Էրտողան Ապրիլ 24-ի Առիթով «Հասարակաց Ցաւը» Շեշտող Յայտարարութիւն Մը Հրապարակեց

turkey-tayyip-erdoganԹուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով Թուրքիոյ պետութեան անունով ցաւակցութիւն յայտնեց «20-րդ դարու սկզբնաւորութեան» սպաննուած հայ զոհերուն թոռներուն:

Վարչապետութեան գրասենեակին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ Էրտողան նշեց, որ Ապրիլ 24-ը «յատուկ նշանակութիւն ունի մեր հայ քաղաքացիներուն եւ աշխարհի տարածքին բոլոր հայերուն համար»:

Պնդելով, որ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն բոլոր ժողովուրդները ցաւով լեցուն դժուար ժամանակներ ապրեցան` Էրտողան կոչ ուղղեց այդ ժամանակաշրջանին ապրուած ցաւերու նշման համար արդար, մարդկայնական եւ խղճամիտ կեցուածք որդեգրելու:

«Համաշխարհային Ա. պատերազմի դէպքերը մեր հասարակաց ցաւն են: Պատմութեան ցաւալի այս հանգրուանը արդար յիշողութեան տեսանկիւնէն գնահատելը մարդկայնական եւ մասնագիտական պատասխանատուութիւն մըն է», ըսաւ ան:

Էրտողան իր յայտարարութեան մէջ նաեւ պատմութեան հարցով խօսքի ազատութիւնը ու բազմակարծութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը շեշտեց:

«Թուրքիոյ մէջ 1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ տարբեր կարծիքներ ու գաղափարներ արտայայտելը բազմակարծական տեսադաշտի մը, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան մշակոյթի եւ արդիականութեան համար կենսական է», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

«Այս յոյսով եւ հաւատքով է, որ քսաներորդ դարու սկիզբը իրենց կեանքերը կորսնցուցած հայերուն հոգիներուն խաղաղութիւն կը մաղթենք, եւ մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անոնց թոռներուն», ըսաւ Էրտողան:

Յայտարարութիւնը հրապարակուած է ութ լեզուներով, ներառեալ` արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն:

Share this Article
CATEGORIES