Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները:

Ֆետերասիոնը պաշտօնապէս վաւերացուց Իսլահ Պըրժ Շիմալիի եւ ՀՄԸՄ-ի Բ. դասակարգ բարձրանալը:

Հրապարակուեցաւ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի յայտագիրը, որ պիտի ընթանայ հետեւեալ ձեւով.

ԿԻՐԱԿԻ, 27 ԱՊՐԻԼ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
ՍալամԶղարթա – ԱխաԱլէյ 3:30 Սայտա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 28 ԱՊՐԻԼ
Նըժմէ – Թրիփոլի 3:00 Մարզականաւան

Ֆետերասիոնը Անսարը 2-0 արդիւնքով պարտուած հռչակեց, որովհետեւ Ռասինկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Ա. դասակարգ, 19-րդ հանգրուան) անիկա դաշտ ներկայացուց Մոհամետ Մըհտին, որ ըստ օրէնքի իրաւունք չունէր այս մրցումին մասնակցելու:

Բացի ատկէ, Անսար մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ:

Ահտի մարզիկներէն Հայսամ Ֆաուր երեք մրցումով կախակայուեցաւ, մրցակից կազմի մը մարզիկներէն մէկուն հարուածած ըլլալուն պատճառով:

Իրաւարարին զարկած ըլլալուն պատճառով Ուիսամ Ռիֆահի (Իժթիմահի) մէկ տարիով կախակայուեցաւ, իսկ Շապապ Սահելի պատասխանատուներէն Հիւսէյն Ֆատել վեց ամիսով կախակայուեցաւ:

Շապապ Հումին Թահթայի պատասխանատուներէն Պասեմ Համտան վեց ամիսով կախակայուեցաւ` ֆետերասիոնը նախատելուն պատճառով:

Իրենց համակիրներուն պատճառով Շապապ Հումին Թահթա եւ ՀՄԸՄ 500 հազարական լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցան:

Ինչ կը վերաբերի կրտսերներու ախոյեանութեան 8-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանին, շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը հետեւեալն է.

ԿԻՐԱԿԻ, 27 ԱՊՐԻԼ ԺԱՄ   ԴԱՇՏ
Սաֆա – Ահտ 10:00 Սաֆա
ՀՄԸՄ – Անսար 10:00 Նըժմէ
Մապարրա – Իժթիմահի 10:00 Ահտ
ՇապապԱրապի – Նըժմէ 12:00 Սաֆա
ՇեպիպեթՄազրաա – ՇապապԹրիփոլի 12:00 Շարք
Թրիփոլի – ԱխաԱլէյ 12:00 Թրիփոլի
ԺապալՄաժտալպաանա – ՍալամԶղարթա 12:00 Ահտ
Share this Article
CATEGORIES