ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛արձագանգէ Էրտողանի Ուղերձին
ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան արձագանգեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ուղերձին` 24 ապրիլին ընդառաջ, որուն մէջ Էրտողան կը ցաւակցի հայերուն:
«Անգարան աւելի յաճախ` միջազգային մեկուսացման պայմաններուն մէջ, տարբեր ձեւակերպումներով կը հերքէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իր այսօրուան խօսքին մէջ վարչապետ Էրտողան զուր փորձեր կը կատարէ` խուսափելու Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուութենէն` տակաւին անպատիժ մնացած միջազգային լայնածաւալ ոճիրը հաւասարեցնելով սովորական երկկողմանի վէճի: Փաստը կը մնայ փաստ, որ Թուրքիոյ այս անսիրտ եւ շնական դիրքորոշումը կը նպաստէ ճշմարտութեան հերքումին եւ կը խոչընդոտէ ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին», նշեց Արամ Համբարեան:

