Ալիեւ Պիտի Մասնակցի Արեւելեան Գործընկերութեան Վեհաժողովին
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտնած է, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պիտի մասնակցի Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Փրակայի մէջ:
Վեհաժողովը նուիրուած է Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի հնգամեակին եւ ընթացք պիտի առնէ այսօր` 24 ապրիլին եւ աւարտի 25 ապրիլին:
Նոյն խորհրդաժողովին պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
CATEGORIES Միջազգային

