«Կը Շարունակենք Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցման Մեր Պահանջը, Նոյնիսկ Եթէ Անիկա Դէպքերէն Դար Մը Ետք Ըլլայ» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

2304Avedis_GuidanianՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան, «Նաշրա» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայութեան կողմէ ներկայացուած հատուցման պահանջը կարելի չէ սահմանափակել մէկ դարով:

Միջազգային օրէնքին համաձայն, Օսմանեան ցեղասպան կայսրութեան ժառանգորդ թրքական պետութենէն այդ պահանջները կրնան շարունակուիլ նոյնիսկ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ետք, «հետեւաբար անհեթեթ են շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր այն լուրերը, թէ 100 տարի ետք կարելի չէ նիւթական կամ բարոյական հատուցում պահանջել», ըսաւ ան:

Ա. Կիտանեան ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը ժամանակին հետ մրցումի մէջ չէ` հաստատելով, որ հայութիւնը ճանաչումէն հատուցում ուղղուելու առումով փոխանցման տեսակարար հանգրուանի մը մէջ կը գտնուի:

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Կիտանեան նշեց, որ անոնք սխալ հիմքերու եւ իրաւունքներէն զիջելու հիման վրայ հաստատուած արձանագրութիւններ են եւ այդ պատճառով ալ սփիւռքին մերժումին արժանացած են, ինչպէս նաեւ սփիւռքը մղած են ամրապնդելու իր պահանջատիրական կեցուածքը եւ ճանաչումի փոխարէն հատուցում պահանջելու:

Ա. Կիտանեան ամփոփ կերպով ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար մղուած պայքարի զանազան հանգրուանները` ընդգծելով, որ հայկական լոպիինկը կը տարբերի սիոնական լոպիինկէն:

 

Share this Article
CATEGORIES