Նախագահական Ընտրութեան Առաջին Փուլը Աւարտած Է

2304berri_farzԽորհրդարանը երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորութեամբ գումարեց նախագահական ընտրութեան իր առաջին նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան 124 երեսփոխաններ:

Նիստէն բացակայեցան երեսփոխաններ Սաատ Հարիրի, Օքապ Սաքըր, Էլի Աուն եւ Խալետ Տահեր:

Նախագահական ընտրութեան արդիւնքը եղաւ հետեւեալը. Սամիր Ժահժահ` 48 քուէ, Հանրի Հըլու` 16 քուէ, 52 սպիտակ քուէ, Ամին Ժեմայէլ 1 քուէ եւ 7 ջնջուած քուէ:

Նշենք, որ շարք մը քուէներ ջնջուեցան նկատի ունենալով, որ անոնք կը կրէին անուններ, ինչպէս` Ռաշիտ Քարամէ, Տանի Շամուն, Էլիաս Զայեք եւ Ժիհան Թոնի Ֆրենժիէ:

Նիստին աւարտէն ետք, խորհրդարանի նախագահը խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան երկրորդ նիստին հրաւիրեց չորեքշաբթի, 30 ապրիլ 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

Նշենք, որ Պըրրի երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին ուղղուեցաւ խորհրդարան, ուր դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

Պէտք է աւելցնել, որ նախագահական ընտրութեան երկրորդ հանգրուանին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է 68 երեսփոխաններու ներկայութիւնը, իսկ 65 քուէ ստացող ոեւէ թեկնածու կը դառնայ երկրին հանրապետութեան նոր նախագահը:

 

Share this Article
CATEGORIES