ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ԿԱԶՄԱԽՕՍԱԿԱՆ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄՆԵՐ. ԱԶԱՏ ԿԱՄՔԸ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻ՞ՒՆ Է, ԹԷ՞ ԽԱԲԿԱՆՔ

Մեր ուղեղը մտիկ կ՛ընէ, եւ յայտնապէս կը պատասխանէ: Պէտք է նկատի ունենալ այս մէկը:

ԿԸ ՀԱՒԱՏԱ՞Ք ԱԶԱՏ ԿԱՄՔԻ. ԵԹԷ ՆՈՅՆԻՍԿ ՉԷՔ ՀԱՒԱՏԱՐ, ՊԷՏՔ Է ՀԱՒԱՏԱՔ, ԿԸ ԳՐԷ ՄԱՐԻԱ ՔՈՆԻՔՈՎԱ «ՊԻԿ ԹԻՆՔ» ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՄԷՋ: ԵՒ ԱՍԻԿԱ ՄՏԱԾԵԼ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ԱՐԴԵՕՔ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԳՐԱԳԷՏ ԸՌՆԸՍԹ ՀԵՄԻՆԿՈՒԷՅԻ ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Ի՞ՆՉ ԴԵՐ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԱՆԻԿԱ (ՏԵՍՆԵԼ ՎԱՐԻ ՍԻՒՆԱԿՆԵՐԸ):

Յայտնապէս վերոյիշեալ հարցումներուն մեր պատասխանը այնքան ալ կարեւոր չէ, որքան մեր հաւատքը` մեր պատասխանին: Վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ երբ ազատ կամքի նկատմամբ մարդոց հաւատքը խախտած է փորձարկութիւններու միջոցով, գիտակցական որեւէ արարքի կամ որոշումի նախապատրաստական հանգրուանը կամ որեւէ արարքէ առաջ ուղեղին մէջ ինքնաբերաբար կատարուած գործողութիւնը կ՛ուշանայ աւելի քան մէկ երկվայրկեան, բաղդատած անոնց, որոնք կը հաւատան ազատ կամքի: Իսկ այս ուշացումին տեւողութիւնը համազօր է յաւիտենութեան` ուղեղային ժամանակի չափանիշներով:

ԱԶԱՏ ԿԱՄՔ` ՈՒՂԵՂԻՆ ՄԷՋ

Շուրջ 5 տարի, եւ մինչեւ իր մահը` 2007-ին, Պենճըմին Լիպեթ ուսումնասիրած է գիտակցութեան ջղաբանական կապակցութիւնները: Թէեւ անոր ուսումնասիրութեան փիլիսոփայական եզրակացութիւնները կը մնան վիճելի եւ ոմանց համաձայն` մեծապէս խնդրայարոյց, սակայն պէտք է ընդունիլ, թէ ան կատարած է հոյակապ յայտնաբերումներ` մարդկային ուղեղին վերաբերեալ, ինչ որ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ զգօն գիտակցութեան ուսումնասիրութեան մէջ:

Նախ` ան ուղեղին մէջ նկատած է գոյութիւնը «պատրաստ ըլլալու կարողութիւն» կոչուած բանի մը` որեւէ արարքի դիմելէ 550 միլիերկվայրկեան առաջ: Այլ խօսքով` մեր ուղեղը պատրաստ է գործելու որեւէ արարքի դիմելէ աւելի քան կէս երկվայրկեան առաջ: Ասիկա այնքան ալ զարմանալի չէ, այնքան ատեն, որ կը գիտակցինք, թէ կը ծրագրենք գործել արարք մը: Անշո՛ւշտ մեր ուղեղը կարիքը ունի պատրաստութեան: Ասիկա շատ հասկնալի է:

Այսուհանդերձ, շատ աւելի ուշագրաւ է այն յայտնաբերումը, թէ «պատրաստ ըլլալու կարողութիւնը» կը կանխէ որեւէ արարք գործելու գիտակից միտումը: Լիպեթի ուսումնասիրութեան ենթարկուած անձերը այս կարողութեան ի գործ դրուելէն 350-400 միլիերկվայրկեան ետք միայն գիտակցած են արարք մը գործելու իրենց մտադրութեան: Այլ խօսքով` կը թուի, թէ մեր ուղեղը կը նախաձեռնէ արարքի մը, երբ նոյնիսկ չենք գիտեր, թէ կ՛ուզե՞նք գործել զայն:

Սակայն այստեղ կ՛արժէ ուշադրութիւն դարձնել ժամանակի գործօնին. ճիշդ է, որ միտումնաւոր արարքը ծնունդ կ՛առնէ նախագիտակցական մակարդակի մը վրայ, սակայն մենք ունինք 150-200 միլիերկվայրեկանի առիթ մը, երբ արդէն կը գիտակցինք, թէ արարք մը պիտի գործենք, սակայն տակաւին չենք սկսած: Այսինքն, եթէ կը փափաքինք շրջել, կասեցնել կամ այլ ուղղութեամբ առաջնորդել մեր արարքը, ժամանակ ունինք: Հետեւաբար, անոնք, որոնք պիտի ուզէին փիլիսոփայական ձեւով վերլուծել կազմախօսական այս երեւոյթը, պիտի ըսէին, թէ կարելի է սանձել ազատ կամքը, թէեւ անիկա անփոփոխ կը մնայ 150-200 միլիերկվայրկեան:

Լիպեթի այս մտածողութիւնը մեծապէս օգտագործուած է ազատ կամքի, գիտակցութեան եւ դրդապատճառի ուսումնասիրութեան մէջ: Անիկա նաեւ հրահրած է բազմաթիւ վէճեր (ներառեալ` գոյութենական տարակարծութիւններ), որոնք կը միտին պատասխան մը գտնել այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ունենալ ազատ կամք, թէ` իրականութեան մէջ որքա՞ն ազատ ենք, եւ ի՞նչ կը նշանակէ այս բոլորը:

ՈՒՂԵՂԸ ՊԻՏԻ ՈՒԶԷՐ, ՈՐ ՀԱՒԱՏԱՆՔ ԱԶԱՏ ԿԱՄՔԻ

Այժմ նոր ուսումնասիրութիւն մը մէկ կողմ կը դնէ ազատ կամքի ամբողջ փիլիսոփայութիւնը եւ փոխարէնը հարց կու տայ, թէ որքանո՞վ կը հաւատանք ազատ կամքի: Արդեօք մեր հաւատացած բանը որեւէ ազդեցութիւն ունի՞ արարքի մը նախապատրաստական ջղաբանական դերակատարութեան վրայ: Կամ` արդեօք ազատ կամքի հաւատք չընծայելը կ՛ուշացնէ՞ Լիպեթի յայտնաբերած «պատրաստ ըլլալու կարողութիւնը»:

Կը թուի, թէ այդպէս է. այո՛, կրնայ ուշացնել: Ուսումնասիրութեան ենթարկուած անձերը նախ կատարած են Լիպեթի տուած սովորական պարտականութիւնը. անոնք կատարած են կամաւոր շարժումներ, ապա արձանագրած են այն ժամը, երբ առաջին անգամ մտածած են շարժումը կատարելու միտումին մասին: Լիպեթի փորձարկութիւնը ենթարկուած է միայն մէկ փոփոխութեան. ուսումնասիրութեան մասնակցողներու խումբ մը նախ կարդացած է պարբերութիւն մը, որ կ՛ըսէր, թէ գիտնականներ ազատ կամքը կը նկատեն խաբկանք մը, իսկ այլ խումբ մը կարդացած է գիտակցութեան վերաբերող պարբերութիւն մը, ուր ոչ մէկ ձեւով կը նշուի ազատ կամքը: Ի դէպ, երկու պարբերութիւնները առնուած են «Տի ասթոնիշինկ հայփոթըսիս» գիրքէն:

Այնուհետեւ գիտնականները ի յայտ բերած են, թէ «պատրաստ ըլլալու կարողութիւնը» պակսած է այն մասնակցողներուն քով, որոնք ազատ կամքը խաբկանք նկատող պարբերութիւնը կարդալէ ետք կորսնցուցած են անոր նկատմամբ իրենց հաւատքը. կը թուէր, թէ ո՛չ միայն անոնց միտքը, այլ նաեւ ուղեղը ընկալած էր այն ինչ որ կարդացած էին: Անոնք շարժում մը կատարելու իրենց միտումը արձանագրած էին նոյն պահուն, ինչպէս` միւս խումբը, որ կարդացած էր գիտակցութեան վերաբերող պարբերութիւն մը, սակայն հաւատք չընծայելու պատճառով անոնց ուղեղը նոյնքան չէր պատրաստուած, կամ գէթ` նոյն խանդավառութեամբ չէր պատրաստուած շարժում մը ընելու:

Յայտնապէս ինչ բանի, որ կը հաւատանք, շատ աւելի արմատական ներգործութիւն ունի մեր վրայ, քան ինչ որ կը կարծուէր նախապէս: Գէթ, երբ հարցը կը վերաբերի ազատ կամքի, թերահաւատութիւնը կրնայ իր ներգործութիւնը ունենալ ջղաբանական գործընթացներու վրայ, այնպիսի հանգրուանի մը, երբ նոյնիսկ չենք գիտակցիր, թէ նման գործընթացներ տեղի կ՛ունենան:

ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌԻ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ինչո՞ւ ասիկա կարեւոր է որոշումներ կայացնելու դիտանկիւնէն: Բաւական ուսումնասիրուած է դրդապատճառի կեդրոնական դերը` յաջողելու մեր զգացումին եւ իրական յաջողութեան մէջ: Այլ խօսքով, երբ կը զգանք, թէ մեր հակակշիռին տակ են կեանքի եղելութիւնները (ամէնէն փոքր եղելութենէն ամէնէն մեծը), իբրեւ աշխուժ գործակատարներ` հակամէտ կը դառնանք աւելի լաւ իրագործելու եւ աւելի ուրախ զգալու: Իսկ ազատ կամքի հաւատալը կարեւոր գործօն մըն է` մեր կեանքին վրայ հակակշիռ ունենալու զգացողութիւնը ապրելու համար, զգալու, թէ ինչ որ կ՛ընենք` նշանակութիւն մը ունի:

Սակայն այժմ դրդապատճառի գործօնը թերեւս շատ աւելի կարեւոր է, քան ինչ որ կը կարծէինք, որովհետեւ այժմ գիտենք, թէ ազատ կամքը կրնայ շատ աւելի խոր մակարդակի վրայ ներգործութիւն մը ունենալ մեր ուղեղին վրայ: Պահ մը նկատի ունենանք միւս երեսը. այնպէս ինչպէս դրդումը կրնայ մեզի պարգեւել լաւ զգալու հաճոյքը, եւ մղել, որ աւելի արդիւնաւէտ ձեւով աշխատինք, անդին` ճակատագրապաշտութիւնը կրնայ դառնալ ինքզինք սնուցող անվերջ ոլորապտոյտ մը` կազմախօսական ամէնէն հիմնական մակարդակի մը վրայ: Եթէ չենք հաւատար ազատ կամքի, ապա ձեւով մը շատ աւելի նուազ կ՛ունենանք զայն: Եւ ով գիտէ, թէ ասիկա ի՛նչ անդրադարձներ կրնայ ունենալ մեր արդիւնաւէտութեան եւ ուրախութեան զգացումներուն վրայ:

 

ՀԵՄԻՆԿՈՒԷՅԻ
ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ

ԱՆՈՐ ՎԷՊԵՐԸ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ ԵՆ ԺԱՊԱՒԷՆԻ, ԱՆՈՐ ԿԵԱՆՔԸ ԻՆՔՆԻՆ Կ՛ԱՐՏԱՑՈԼԷՐ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՄԸ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐԸ, ԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ ԷՐ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԵՒ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐՈՒ, ԱՊՐԱԾ ԷՐ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԵՒ ՎՏԱՆԳՆԵՐՈՎ ՎԽՏԱՑՈՂ ԱՌՕՐԵԱՅ ՄԸ, ՍԱԿԱՅՆ Ի ՎԵՐՋՈՅ ԶԷՆՔԸ ԴՐԱԾ ԷՐ ԻՐ ԳԼԽՈՒՆ ԵՒ ԻՆՔԶԻՆՔ ՍՊԱՆՆԱԾ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ԳՐԷ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԱՍԻՆ, ՈՐ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԳՐԱԳԷՏԻՆ ԿԵԱՆՔԻ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐԸ ՎԵՐԼՈՒԾԵԼՈՎ` Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ ԱՆՈՐ ԷՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱՐԻՆԵՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ԿՐԾՈՏԱԾ ԹԱՔՈՒՆ ՏԱԳՆԱՊԸ: ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ԲԱԺԻՆԸ ԿԸ ԿԵԴՐՈՆԱՆԱՐ ՀԵՄԻՆԿՈՒԷՅԻ ԱՅՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ, ՈՐՈՆՑ ԿՈՒՏԱԿՈՒՄԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԾ ԷՐ ԱՆՈՐ ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ (ԱՅՍ ՄԱՍԸ ՏՈՒԱԾ ԷԻՆՔ ՅՈՒԼԻՍ 1-Ի ԹԻՒՈՎ): ՍՏՈՐԵՒ ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՒ ՎԵՐՋԻՆ ՄԱՍԸ, ՈՐ ԿԸ ՊԵՂԷ ԳՐԱԳԷՏԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ՁՏՈՒՄԻՆ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ, ԱՆՈՆՑ ԽՈՐ ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ ԳՏՆԵԼՈՎ ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԱՊՐՈՒԱԾ ՇՓՈԹԻ ԵՒ ՅԱՆՑԱՆՔԻ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԷՋ:

ՄԱՀՈՒԱՆ ՁԳՏՈՒՄ

Ի՞նչ էր Հեմինկուէյի տագնապը: Ինչո՞ւ ան կը խմէր այդքան, ի՞նչ էր մղումը զեղուն առնականութեան, յոխոռտանքի ցաւագար ցուցադրութեան: Ինչո՞ւ այսքա՛ն ներգրաւուած էր պատերազմներու մէջ, որսորդութեան, կռփամարտի եւ կռիւի: Ինչո՞ւ կ՛ուզէր սպաննել մեծ թիւով արարածներ: Արդեօք կը ձգտէր բա՞ն մը փաստել կամ բա՞ն մը քողարկել իր կեանքին մէջ:

Կարգ մը պատասխաններ տրուած են 2006-ին, «Ամերիքըն Սայքայաթրի» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ, որուն վերնագիրը կ՛ըսէր. «Ըռնըսթ Հեմինկուէյ. է սայքոլոճիքըլ օթոփսի աֆ է սուիսայտ»: Հեղինակը` Քրիսթաֆըր Տ. Մարթին, մաս կը կազմէր Թեքսասի բժշկագիտական Պէյլըր քոլեճին հոգեբանութեան եւ վարուելակերպի գիտութիւններու բաժանմունքին: Ան մանրամասնօրէն կարդացած էր Հեմինկուէյի 15 կենսագիրներուն գործերը, ինչպէս նաեւ` անոր յուշագրութիւնները եւ կատարած էր մասնագէտի իր վերլուծումը: Մարթինի համար դժուար չէր  ախտաճանաչել, թէ Հեմինկուէյ կը տառապէր տրամադրութեան հիւանդագին եւ ծայրայեղ վերիվայրումներէ, ոգելից ըմպելիներու ապաւինումէ, ուղեղային վնասուածքէ, հաւանաբար նաեւ նարսիսական  եւ անկայուն հակումներէ: Ան կը նշէ, թէ Հեմինկուէյի ընտանիքին մէջ շատեր, ինչպէս` հայրը, մայրը, եղբայրները, զաւակն ու թոռը` Մարկոն հակամէտ եղած են ցաւագար ընկճուածութեան (Մարկոյի անձնասպանութիւնը հաւանաբար 6-րդն էր 4 սերունդներու մէջ):  Ան նաեւ մտածել կու տայ, թէ Հեմինկուէյի ցաւագար վիճակներն են, որոնք զինք առաջնորդած են ստեղծագործական զարմանահրաշ իրագործումներու: Սակայն գրագէտին հոգեկան խոցը կը տեղադրէ մանկութեան երկու փորձառութիւններու մէջ:

Կը թուի, թէ Հեմինկուէյի մայրը` Կրէյս,  սովորութիւն ունէր երկար ճերմակ շրջազգեստներ հագցնելու իր զաւկին եւ անոր մազերը սանտրելու փոքրիկ աղջնակի մը պէս: 19-րդ դարու սովորութիւն մըն էր նորածինները նոյն ձեւով հագցնելը: Սակայն Կրէյսի քով ասիկա դարձած էր ծայրայեղութիւն: Ան ասեղնագործուած սիրուն հագուստով Հեմինկուէյը կը կոչէր «հոլանտական պուպրիկ» եւ «քաղցրս» («Սուիթի», զոր Հեմիկուէյ կը հնչէր  «ֆուիթի»): Օր մը, երբ իր մայրը շատ յաճախ զինք կոչած էր «Տաչ տոլի», Հեմինկուէյ հակազդած էր ըսելով` «Ես հոլանտական պուպրիկ չեմ… պում… կը սպաննեմ ֆուիթին»: Սակայն մայրը նաեւ կը գովէր մանչերու հանդերձանքով իր զաւկին որսորդական կարողութիւնները անտառին մէջ եւ ձկնորսութիւնը` գետին: Այս բոլորը շատ մեծ շփոթ կը ստեղծէին զգայուն մանուկի մը հոգիին եւ մտքին մէջ: Հեմինկուէյ միշտ ատած էր իր մայրը եւ հակակշիռ բանեցնելու անոր մղումը: Այնուհետեւ իր մանկութենէն ետք ան իր կեանքը պիտի անցընէր առնականութեան բացայայտ ցուցադրութեամբ: Իրօք, հոլանտական պուպրիկի մը պէս: Ան պիտի ձգտէր փաստել, որ շփոթ չկար իր ուղեղին մէջ:

«Կը սպաննեմ Ֆուիթին»: Հարցը այն է, թէ ան նաեւ կ՛ուզէր սպաննել իր հայրը: Քլարընս Հեմինկուէյ տակառի նման կուրծքով հսկայ մըն էր, խիստ կարգ ու կանոն պարտադրող հայր մը, որ իր զաւակը կը ծեծէր ածելիի շեղբ սրցնող կաշիով: Ըռնըսթ ուղղակի չէր հակադարձեր: Պոռթկումը կը կուտակէր իր մէջ եւ զայն կը վերածէր ծիսակատարութեան, կը թաքնուէր տնամերձ ծառերուն մէջ, փամփուշտով լեցուն իրական զէնք մը ձեռքին, եւ նշան կ՛առնէր իր հօր գլխուն: Մարթին կը մտածէ, թէ երբ Քլարընս անձնասպան եղած է` կրակելով իր գլխուն, 29 տարեկան Հեմինկուէյ ապրած է յանցանքի սարսափելի զգացում մը, որովհետեւ երազած էր սպաննել իր հայրը: Այս զգացումը դիմակալելու անկարող` ան մեղադրած է իր մայրը` հօրը անձնասպանութեան մղելուն համար:

Իր հօր մահէն ետք Հեմինկուէյ բարեկամի մը ըսած է. «Կեանքս մթագնեցաւ, սկսայ չափազանց ծանր խմել, եւ ամբողջութեամբ իմս է յանցանքը»: Ինքնութեան մնայուն տագնապ մը սկսած է հալածել զինք: Այնուհետեւ մերթ ջերմ էր ան եւ թոյլատու, մերթ` անխնայ եւ ինքզինք պարտադրող: Անոր բարեկամութիւնները յաճախ անկայուն էին (թունոտ կամ դաժան կրնար վարուիլ նոյնիսկ ենթադրաբար սերտ բարեկամներու հետ): Իսկ կիներու հետ անոր յարաբերութիւնները յաճախ լեցուն էին բախումներով: Մանուկի մը պէս քիթը կախած էր, երբ Ափրիկէի մէջ իր առաջին որսորդութեան ժամանակ, կինը` Փոլին իրմէ առաջ որսացած էր առիւծ մը: Այնուհետեւ, հօրը մահէն ետք, իր կեանքին ամբողջ տեւողութեան Հեմինկուէյ համակուած էր մեռնելու հզօր ցանկութեամբ մը, միանալու համար իր մեռած հօրը, կամ քաւելու համար մեղքը իր հօր մահուան` դառնալով անոր հայելին:

Մահը սկսաւ ապրիլ Հեմինկուէյի կեանքին մէջ, դարձաւ անոր ստեղագործ երեւակայութեան մղիչ ուժը, անոր տեւական ընկերակիցը, մութ, խորհրդաւոր սիրահարը: Բրտութեան եւ անձնասպանութեան բնաբաններով կը յատկանշուէին անոր պատմութիւնները սկիզբէն: Հեմինկուէյի նամակները լեցուն են ապագայի իր անձնասպանութեան ակնարկութիւններով: Եւ երբ ան չէր խորհրդածեր իր սեփական մահուան մասին, ինքզինք կը դնէր վտանգի եւ կռիւի մէջ, կարծէք արագացնելու համար իր մահը: Պատերազմներ, ապստամբութիւններ, Փամփլոնայի մէջ ցլամարտեր, Ափրիկէի մէջ մեծ անասուններու որսորդութիւններ, ձկնորսութիւն` Հաւանայի մէջ, այս բոլորը միջոցներ էին` ինքզինք նետելու մահուան ճիրաններուն մէջ: «Ահաւոր ժամանակ կը յատկացնեմ սպաննելով անասուններ եւ ձուկեր, որպէսզի ինքզինքս չսպաննեմ», ըսած է ան Աւա Կարտնըրի:

Եւ անշուշտ գրելը Հեմինկուէյի սեփական միջոցն էր խուսափելու մահուան կարիքէն: Ան կրնար Իտալիոյ եւ Սպանիոյ մէջ իրական կեանքի իր փորձառութիւնները յղկել եւ իր սեփական կեանքը փայլեցնել անոնց ետին: 1954-ին Նոպելեան գրականութեան մրցանակին արժանանալով` Հեմինկուէյ ստացած էր իր հանճարին յաղթական հաստատումը, սակայն համակուած էր այն մտավախութեամբ, թէ այս մրցանակը ստանալէ ետք բազմաթիւ դափնեկիրներ այնուհետեւ արժանաւոր ոչինչ գրած էին: Բարեբախտաբար, 1920-ական տարիներուն Փարիզի մէկ պանդոկին մէջ ապրած իր տարիներէն երկու սնտուկ լեցուն նօթեր յայտնաբերելէ ետք, ան յաջողած էր գրել գիրք մը եւս` «Է մուվըպըլ ֆիսթ». սրտառուչ յուշագրութիւնը իր երիտասարդ, աղքատ եւ ուրախ տարիներուն` Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ, իր առաջին կնոջ եւ նորածին զաւկին հետ, նախքան դժոխային կեանքի մը թաւալումը:

«ԲԱՌԵՐ ՉԵՆ ԳԱՐ»

Այսուհանդերձ, 1960-էն ետք Հեմինկուէյ զգացած էր, թէ այլեւս չէր կրնար գրել: Բառեր չէր գտներ: Փոխարէնը ընկճուածութիւնը եւ հալածախտով լեցուն խաբկանքը կը յաճախէին իրեն: Կը կարծէր, թէ դրամատան մը մէջ ուշ ատեն աշխատող պաշտօնեաները կը քննէին իր հաշիւները` սխալներ փնտռելով: Կը կարծէր, թէ իր բարեկամները կը փորձէին սպաննել զինք: Երբ իր ինքնաշարժը թեթեւօրէն բախած էր այլ ինքնաշարժի մը, զայրոյթով սկսած էր պատմել, թէ բանտ նետուած էր: Ցաւալի էր տեսնել «Ճնշումի տակ շնորհի» մը մարմնացումը, որ անձնատուր կը դառնար մտային խանգարումի:

Կը դարմանուէր դեղերով եւ ամէնէն սարսափելին` ելեկտրական ցնցումներով: 1961-ի գարնան իրմէ խնդրուած էր նախադասութիւն մը գրել Ճոն Քենետիի նախագահ ընտրութեան առիթով: Հեմինկուէյ չէր յաջողած ընդառաջել: «Այլեւս բառերը չեն գար», ըսած էր ան Հոխթնըրի եւ արտասուած: Ապրիլին կինը` Մերի զայն տեսած էր նստած զէնքով եւ երկու ռումբերով: Այնուհետեւ ուղարկուած էր Այտահոյի  մէջ իր ծննդավայր Քեչամի հիւանդանոցը, սակայն երկու անգամ եւս փորձած էր վերջ դնել իր կեանքին. առաջինը` քալելով դէպի էջուղիին վրայ յառաջացող օդանաւ մը: Երկու ամիս հիւանդանոց մնալէ ետք Հեմինկուէյ համեմատաբար խաղաղած էր եւ հանդարտած. զգաստ կը թուէր իր բժիշկին, սակայն խելագար` իր կնոջ: Կը թուէր, թէ դերասանութիւն կ՛ընէր մինչեւ վերջ: Անգամ մը եւս ուղարկուած էր տուն, դաշտերուն մէջ ճաշելու գացած էր եւ գինի խմած, տեսած էր զինուորներ եւ մտածած էր, թէ վստահաբար պիտի ձերբակալէին զինք` ոգելից ըմպելի կրելուն համար, եւ յաջորդ առաւօտ անձնասպան եղած:

«Կեանքի վերջաւորութեան անոր հիւանդութեան պատճառներուն կուտակումը ցնցիչ է», կը գրէ Մարթին` թուելով Հեմինկուէյի տրամադրութեան բուռն վերիվայրումները, ընկճուածութիւնը, տեւական ալքոլամոլութիւնը, ուղեղի կրկնուող վնասուածքները, հոգեբանական խանգարումի մը սկիզբը: Սակայն յայտնաբար յստակ է, թէ անոր կեանքին վճռորոշ հարցը մանկութեան ապրած փորձառութիւնն էր: Սեռային պատկանելիութեան շփոթը, ինչպէս նաեւ զինք ծեծած ըլլալուն պատճառով հայրը սպաննելու ցանկութիւնը միասնաբար զայն առաջնորդած են «քաշուելու գեր-առնականութեան եւ ինքնաբաւութեան պաշտպանական ճակատի մը ետին», ինչպէս կը նկարագրէ Մարթին:

Հեմինկուէյի միթը կառուցելն ու պահպանելը կ՛ենթադրէր քաջութիւն եւ կամք: Սակայն ան կարիքը կը զգար ընելու այս: Եւ երբ սկսած էր տատանիլ եւ կորսցնել ամէնէն կարեւորը` գրելու կարողութիւնը, այլ ընտրանք չունէր, բացի` հետեւիլ իր հօր ուղիին: Իր հօր պատկերը` մռայլ, բիրտ, ընկճուած, այնուամենայնիւ` օրինակ մը, համակած էր իր կեանքը: Հեմինկուէյ կը ցանկար նոր կեանք տալ իր հօր` ինքզինք ազատելու համար անոր մահուան պատասխանատուութենէն: Կը ցանկար դառնալ մեծ, ուժեղ, հերոսական այն մարդը, որուն աշխարհը պիտի կարենար կոչել «Փափա»:

(Շար. 2 եւ վերջ)

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES