Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Ամշիթ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-Էյթ»-ի մրցումները կը սկսին վաղը` ուրբաթ, 25 ապրիլին, երկու մրցումով:

Առաջին մրցումին, երթուդարձի մրցումներուն աւարտին պարագլուխի դիրքը գրաւած Ռիատի Պէյրութ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Մանարայի իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Շանվիլը:

Սակայն նոյն ժամուն, Ամշիթի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը հիւրը պիտի ըլլայ նոյնինքն Ամշիթի:

Ինչպէս ծանօթ է, այս հանգրուանը շրջանցելու համար իւրաքանչիւր խումբ հինգ մրցումէ պէտք է ապահովէ երեք յաղթանակ:

Հետեւաբար, ասիկա նկատի ունենալով ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի, որ ոչ մէկ ճիգ խնայեն յաղթական վերադառնալու համար Ամշիթի դաշտէն` ապագայի հաշուոյն դժուարութիւններու դիմաց չգտնուելու համար:

Նշենք, որ հինգ մրցումներէն երեքին հիւրընկալը պիտի ըլլայ Ամշիթ:

Share this Article
CATEGORIES