ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Մասնաճիւղ. Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

2304amanosԿազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին, երեքշաբթի, 22 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին կից տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի նշում: Ոգեկոչման ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին:

Բացման խօսքը արտասանեց Քրիստ Տարաքճեան, որ նշեց. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սգատօնը արդէն իսկ վերածուեցաւ կենդանի պատկերի մը` Հալէպի եւ Քեսապի մէջ»: Տարաքճեան ընդգծեց, որ «պէտք չէ մոռնանք մեր նահատակները, այլապէս պիտի մոռցուինք, եւ մեր գերեզմանը մեր ձեռքերով փորած պիտի ըլլանք»:

Բացման խօսքէն ետք, «Նաւասարդեան» պատանեկան միութենէն Լորի Գանիկեան մեկնաբանեց «Ատանայի ողբը» երգը:

Ապա օրուան բանախօս Աւետիս Կիտանեան իր խօսքի առաջին բաժինով յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկները տարին անգամ մը մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յարգանքի տուրք մատուցելու առիթներ են, սակայն Եղեռնը պէտք է մեր առօրեային մէջ մնայուն կերպով ներկայ ըլլայ:

Կիտանեան նշեց, որ 1915-էն մինչեւ այսօր հայութեան համար պահանջատիրութիւնը անցաւ տարբեր հանգրուաններէ` պահելով իր վախճանական նպատակը: Անիկա ունեցաւ արտայայտութեան եւ դրսեւորումի զանազան ձեւեր:

Կիտանեան կոչ ուղղեց երիտասարդութեան 100-ամեակի սեմին վերցնելու ջահը եւ շարունակելու երթը` անցնելու համար ցեղասպանութեան իրողութեան ճանաչումէն դէպի հատուցում: Ան նաեւ անդրադարձաւ 2013-ին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի միացեալ դիմումին` եկեղեցական կալուածներու վերադարձին:

Իր խօսքի աւարտին Կիտանեան անդրադարձաւ նաեւ ցեղասպան թուրքին շարունակուող հալածանքին հայ ժողովուրդին նկատմամբ, յատկապէս վերջերս Քեսապի մէջ վերջինիս ունեցած մեղսակցութեան` հայաբնակ գիւղի տեղահանման աշխատանքին:

Կարուժ Արոյեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Պարը», ապա ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատրաստած տեսերիզը:

2 երգերով հանդէս եկաւ Հայկ Քէշիշեան` շուիով:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Պիտի գնանք» եւ «Պատերազմ էք գնում» երգերով` կատարողութեամբ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութենէն խումբ մը պատանիներու:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ժողովուրդը մոմերով ուղղուեցաւ Նոր Ամանոսի հրապարակ:

Մասնակիցները մոմերը զետեղեցին «Ազատութեան» յուշարձանին տակ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES