50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 4 ՅՈՒԼԻՍ 1961 )

ԸՌՆԸՍԹ ՀԵՄԻՆԿՈՒԷՅ
ԱՇԽԱՐԱՀՌՉԱԿ ԳՐԱԳԷՏԸ, ՈՐՈՒՆ ԳՈՐԾԸ
ՀԱՅԵԼԻՆ ԵՂԱՒ ԻՐ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ

Ըռնըսթ Միլլըր Հեմինկուէյ, որ արկածի զոհ գնաց, կիրակի, 2 յուլիսին, ծնած էր 21 յուլիս 1899-ին Օք Ռիճի մէջ, Իլլինոյզ նահանգ: Հայրը բժիշկ էր ու կ՛ուզէր, որ տղան ալ պատկառելի ասպարէզ մը ընտրէ: Պատանի հասակին` արկածախնդիր անձը ի յայտ կու գայ իր մէջ: 15 – 17 տարեկան` քոլեճէն փախչելով, կ՛աշխատի ճաշարանի մը մէջ ու… ռինկի վրայ: Յետոյ կը յօժարի վերադառնալ տուն եւ կը սորվի տեղեկաբեր լրագրողի դժուարին արհեստը:

Ըռնըսթ Հեմինկուէյ արդի գրականութեան ամէնէն զարմանալի դէմքերէն մէկն է, ըստ Էմիլ Անրիոյի, «մեր ժամանակի ամէնէն աչքառու գրագէտը գուցէ», առնուազն ամէնէն հռչակաւորը:

Իր գործը հարազատ ցոլացումն է իր կեանքին: Իր գիրքերը, ուր արիւնը կը հոսի, հանճարեղ լրագրողի տեսագրութիւններ են ամէն բանէ առաջ:

Առաջին աշխարհամարտին, ամերիկեան Կարմիր Խաչին մէջ պատասխանատու է, ապա կը զինուորագրուի իտալական բանակին մէջ: Հոն է, որ կը յղանայ իր հռչակաւոր գիրքերէն մէկը` «Հրաժեշտ զէնքերուն», զոր կը հրատարակէ տասը տարի ետք` 1929-ին:

1926-ին, առաջին յաջողութիւնը «Արեւն ալ կը ծագի»ով «Գարնան հեղեղներ»ով: Տարի մը ետք կը վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ, ուր կը գրէ իր գլուխ գործոցը` «Մարդը, որ կը հաւատար բախտին»:

Այնուհետեւ Սպանիան կը հմայէ զինք իր ծլամարտերով: Հոն կը գրէ «Մահը յետմիջօրէին» նշանաւոր գիրքը: Երբ քաղաքացիական պատերազմը կը ծագի, Հեմինկուէյ չի կրնար լքել սպանացի ժողովուրդը, զոր այնքան սիրած է: Հոն է, որ կը գրէ իր ամէնէն նշանաւոր գիրքը` «Որո՞ւ համար կը ղօղանջէ մահազանգը»:

Իր միւս գործերն են` «Ծեր մարդը եւ ծովը», «Քիլիմանճարոյի ձիւները», «Ափրիկէի դալար բլուրները», «Դրախտ կորուսեալ» եւ այլն: Ամուսնացած է չորս անգամ: Իր անձնական կեանքին հայելին է «Քլիմանճարոյի ձիւները»:

Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵԿԵՂԵՑԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

Ս. Նշան եկեղեցւոյ եկեղեցասէր Տիկնանց միութեան անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 26 յունիսին` յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Ս. Նշան մանկապարտէզի սրահին մէջ` ստուար թիւով անդամներու ներկայութեան:

Կը նախագահէր Խորէն արք. Բարոյեան: Աղօթքէն ետք գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը, եղաւ հիւրասիրութիւն, որմէ յետոյ ատենապետ Է. Պալեան բացուած յայտարարեց ժողովը, բացատրութիւններ տուաւ վարչութեան գործունէութեան մասին, յետոյ հրաւիրեց միութեան ատենադպիր Նուարդ Տէր Յովհաննէսեանը` կարդալու վարչութեան միամեայ (1960 յունիս 14 – 1961 յունիս 26) գործունէութեան տեղեկագիրը: Ապա Գահվէճեան կարդաց մէկ տարուան ելք ու մուտքի հաշուեկշիռը (մուտք 620,670 ելք 2426,20), պատրաստ դրամ 3780 լիբանանեան ոսկի:

Տեղեկագիրի հաշուեկշիռի ընթերցումէն յետոյ երեւան եկաւ, որ վարչութիւնը գնահատելի գործունէութիւն մը ունեցած է, աւելցած է անդամուհիներուն թիւը (300): Ունեցած է բացառիկ նուիրատուութիւններ, կազմակերպած է օգտակար դասախօսութիւններ. ըրած է նուիրատուութիւններ չքաւոր աղքատներու` որդեգրած է սաներ զանազան դպրոցներէ, ունեցած է օգտակար ձեռնարկներ զանազան առիթներով:

Տեղեկագիրի եւ հաշուեկշիռի ընթերցումէն ետք խօսք առաւ սրբազան հայրը, որ գնահատեց վարչութեան գործունէութիւնը` ջերմ բառերով, խնդրեց վարչութենէն շարունակել իր օգտակար գործունէութիւնը տարի մը եւս` մնալով վարչութեան մէջ: Ներկաները իրենց խանդավառ ծափահարութիւններով ձայնակցեցան սրբազան հօր առաջարկին եւ միաձայնութեամբ վերընտրեցին նախկին վարչութիւնը լման կազմով:

Ժամը 6:00-ին վերջ գտաւ ժողովը սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով: Ներկաները յոտընկայս երգեցին «Հայր մերը» եւ մեկնեցան շնորհաւորելով վարչութիւնը:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

27 յունիս 1961 Պէյրութ

ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ

«Հայրենիք»էն կը տեղեկանանք, թէ 25 յունիսին` կիրակի երեկոյեան ժամը 11:00-ին օդային ճամբով Պոսթըն հասած է Կարօ Սասունի եւ դիմաւորուած բազմաթիւ ընկերներու կողմէ: Երկուշաբթի առտու ընկերը այցելած է «Հայրենիք»ի խմբագրատունը:

Կ. Սասունին Պէյրութէն մեկնած էր նոյն օրը առաւօտեան ժամը 9:00-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES