Մոյես Պաշտօնազրկուեցաւ. Կիկզ Ստանձնեց Անոր Պաշտօնը` Մինչեւ Տարեշրջանին Աւարտը

David MoyesՏասը ամիս իր պաշտօնին վրայ մնալէ ետք, Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Տէյվիտ Մոյես երէկ` երեքշաբթի, 22 ապրիլին պաշտօնանկ եղաւ ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ:

Ակումբին սեփականատէրերը` ամերիկացի Կրէյզըր ընտանիքին անդամները նախորդ շաբաթավերջին Էվըրթընէն ակումբին կրած վերջին պարտութիւնը (2-0) չկրցան մարսել եւ որոշեցին պաշտօնազրկել 51 տարեկան Մոյեսը:

Ակումբին վեթերան միջնապահ, 40 տարեկան Ռայըն Կիկզ անմիջապէս ստանձնեց անոր պաշտօնը` մինչեւ տարեշրջանին աւարտը:

Նշենք, որ Անգլիոյ ախոյեան Եունայթըտ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը` 23 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլէն:

Share this Article
CATEGORIES