Եղեռնի Նահատակներու Յարգանք` ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Կողմէ
ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները, ընդհանուր վարիչ մարմինի հովանաւորութեամբ, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն:
Չորեքշաբթի, 23 ապրիլի երեկոյեան, 40 պատանի ներկայացուցիչներ` տարբեր պատանեկան միութիւններէ, հաւաքուեցան Պիքֆայայի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին` առ ի յարգանք ցեղասպանութեան նահատակներուն: ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ վեր առաւ պատանիներուն կամքը` անդամակցելու պատանեկան միութիւններուն, հաւատքը` գործօն մասնակցութիւն ունենալու բոլոր աշխատանքներուն մէջ եւ յարատեւութիւնը` շարունակելու եւ ընդլայնելու այդ աշխատանքները նաեւ գաղութի իրականութեան մէջ: «Եւ ահա դուք, մեր գաղութի նոր սերունդը մասնիկներն էք Հայ դատին: Դո՛ւք էք, որ պիտի պայքարիք օտարամոլութեան դէմ, դո՛ւք էք, որ պիտի պահանջէք հայ ժողովուրդի իրաւունքները® Մնանք հաւատարիմ Քրիստափոր Միքայէլեանի գրիչին, մեր գործերով արթնցնելու օտարացած հայերը, մեր գործերով փաստելու մեր ժողովուրդին հզօրութիւնը, մեր մնայուն ներկայութեամբ դարձեալ զարմացնելու թուրքը, մեր աշխատանքներով հաւատարիմ մնալու մեր նպատակներուն», ըսաւ ան: «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգելով պատանիները միասնաբար ուխտեցին շարունակել իրենց երթը` եռանդուն եւ վճռական քայլերով:
Նոյն օրը, պատանի ներկայացուցիչներ, Անթիլիասի մայրավանքի Նահատակաց մատրան դիմաց նաեւ զետեղեցին ծաղկեպսակ` ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին, որմէ ետք միանալով իրենց պատանեկան միութիւններուն, մասնակցեցան կեդրոնական քայլարշաւին` այս անգամ դէպի Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ:
Իսկ Այնճարի մէջ, «Յառաջ» պատանեկան միութեան պատանիները խիտ շարքերով մասնակցեցան ԼԵՄ-ի կազմակերպած հսկումին եւ ջահավառութեան` Մուսա լերան յուշարձան-համալիրին դիմաց:
Պէտք է նշել, որ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները նաեւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հայկական շրջաններուն մէջ կատարուող ապրիլեան յիշատակի ձեռնարկներուն` իբրեւ պատանեկան միութիւններու դաստիարակչական եւ քարոզչական աշխատանքներու համալրում:

