Ջահերով Աւանդական Երթ. «Մենք Պահանջատէր Ենք Եւ Մինչեւ Վերջ Պիտի Պայքարինք Արդարութեան Համար»
Երէկ` չորեքշաբթի, 23 ապրիլին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն սկսաւ աւանդական դարձած ջահերով երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունք:
ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու, «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամները իրենց հետ բերած էին Հայաստանի մեծ դրօշը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ դրօշը, զոր աւանդութեան համաձայն, այրեցին:
Ազատութեան հրապարակ եկած էին նաեւ սկաուտական շարժման մասնակիցները, որոնք իրենց հետ բերած էին Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու դրօշները` իբրեւ երախտագիտութեան նշան:
Մինչեւ երթին սկիզբը երիտասարդները հրապարակին վրայ այրեցին Թուրքիոյ դրօշը եւ այդ կրակով վառեցին իրենց ջահերը:
«Մենք պահանջատէր ենք եւ մինչեւ վերջ պիտի պայքարինք արդարութեան համար: Մենք մեր հայրենիքի բռնագրաւուած հատուածը կը պահանջենք», Ազատութեան հրապարակին վրայ իր խօսքին մէջ յայտնեց ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
Ան նաեւ նշեց, որ Թուրքիոյ վարչապետը կատարած է յայտարարութիւն մը` ցաւակցելով հայ ժողովուրդին, բայց ոչ միայն հայ ժողովուրդին:
«Վախնալով ձեզմէ եւ այսօր այլ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցող այսպիսի երթերու մասնակից երիտասարդներէն, փորձ կատարուեցաւ խաբել մեզ եւ աշխարհը: Ոչ թէ ներողութիւն կը խնդրէ, ընդամէնը կը ցաւակցի, բայց ոչ թէ իր պետութեան կողմէ իրականացուած ոճիրին համար, այլ ինչ որ մահերու: Կարծես թէ` երկրաշարժ եղած է եւ մարդիկ մահացած են: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի շեմին կը նորոգենք մեր ուխտը, որ պիտի շարունակենք մեր պայքարը: Մենք «Ո՛չ» կ՛ըսենք ժխտողական քաղաքականութեան եւ պիտի շարունակենք պայքարը: Մեր պահանջն է` արդարութիւն, հատուցում, ճանաչում», յայտնեց Կիրօ Մանոյեան:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ երթի կազմակերպիչներէն մէկը` ՀՅԴ երիտասարդական կազմակերպութեան ներկայացուցիչը: Ան հրապարակեց բաց նամակ մը` ուղղուած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին: Անով երիտասարդները կը պահանջէին ետ կանչել Հայաստանի ստորագրութիւնը` Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններէն:
Երթի ընթացքին ՀՅԴ երիտասարդական միութեան անդամները Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մօտ բաց նամակ յանձնեցին նախագահի աշխատակազմի անդամին:
Ջահերով երթի մասնակիցները, հասնելով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, արտասանեցին Տէրունական աղօթքը: Երթին մասնակցող հոգեւորականները Մեծ եղեռնի 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակին հոգեհանգիստի արարողութիւն կատարեցին:
Երիտասարդները խոնարհեցին Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու պետական դրօշները եւ անմար կրակին շուրջ ծաղիկներ զետեղեցին:
Ստորեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ուղղուած «Բաց նամակ»-ը:
Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ
Պարոն Սերժ Սարգսեանին
Մեծարգո՛յ պարոն Նախագահ.
– Հաշուի առնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին թուրքական պետութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը շարունակւում է, իսկ հայ-թուրքական արձանագրութիւնների տակ դեռեւս առկայ է Հայաստանի Հանրապետութեան ստորագրութիւնը,
– Հաշուի առնելով նաեւ այն հանգամանքը, որ թուրքական կողմը հրաժարուել է առանց նախապայմանների խելամիտ ժամկէտներում արձանագրութիւնները վաւերացնելու պարտաւորութիւններից, հայ-թուրքական արձանագրութիւնների վաւերացումը Թուրքիան պայմանաւորում է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն – Ազրպէյճան հակամարտութեան կարգաւորմամբ,
– Նկատի ունենալով «Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին» եւ «Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ յարաբերութիւնների զարգացման մասին» արձանագրութիւնների վաւերացման ընթացակարգը կասեցնելու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի` 2010 թուականի ապրիլի 22-ին հրամանագիրը,
– Հաշուի առնելով 2013 թուականի յունուարի 21-ին Ձեր այն յայտարարութիւնը, համաձայն որի, եթէ Թուրքիան մօտ ժամանակներում չվաւերացնի փաստաթղթերը, Հայաստանը կարող է վերանայել որոշումը, հանել Ազգային ժողովի օրակարգից արձանագրութիւնները, յետ կանչել ստորագրութիւնը,
– Հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի` 2011 թուականի յունուարի 17-ին Կիպրոսի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչների պալատում արուած յայտարարութիւնը. այն է` «Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնները նոյնիսկ փոքր քայլերով հարթելու մեր անկեղծ առաջարկով սկսուած գործընթացն արագ խափանուեց: Իր հակասական կեցուածքով, իրարամերժ յայտարարութիւններով եւ գործընթացի անհիմն շահարկումներով Թուրքիան կործանեց այն: Թուրքիան յետ կանգնեց իր պարտաւորութիւններից եւ ոչ միայն չվաւերացրեց ստորագրուած արձանագրութիւնները, այլեւ վերադարձաւ գործընթացից առաջ որդեգրած իր հին դիրքերին»,
Պահանջում ենք` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին, համայն հայութեան պահանջատիրական պայքարի շարունակականութեան, արդարութեան վերականգնման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման եւ ամբողջական փոխհատուցման աննկուն պայքարի, յետ կանչել Հայաստանի Հանրապետութեան ստորագրութիւնը 2009 թուականի հայ-թուրքական արձանագրութիւններից:
ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

