Աթլեթիզմ. Սենտի Քարամ Տիրացաւ Պրոնզ Մետալի Մը Եւ Հաստատեց Լիբանանեան Նոր Մրցանիշ
23-26 ապրիլին Եգիպտոս կը հիւրընկալէ երիտասարդներու արաբական աթլեթիզմի 16-րդ ախոյեանութեան մրցումները:
Լիբանանցի Սենտի Քարամ այս ախոյեանութեան յաջողեցաւ պրոնզ մետալի մը տիրանալ, երբ 10 քմ քալելու մրցումին արձանագրեց 59′ 01″ արդիւնք մը:
Պրոնզ մետալին տիրանալէ բացի, Սենտի յաջողեցաւ նաեւ լիբանանեան նոր մրցանիշ մը հաստատել այս մարզին մէջ:
Նշենք, որ Եգիպտոս մեկնած պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Էլի Սաատէ, որ միեւնոյն ժամանակ հոն մարզիչի պաշտօն ալ կը կատարէ:
CATEGORIES Մարզական

