Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Կ՛այցելէ Պէյրութ

Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Տոմինիքօ Ռոսի, ընկերակցութեամբ իտալական բանակի հրամանատար Մարքօ Փերթոլինիի, այցելեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն Նաքուրայի կեդրոնը, ուր ընդունուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու հեռանկարները:

Ռոսի եւ Փերթոլինի այցելեցին իտալական զօրամասին գտնուած վայրը` Շամաա գիւղաքաղաք, ուր անոնք Ս. Զատկուան առիթով շնորհաւորեցին իտալական ջոկատը:

Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES