով, ինչպէս որ էր պարագան վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութեան կազմութեան ընթացքին:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ իրանեան-ամերիկեան ամբողջական համաձայնութիւն մը գոյանալու պարագային, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պիտի դառնայ հանրապետութեան նախագահ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ ինք նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրած է այն համոզումով, որ հաւասարակշռուած ուժերը կրնան վերակառուցել լիբանանեան հաստատութիւնները:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան հետ կապուած հարցեր: Այդ մասին Զասպիքին շեշտեց, որ Մոսկուա կը զօրակցի նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու սկզբունքին:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժեր երէկ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կրակ բացին եւ սարսափահար դարձուցին Եարունի արտերուն մէջ աշխատող լիբանանցի հողագործները:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ յայտնեց, որ ինք Արսալէն Ֆլիթա 300 սուրիացի գաղթականներու փոխադրութիւնը ապահոված է: Ան աւելցուց, որ եթէ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը յայտարարէ, ապա ինք պիտի զօրակցի անոր: Միւս կողմէ, Քանսօ նշեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Ժան Օպէյտը հանրապետութեան նախագահ դարձնելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրեն համար աննախատեսելի է Լիբանանի անիշխանութեան մատնուիլը: Ան նշեց, որ Մուսթաքպալի երեսփոխանական պլոքը կը զօրակցի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի թեկնածութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ իրենց բանակցութիւնները տակաւին իրենց աւարտին չեն հասած:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր յայտնեց, որ համախոհական թեկնածուն միակն է, որ կրնայ հասնիլ նախագահական ընտրութեան:
ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄ եւ ազատագրում համախմբումի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան կարեւորութիւնը կը պարտադրէ յանձնառու մնալ եւ յարգել սահմանադրական ժամկէտները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քերիմ Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանան հանրապետութեան նոր նախագահ մը պիտի ունենայ` աւելցնելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը ամէնէն հաւանական թեկնածուն է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահական նստաշրջանի երկարաձգումը անհաւանական է` աւելցնելով, որ անոր հետ ոչ մէկ խորհրդակցութիւն կամ երկխօսութիւն կայ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ կոչ ուղղեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան յաջորդ նախագահը ըլլայ Դիմադրութիւնը հիւրընկալող նախագահ մը` իբրեւ նախանձախնդրութեան արտայայտութիւն ազգային գերիշխանութեան նկատմամբ:

